ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Արդարատենչ (ջահ) երթը պիտի շարունակուի

26 Ապրիլ 2025

Սարգիս Մահսէրէճեան

«Չենք մոռնար, չենք ուրանար, պիտի մնանք պահանջատէր, եւ եթէ պէտք ըլլայ՝ պիտի զարնենք մեզ հալածողներուն, բոլո՛ր հալածողներուն», յայտարարեցին Ցեղասպանութեան զոհերու կտակին հաւատարիմ հայորդիները, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի չորս ծագերը:

Պահանջատիրութեան ամէնէն աղաղակող արտայայտութիւնները եղան հրապարակային ցոյցերը՝ ջահերթ ու քայլարշաւ: Երեւանի կողքի բարձունքին կանգնած Ծիծեռնակաբերդի կանչին արձագանգեցին սփիւռքեան օճախներու հայորդիները: 23 Ապրիլի գիշերը տեղի ունեցած ջահերթին միացան տասնեակ հազարաւոր հայեր, մեծ մասամբ երիտասարդներ: Հոն էին արցախցին ու սփիւռքահայը, որոնք նաեւ մասնակից եղած 24 Ապրիլին՝ ծաղիկներու խոնարհումի երթին:

Սփիւռքի տարածքին, հայութիւնը հեռակայ կարգով հաղորդակից եղաւ պահանջատիրական քայլերթներուն: Պատկերասփիւռի կայաններ ուղղակի սփռեցին երթերն ու թափօրները:

Ջահերթին սկզբնաւորութեան, Երեւանի հրապարակին վրայ թրքական եւ ազերիական դրօշակներու հրկիզման արարքները այլանդակութեան նոր դրսեւորում մը ունեցան իշխանականներու շրջանակին մէջ, ցոյց տալով, որ Ծիծեռնակաբերդ անոնց այցելութիւնը հազիւ թէ ձեւականութիւններ պահպանելու կը ծառայէր: Այլապէս, անոնք անգամ մը եւս գրեթէ բառացիօրէն յայտարարեցին, որ կը մտածեն թուրք-ազերիի պէս, կը պաշտպանեն թշնամիին տեսակէտները: Անոնք գրգռութիւն եւ խաղաղութեան դէմ խափանարար արարք նկատեցին հրկիզումը, քննադատական արտայայտութիւններով մրցումի ելան թշնամիին հետ, ո՛չ իսկ դատապարտանք կամ բողոքի բառ մը արձակելով նոյն այն ազերիին դէմ, որ Արցախի բռնագրաւումէն եւ ցեղասպանական նորագոյն արարքներէն ետք, աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր ամէն օր կրակի կը բռնէ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերը, իսկ նոյն ՔՊ-ականները կարծէք թէ լծուած են այդ արարքները չքմեղելու արշաւներու:

Թրքական ու ազերիական դրօշակներու հրկիզումը բողոքի արարք է, ունի իր երկար պատմութիւնը: Արդեօք ՔՊ-ապետն ու «թութակներ»ը վաղը պիտի ըսե՞ն, որ ազերիները կը կրակեն, որովհետեւ հայ երիտասարդներ աւելի քան 50 տարիէ ի վեր նոյն ձեւով բողոք կ’արտայայտեն աշխարհի չորս ծագերուն…

Չ’արժեր թրքական ուղեղներով պատուաստեալներուն մասին աւելին ըսել, որովհետեւ ՔՊ-ապետը բաց ճակատով շատո՜նց յայտարարած է, թէ չի նեղանար, եթէ զինք թուրք որակեն…

***
Երեւանի ջահերթն ու դէպի Ծիծեռնակաբերդ՝ ուխտի վերանորոգման թափօրները նորութիւն չեն մեր կեանքին մէջ: Ջահերթը, ինչպէս յիշեցուցին դաշնակցական գործիչներ, սկիզբ առած է աւելի քան 25 տարի առաջ, քանի մը հարիւր երիտասարդներով, ու տարուէ տարի ուռճացած է, ահաւասիկ հասնելով բազմատասնեակ հազարաւորներու: Այս տարուան քայլարշաւը հաւասարապէս բողոքի արտայայտութիւն էր թշնամիներուն եւ անոնց բանբերը դարձած, Ցեղասպանութիւնը առաջնահերթ օրակարգ չնկատող՝ Երեւանի իշխանաւորներուն դէմ:

Ճիշդ է, որ անիկա դաշնակցական երիտասարդներու նախաձեռնութիւնն է, սակայն երթն ու պահանջատիրութիւնը կը պատկանին բոլորին, ինչպէս որ մեր Դատը կը պատկանի բոլորին՝ ԱԶԳԱՅԻՆ կուսակցութիւններուն, Եկեղեցւոյ, քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութեանց, բանակին եւ ուժային բոլոր կառոյցներուն, գիտութեան մարդուն ու արուեստագէտին: Այդպէս է աւելի քան 100 տարիէ ի վեր: Այդպէս էր՝ երբ հայուն արդարատենչ բազուկները կը պատժէին ցեղասպանութեան հեղինակներն ու գործադրողները: Աւելորդ չէ կրկնելը, որ Թեհլիրեաններու փաղանգը թէեւ գործեց Դաշնակցութեան որոշումով ու կազմնակերպած գործողութիւններով, սակայն այդ բազուկները լոկ Դաշնակցութեան Դատը չէին հետապնդեր, այլև հարազատ արձագանգն էին ողջ հայութեան արդարատենչութեան, հայկական բոլոր կուսակցութեանց ու յարանուանութեանց «ձեռքերն» էին այդ ճամբուն մէջ: Ու համայն հայութիւնը, առանց խտրութեան, երկիւղածութեամբ ու յագանքով կը նայի Երեւանի մէջ կանգնած «Նեմեսիս»ի յուշակոթողին:

Այդ պահանջատիրութեան արձագանգները ալիք-ալիք կրկնուեցան անցեալ տասնամեակներուն, մերթ ոճրագործ Թուրքիոյ դրօշը ձեռքէ ձեռք փոխանցած ներկայացուցիչներու զգետնումով, ապա նաեւ Արցախեան Ազատամարտով, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ պանծալի էջեր արձանագրեց մինչեւ 2020, ցոյց տալով, որ Վանի, Ուրֆայի, Սասունի, Զէյթունի, Մուսա Լերան եւ այլ հերոսամարտերու սխրանքները միայն Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ դաշտին մէջ չեն, այլև այդ հերոսամարտե՛րն ալ մղուած են համայն հայութեան անունով, հայութեան դէմ պատմական ոճիրին ու անարդարութեան հատուցման պահանջով:

***
…Երբ կը դիտէինք ջահերթն ու ուխտաւորներու թափօրները, մեր յիշողութիւնը պտոյտի ելաւ դէպի մօտիկ անցեալ: Այդ պտոյտէն՝ արձանագրենք քանի մը յիշատակ:

24 Ապրիլ 1971: Հայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով դուրս եկաւ հրապարակ եւ հսկայածաւալ ցոյցով աշխարհին յիշեցուց, որ ԱԶԳՈՎԻՆ տէր կը կանգնի իր արդար ու մոռացութեան մատնուող իրաւունքներուն: Ճիշդ է, որ անկէ քանի մը տարի առաջ, 1965-ին, Ցեղասպանութեան 50-ամեակը պատմական առաջին անկիւնադարձը արձանագրած էր մեր Դատին՝ դէպի քաղաքական դաշտ անցումի պատմութեան մէջ, Պէյրութի մարզաւանին մէջ տեղի ունեցած ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ համախմբումով, սակայն 1971-ի քայլարշաւը՝ 1965-ի մեկնակէտով սկսած երթը նոր յառաջխաղացքի կը տանէր: Լիբանանի մայրաքաղաքին՝ Պէյրութի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Պիքֆայա աւանին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամարանոցին կողքին կանգնած՝ Նահատակաց յուշարձանը կանուխ առաւօտուն ժամադրավայրն էր բազմահազար հայորդիներու՝ բոլո՛ր տարիքի, բոլո՛ր յարանուանութեանց եւ քաղաքական բոլո՛ր հոսանքներու պատկանող հայորդիներու: Անկէ ճամբայ պիտի ելլէր պատմական առաջին քայլարշաւը՝ դէպի Անթիլիասի մայրավանք, Յուշարձանէ-Յուշարձան խորհրդանշական խորագիրով, առաջնորդութեամբ կրօնական, պետական եւ կուսակցական առաջնորդներու եւ ղեկավարներու:

Քայլարշաւին կազմակերպումը վստահուած էր Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, սակայն ո՛չ Դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ ուսանողական միութիւնը այդ քայլին չէին դիմած՝ «տեսէք թէ մենք ինչ կ’ընենք»ի տրամաբանութեամբ, այլ եղած էին շարժիչ ուժը, կամո՛ւրջը ողջ հայութեան, ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս որ դաշնակցական երիտասարդներ Հայաստանի մէջ եղած են ու կը մնան ջահերթին շարժիչ ուժը, կամուրջը՝ բոլոր հայորդիներուն միացման:

1971-ին, Դաշնակցութեան ղեկավար մարմինները այս գործը վստահած էին ուսանողական միութեան, որովհետեւ գիտէին, թէ երիտասարդները պիտի ըլլային մեր Դատին ջահակիրները: Անոնք նման առաքելութիւններ կը վստահէին ուսանողական միութեան, երբ պէտք ըլլար Ամերիկեան համալսարանին մէջ թուրքերու կողմէ կազմակերպուած «թրքական մշակոյթի շաբաթ» մը խափանել, ինչպէս նաեւ ուսանողներուն կողքին էին, երբ իրերայաջորդ Ապրիլ 24-երուն՝ քաղաքի պատերուն պիտի փակցուէին յուշարար պաստառներ, իսկ ոստիկանութիւնը հրահանգ ունէր արգելք ըլլալու բողոքի եւ արդարատենչութեան նման արտայայտութիւններու: Ամերիկեան համալսարանին մէջ թրքական քարոզչութեան խափանումը կը յաջողէր, կամ ապրիլեան ուսանողական միացեալ ձեռնարկներ կ’իրականանային համալսարաններու մէջ, որովհետեւ այլ կուսակցութեանց ուսանողական միութիւններ իրենց ձեռքերը կը միացնէին «Զաւարեանական»ներուն:

Պէտք է նշել, որ այդ փուլին էր որ կազմաւորուեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւնը՝ ԼԵՄ-ը, որ իր բաժինը վերցուց պահանջատիրական պայքարին մէջ, քիչ ետք, անոր ծոցէն ծնունդ առին Լիզպոնի սխրալի գործողութեամբ գագաթնակէտ մը նուաճած ուժական պայքարի կերտիչները…: Իսկ պէտք կա՞յ արձանագրելու, որ իւրաքանչիւր ուսանողական միութեան կողքին էին ազգային կուսակցութիւններու ղեկավար մարմինները, նաեւ պետական հայ ներկայացուցիչներ, մէկ խօսքով՝ օրուան հայ քաղաքական կարողականութիւնը: Եւ պէտք կա՞յ արձանագրելու, որ ուսանողները յաջողութեամբ կը պսակէին իրենց վստահուած առաքելութիւնը, որ ամէն բանէ աւելի՝ հայութեան միասնութեան, Դատին պահանջատիրութեա՛ն մէջ հայութեան միակամութեան գործնական արտայայտութիւնն էր: Թուրք հզօ՜ր պետութիւնը իրերայաջորդ նահանջներ կ’արձանագրէր «տկար» հայութեան առջեւ, շնորհիւ այդ միասնականութեան, մեր ձեռքին եղող շահող խաղաքարտերու իմաստուն օգտագործումով: Այսօր տարբեր չէ:

70-ականները այլապէս նոր դարաշրջան մը բացին մեր քաղաքական պայքարի պատմութեան մէջ, երբ Հայ Դատի գրասենեակներն ու գործիչները գտան մինչ այդ մեզմէ հեռու պահուած բանալիներ եւ մեր Դատին թղթածրարները հասցուցին ՄԱԿ ու անհատ պետութիւններու դուռները: Սա նոր հրաւէր էր հայութեան բազուկներու միաւորման…

Իսկ հիմա, երբ Երեւանի մէջ տարուէ տարի ջահերթներուն կազմակերպումը կը վստահուի դաշնակցական երիտասարդներու, բոլորս վկաներն ենք, որ 70-ականներուն հաստատուած քաղաքական աւանդութիւնը կը շարունակուի անշեղօրէն: Երէկի երիտասարդները հիմա կանգնած են ղեկավար դիրքերու վրայ, եւ ԳՈՐԾԻ առաքելութւինը կը վստահին դաշնակցական երիտասարդներուն, որպէսզի, կրկնենք, հայութեան համախմբման՝ անցեալէն եկող աւանդութիւնը, կամուրջի դերակատարութիւնը շարունակուի՝ «մենք մեզ ո՛չ մէկից չենք գերադասում» կամքով:
***
Ու երթը պիտի շարունակուի նոյն թափով ու կամքով, ի՛նչ որ ալ ըլլան թշնամիին, անոր հովանաւորներուն ու գործակալներուն ստեղծած արգելակումները: Պայքարը պիտի շարունակուի բոլոր ճակատներուն վրայ, նա՛եւ մեր ժողովուրդի անտարբերները ներգրաւելու յանձնառութեամբ:

Պահանջատէր հայերու, Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբազան կտակին իրականացման ի խնդիր ձեռքերը միացնողներուն պայքարին հորիզոնը այսօր ցանկալի պարզութիւնը չունի, սակայն ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ հետամուտ ուխտաւորներուն վճռակամութիւնը չի կրնար կորաքամակ մնալ ընդմիշտ:

Մեր սեփական պատմութիւնն իսկ կը վկայէ, որ իւրաքանչիւր մութ գիշերէ ետք, հպարտալի արեւածագ դիմաւորած ենք: Ամէնէն աղաղակող փաստը՝ Ցեղասպանութենէն յարութիւն առած ու վերականգնած մեր ազգն է, Թէքէեանի բառերով՝ ճղակոտոր ըլլալէ ետք, յարութեան շունչը համակած է մեզ: Արցախի ու հայկական միւս հողերու կորուտները չեն կրնար մեզ զրկել վերականգնումէ, Արդարութեան հասնելէ:

Երթը պիտի շարունակուի հայրենի հողերուն վրայ եւ Սփիւռքի տարածքին, ի հեճուկս բոլոր արգելակումներուն: Պիտի շարունակուի ո՛չ միայն Ապրիլ 24-է Ապրիլ 24, այլ տարուան բոլոր օրերուն, Հայ Դատի բոլոր զինուորագրեալներուն բազուկներով:

24 Ապրիլ 2025

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company