Հերքում. Սուրիահայ սկաուտական թէ այլ միութիւններու գործունէութիւնը չէ արգիլուած Սուրիոյ տարածքին
11 Դեկտեմբեր 2024
Վերջերս, անպատասխանատու անհատներ անծանօթ ըլլալով լրագրական բարոյագիտութեան, սուրիահայութեան զգայուն վիճակը շահագործելով կեղծ լուրեր շրջանառութեան մէջ կը դնեն՝ յայտնելով թէ Սուրիոյ տարածքին արգիլուած է հայկական այլազան միութիւններու գործունէութիւնը։
Կը հաստատենք, որ Սուրիոյ տարածքին սուրիահայ միութիւններու գործունէութիւնը չէ արգիլուած։
Կը յորդորենք սուրիահայութեան առնչուող լուրերուն իրազեկ դառնալու համար հետեւիլ հիմնականօրէն «Գանձասար»-ին որպէս հաւաստի աղբիւր եւ անստոյգ լուրեր չտարածել։