Բագրատունի Այցելեց Արաբական Լիկայի Ներկայացուցիչ Ապտելռահման Սոլհի
18 Հունիս 2025
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Արաբական լիկայի ներկայացուցիչ Ապտելռահման Սոլհի հետ, վերջինիս բնակարանին մէջ:
Քննարկումի նիւթ դարձան արաբական աշխարհի ընդհանուր կացութիւնը, շրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ այս ուղղութեամբ Արաբական լիկայի դերակատարութիւնը:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ կատարուած յարձակումներուն եւ հաւանական զարգացումներուն:
Լիկայի ներկայացուցիչը անհրաժեշտ նկատեց այս ուղղութեամբ արաբական միացեալ կեցուածք մը ճշդելու հրամայականը:
Բագրատունի Սոլհին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը շրջանային անցուդարձերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին մէջ հայկական ներկայութեան իրավիճակն ու ակնկալութիւնները:
