«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»
14 Մայիս 2025
Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդարանին մէջ, վարչապետը կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի նիստի ընթացքին իրեն տրուած հարցերէն վրդովուած` ջլախտաւորի մը նման բացագանչութիւններ կը կատարէ, ձեռքով մորթելու նշան կը կատարէ ու կը սպառնայ ազգային անվտանգութեան նկուղներուն մէջ արգելափակել հարցապնդող ընդդիմադիրները: Ազգային ժողովի նախագահը, որ ընդդիմադիր պատգամաւորի մը կողմէ արտասանուած իր կողմէ անպատշաճ համարուող որեւէ խօսքի պարագային կը միջամտէ ու խօսողը կարգի կը հրաւիրէ, այս պարագային ոչինչ կ՛ընէ, նոյնիսկ չի փորձեր հանդարտեցնել ջղագրգիռ ու անսանձ դարձած վարչապետը: Խօսքի ազատութեան օրրան նկատուող վարչաձեւի պետը, անհանդուրժող ու անհաւասարակշիռ ձեւակերպումներով կը վերադառնայ իր իշխանութեան սկզբնական օրերու «պատին ծեփելու» ու «մայթը համբուրել տալու» սպառնալից ոճին: Եօթը տարիներ ետք տխուր, շատ տխուր վերադարձ է:
Ինչի՞ պէտք է վերագրել այս վարքագիծը: Մէկ կողմ թողնելով ջիղերը հանդարտեցնող դեղերու գործածութեան մասին շրջանառուող վարկածը, աւելի հակամէտ ենք մտածելու, որ երբ տրուած հարցին բանական պատասխանը կը բացակայի, կը փոխարինէ հակայարձակումը, որ արդէն սովորական դարձած փաշինեանական ոճով` բուռն է, յախուռն ու անտրամաբանական: Յակոբ Պարոնեանի բնորոշումով` «հայհոյութիւնը փաստի սով է»:
Քաջալերուած Նիկոլ Փաշինեանի դրսեւորած վերաբերմունքէն, իշխանական պատգամաւորները մեծ ոգեւորութեամբ հանդէս կու գան ընդդիմադիրները փտածութեամբ ամբաստանող ելոյթներով: Քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային հարցերուն մասին լուսաբանութիւններ տալու փոխարէն, կը կրկնեն արդէն մաշած կարգախօսներ: Յատուկ վերաբերմունքի կ՛արժանանան դաշնակցական պատգամաւորները, որոնց ժամանակակից հարցերու մասին հարցապնդումներուն կը հակադրուին հարիւր տասը տարի առաջուան դիրքորոշումներ, այն ալ սխալ կամ միտումնաւոր յիշատակումով: Երբ հարցը Դաշնակցութեան կը վերաբերի, իշխանաւորներուն համար ժամանակը կանգ առած է նախորդ դարու սկզբնաւորութեան անորոշ ժամանակ մը: Նման վերաբերումը ներկայի զարգացումներուն արդարացիութեան մասին պատասխան տալէ խուսափում չ՛ենթադրե՞ր:
Երեւանի համայնքապետերէն մէկը զինք հարցապնդելու համար իր գրասենեակը եկած լրագրող մը դաժան ծեծի կ՛ենթարկէ: Համայնքապետին փոխարէն կը ձերբակալուի խոշտանգուած լրագրողը, որ ոստիկանութիւն տարուելէ ետք կը փոխադրուի… հիւանդանոց: Համայնքապետը ցարդ ազատ է ու կը շարունակէ անխռով պաշտօնավարել:
«Սրբազան շարժում»-ի երիտասարդները ձեռնարկած են իշխանութեան անվստահութիւն յայտնող շարժում մը. զանազան վայրերու մէջ սնտուկ մը կը դնեն ու կը հրաւիրեն անցորդները քուէարկելու «Չեմ վստահում» մակագրութեամբ թղթիկներով: Կը մօտենայ ականաւոր իշխանական պատգամաւորի մը մայրը, կ՛իրազեկուի ու կը հեռանայ: Ապա կը վերադառնայ գաւազանով մը զինուած ու կը յարձակի գործողութիւնը կատարող երիտասարդներուն վրայ: Եղելութիւնը կը թարգմանուի իբրեւ քուէարկելու ստիպում ու քաշքշուք. բարեբախտաբար կատարուած նկարահանումը կը մերկացնէ գրգռութիւնը…
Վերջապէս, անգամ մը եւս հրապարակի վրայ է վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գաղափարը: Հարցը Ազգային ժողովի օրակարգ բերելու համար անհրաժեշտ է 36 ձայն: Ընդդիմութիւնը ունի ընդամէնը 28 ձայն: Կը պակսի 8 ձայն: Նախաձեռնողները, որոնք պատգամաւոր չեն, խնդրագիր նամակով դիմած են բոլոր պատգամաւորներուն: Ընդդիմադիրները կ՛ըսեն, որ գտէք պակսող ութը, մենք կը միանանք: Ասիկա հրապարակով կը թարգմանուի իբրեւ մերժում եւ ներկայ իշխանութիւնը պահպանելու միջոց: Օրակարգի վրայ արձանագրուելէ ետք, պէտք է ներկայացնել նոր վարչապետի թեկնածու ու ապահովել Ազգային ժողովի մեծամասնութեան ձայները, այսինքն` 55 ձայն: Ինչպէ՞ս: Դիրքորոշում մը արտայայտելու համար իմաստ ունի՞ ի սկզբանէ տապալած գործընթաց մը սկսիլ: Առանց նման բեմադրութեան ալ, թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ՛ յայտնապէս հանրութիւնը կը ցանկան իշխանութեան փոփոխութիւնը: Օրէնքը եւ պայմանները չեն թոյլատրեր. անհրաժե՞շտ է թատերական բեմականացում կատարել եւ քննադատելու նիւթ ունենալ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ