ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հայ դատ
  • Լուրեր

Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 19-րդ հանդիսութիւնը Ուաշինկթընի մէջ

16 Հոկտեմբեր 2025

Շաբաթ, 11 Հոկտեմբերին, Ուաշինկթընի Ուաշինկթընի (Ronald Reagan Building & International Trade Center) մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 19-րդ հանդիսութիւնը:

Օրուան հանդիսավարն էր պետական պաշտօնեայ եւ արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս Եւրասիական հարցերու մէջ մասնագիտացած դոկտ․ Ռապըրթ Գրիգորեան, որ միշտ ալ գործակցած է Հայ Դատին հետ։ Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Էմմա Սողոմոնեանի հնչեցուցած Ա․Մ․Ն․-ի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով։ Ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախեան պատերազմին եւ արցախահայութեան բռնի տեղահանաման ընթացքին նահատակուած զինուորներու եւ Հայ Դատին համար զոհուած հայորդիներոու յիշատակին:

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի նախագահ տոքթ․ Արա Չալեան, իր խօսքին մէջ հաստատեց, թէ Հայ Դատը հայութեան բոլոր իրաւունքներու վերականգնումը կ՛առաջադրէ, եւ թէ այժմ հրատապ օրակարգը Արցախի ազատագրումն է, եւ արցախահայութեան վերադարձը։

«Արցախահայութեան դատը մեր աւանդական դատին կարեւորագոյն բաղադրիչներն է։ Արցախահայութեան դատը` ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրացման հիմք ունի իբրեւ իրաւաքաղաքական հրամայական: Այդ ինքնորոշման փաստը միջազգայնօրէն հանրայնացնելու, իրազեկելու, ճանաչելի դարձնելու տենդագին աշխատանքին լծուած ենք մենք՝ Հայ Դատի զինուորագրեալներս: Այսօր ոչ միայն հայրենի ժողովուրդը, այլեւ սփիւռքահայութիւնն ալ հիասթափութեան եւ ընկճուածութեան ենթարկուած է` ի տես Հ․Հ․ իշխանութիւններու անճարակ եւ կործանիչ քաղաքականութեան գոյացուցած ահաւոր վնասներուն: Այո՛, ոչ միայն Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի վարքն ու խոչընդոտները պէտք է յաղթահարենք, այլեւ` հայրենի պետութեան, իշխանութեան ապազգային քաղաքականութիւնը։ Մեզի համար, իբրեւ ազգ, խիստ կարեւոր է Ցեղասպանութեան հարցը, որովհետեւ մեր բոլոր խնդիրները այս պահուն անխուսափելիօրէն կը մեկնարկեն անկէ, զգացմունքային եւ պահանջատիրութեան դաշտէն տեղափոխուելով համակարգային բանականութեան դաշտ, տարածուելով մեր կեանքի բոլոր շերտերուն, ոլորտներուն մէջ` իբրեւ գաղափարաբանութիւն», ըսաւ ան, եզրակացնելով, թէ անընդունելի է որեւէ յուսահատութիւն եւ յանձնուողական տրամադրութիւն․ «․․․որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը` պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու»:

Ապա, Ռիչմընտի եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Սօսի Պուրուճեան ներկայացուց «Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուող Քոնկրէսի հայկական համախմբումի համանախագահներէն՝ Պրէտ Շըրմընը (Քալիֆորնիա, Դեմոկրատական) շեշտելով, թէ․ «Շըրմըն անաչառօրէն ի նպաստ Հայ Դատին համար գործող քոնկրէսական մըն է»։

Բեմահարթակ բարձրացաւ Շըրմըն, որ իւրայատուկ սրամտութեամբ մը յայտնեց, թէ հաւանաբար Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի ներկայացուցիչները ձանձրացած են, իր «մշտնչենական» ներկայութենէն եւ այդ պատճառով, այս անգամ ժամանած է արեւելեան շրջան իր պարտականութիւնը կատարելու։ «Ես Քալիֆորնիայէն ժամանած Պրէտ Շըրմընն եմ։ Մականունս արդէն կը մատնէ․․․։ Կու գամ հայահոծ Շրրմըն Օքս շրջանէն։ Միշտ ալ բեմ բարձրանալով նոյն բաները կ՛ըսեմ, սակայն անոնք պէտք է կրկնել, որովհետեւ առաջնահերթ են։ Քոնկրէսի Հայկական համախմբումին անունով պիտի շարունակենք երաշխաւորել Հայաստանի ապահովութիւնը, նաեւ ապահովել Արցախի հայութեան վերադարձը եւ կասեցնել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները։ Մեր պահանջները առաջնահերթ եւ խիստ կարեւոր են։ Անոնք գլխաւորաբար կը վերաբերին Հ․Հ․ ապահովութեան եւ գերիշխանութեան հզօրացման, Ատրպէյճանի զօրքերու Հայաստանէն դուրս բերման, հայ գերիներու ազատ արձակման, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու ապահով վերադարձին, հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան, Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւններու դադրեցման, Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի զէնքի մատակարարման սահմանափակման», ըսաւ ան, շեշտելով, թէ պիտի շարունակէ պայքարիլ Հայ Դատին համար։

Գաղութէն ներս կատարած իր հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքին համար մեծարուեցաւ Տին Շահինեան։ Քրիս Հեքիմեան փորձեց կարճ կենսագրականով մը ներկայացնել այս տիպար հայորդին, որ բեմ բարձրանալով յայտնեց իր երախտագիտութիւնը։ Հաճելի եւ յիշատակելի յուշեր պատմեց իր հարուստ անցեալէն, յատկապէս «խաչքար» նուիրելու ոլորտէն ներս։

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի ընտրական եւ յարաբերական յանձնախումբի պատասխանատու Նայիրի Տիացուեան (Նիւ Ճըրզի) ներկայացուց Ցեղասպանութեան դէմ պայքարող շքանշանով պարգեւատրուող՝ «Լեմքինի ցեղասպանութեան հիմնարկ»-ը, որ ժրաջան կը գործէ յաչս արդարութեան։

Հիմնարկին անունով բեմ բարձրացաւ Էլիսա Ֆոն Եոտին-Ֆորկիյ, որ սրտբացօրէն արտայայտուեցաւ, թէ հիմնարկը բազմիցս դժուարութիւններու եւ անել կացութիւններու առջեւ գտնուած է, ո՛չ թէ միայն թուրք եւ ազերի ներկայացուցիչներու դէմ յանդիման գալով, այլ նաեւ ներկայ հայ իշխանաւորներու, որոնք հեռու կը մնան իրականութենէն։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնները կը կրկնեն թրքական ժխտողական խօսոյթը. Բան մը, որուն մասին կը նշուի Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Այս թեզերը միաժամանակ կը ձայնակցին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումին, որ կ՛արդարացնէ զայն: Կրկնելով 1915-1923 թուականներու իրադարձութիւններու թրքական վարկածը` Հայաստանի վարչապետը, ըստ էութեան, Թուրքիան կ՛ազատէ Հայոց ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութենէն` նսեմացնելով ճանաչման ուղղուած բոլոր նախկին ջանքերը: Բացի ատկէ, ատիկա կրնայ զգալիօրէն բարդացնել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկելու շարունակական աշխատանքը։ Այս յայտարարութիւնները կ՛անտեսեն, ի թիւս այլոց, թուրք, գերմանացի, բրիտանացի, ամերիկացի եւ հայ գիտնականներու` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տասնամեակներու պատմական հետազօտութիւնները, կը խոչընդոտեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու արդարութեան համար շարունակուող պայքարը եւ կը ստեղծեն վտանգաւոր աշխարհաքաղաքական ընթացք, յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայերու նկատմամբ ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սպառնացող շարունակական սպառնալիքներու ծիրին մէջ:», եզրակացուց Էլիսա Ֆոն Եոտին-Ֆորկիյ, որ աւարտին մեծ յուզմունք պատճառեց, շեշտելով, թէ այս մրցանակը կը նուիրէ Արցախին (ան երբեք չգործածեց Ղարաբաղ եզրոյթը) եւ արցախահայութեան։

«Վահան Քարտաշեան» շքանշանը ստացաւ, աւելի քան վաթսուն տարիէ ի վեր Հայ Դատին եւ յատկապէս Ուաշինկթընի շրջանէն ներս գործած, Վիեթնամի պատերազմի վեթերաններէն՝ Փօլ Ճամուշեան, որուն բեմ հրաւիրեց շրջանի գործօն անդամներէն՝ Հրաչ Նաճարեան։ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան օրերէն սկսելով, ան պատմեց յուշեր, որոնք տպաւորեցին ներկաները։ «Գաղտնիք մը չէ, որ ըսեմ եւ շարունակ կրկնեմ, թէ ես երկրպագու մըն եմ Սողոմոն Թեհլիրեանի։ Աւելի չմանրամասնեմ։ Բոլորս ալ գիտենք, թէ այս հերոսը կոթողական արարք մը կատարած է», ըսաւ Ճամուշեան։

Նաեւ, «Վահան Քարտաշեան» շքանշան մը ստացաւ Հայ Դատի «ալֆան եւ օմեկան»՝ Կարօ Արմենեանը, որուն մասին կարճ, սակայն ազդեցիկ կեսագրականով մը, ելոյթ ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Արմենեան յայտնեց, թէ բախտորոշ օրերու մէջ կ՛ապրին հայրենիքն ու հայութիւնը այսօր։ «Ակնյայտ է, որ Հայաստանը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ ու դժուարին կացութեան մէջ, ուր արտաքին բոլոր ազդակները լարուած են իրեն դէմ։ Դժբախտաբար Անգարա եւ Պաքու դարձած են ինքնավստահ, ամբարտաւան եւ անզիջող` հայութեան նկատմամբ. Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ուժերը մեծապէս աշխուժացած են, որովհետեւ քաղաքական փոփոխութիւններու նախանշաններն նկատած են եւ դիմած են մրցակցական հեւքի։ Կացութիւն մը, որ կը հակադրուի Հայաստանի շահերուն ու մեր հայրենիքը անգամ մը եւս կը դարձնէ միջազգային կռուախնձոր», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ հայութեան կը ստիպեն հրաժարիլ մեր անցեալէն, որպէսզի կառավարեն անորոշ ու մութ ապագան։ Արմենեան շեշտեց, թէ Արցախը հայկական պետականութեան գաղափարախօսական հիմքն էր տասնամեակներ շարունակ, եւ այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները նոր գաղափարական հիմքի փնտռտուքի մէջ են: «Մօտ ատենէն 90 տարեկան պիտի ըլլամ․․․ Գործը կը շարունակուի։ Հայ Դատը կը վերանորոգէ իր վճռակամութիւնը` մեր երկարաշունչ պայքարը յառաջ տանելու, հայութեան անժամանցելի իրաւունքները պահանջելու եւ Հայաստանն ու հայութիւնը իր թշնամիներէն պաշտպանելու համար», եզրակացուց ան:

Ապա, բեմ բարձրացաւ Արենի Մարկոսեան, որ վարժողական ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան նշեց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարեշրջանի «Լէօ Սարգիսեան» եւ «Մարալ Մելքոնեան – Աւետիսեան» վարժողական ծրագիրներուն մասնակցած են 11 ամերիկահայ համալսարանական ուսանողներ։

Արսէն Մարգարով ներկայացուց Հայ Դատի Յանձնախումբին «Յովիկ Աբօ Սաղտըճեան» յիշատակի «Capital Gateway» ծրագիրը, շեշտելով, որ երիտասարդ հայորդիներու համար առաջնահերթ է, նմանօրինակ ոլորտներու մէջ մուտք գործելը։

Աւարտին, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի անունով խօսք առաւ Ծովինար Համագործեան։ Ան շեշտեց, թէ պէտք է անպայման կերտել հայրենի եւ համահայկական ազգային առողջ ուժերու համախմբում` վերաթարմացնելով համազգային օրակարգը, նաեւ պաշտպանել Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքները, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ համաշխարհային բեմերու վրայ։

«Համահայկական հոգածութեամբ վերականգնել մարտունակութիւնն ու պատրաստուածութիւնը հայկական բանակին, որ մեր լինելիութեան եւ անկախութեան միակ երաշխաւորն է. ամէն գնով կառչիլ մեր անկախ պետականութեան պահպանման նպատակին` քաջ գիտակցելով, որ իշխանութիւնները գնայուն են, իսկ պետութիւնը՝ մնայուն: Մենք անձեր չենք ներկայացներ։ Մենք խմբային աշխատանք կը տանինք, յանուն հայութեան եւ յաչս Հայ Դատին», եզրակացուց ան։

Նշենք, թէ այս ձեռնարկի ընթացքին, կատարուեցաւ աճուրդ: Այս առթիւ, գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին: Յիշատակելի էր նաեւ, որ Հ․Հ․-ի մօտ,Ա․Մ․Ն․-ի նախկին դեսպան Ճոն Էվընզ, այս առթիւ, իր հայութեան վերաբերեալ հրատարակութիւններու հաւաքածոն նուիրած էր Հայ Դատին։

«Հայրենիք»

Լուսանկարներ՝ Ճասթին Գալայճեան

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ազգային օրակարգի շուրջ համախմբված կուս

Կալանավայրում մահացել է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցության՝ ՏԻՄ ընտրություններում

10 Նոյեմբեր 2026
Արցախի ի նպաստ հաւաք, լուռ քայլարշաւ ե

Կիրակի, Նոյեմբեր 8ի երեկոյեան, հայ համայնքի անդամները հաւաքուեցան Կլենտէյլի մէ

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներ

10 Նոյեմբեր 2026
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Համաձայն Ըլլալ Նիկոլ

Պէտք է իրերը կոչել իրենց անուններով։ Յայտարարելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջ

09 Նոյեմբեր 2026
Նոյեմբերի 9-ից Պրահա․ ինչպես փոխվեց Ար

44-օրյա պատերազմը դադարեցվեց 2020 թվականի նոյեմբերի 9-ին՝ Հայաստանի, Ադրբեջանի

09 Նոյեմբեր 2026
Մեր հիմնական եւ առաջնային հարցը Արցախի

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրո

09 Նոյեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներն

2020 թվականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ հայտարարության 6-րդ տարելիցի կապակցությամբ

09 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

09 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմ

Նոյեմբեր 9 - Ազգային յիշողութեան վրայի վէրքը եւ Հայաստանին ապագային հանդէպ յան

09 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ա

09 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողով

Ուրբաթ, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Երեւանի «Քոնկրես» հիւրանոցին մէջ ի

07 Նոյեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի հայտարարո

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը ՄԱԿ-ի Անվտանգության խորհրդի անդամներին և ՄԱԿ-ի

06 Նոյեմբեր 2026
Համազգային Համախմբում

Չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերի վաղ առաւօտուն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութ

06 Նոյեմբեր 2026
Արտահերթ ընտրությունների գնալու միակ տ

Երեկ տեղի ունեցած հավաքում քննարկվել է ընդհանուր ստեղծված իրավիճակը, բռնաճնշու

05 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄի Միջդիւանական 12րդ Խորհրդաժողովը

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Նոյեմբեր 5ի առաւօտեան, Երեւանի «

05 Նոյեմբեր 2026
Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախմբի աջակցութ

2026 թ. Կոնգրեսի միջանկյալ ընտրություններում ամերիկահայ ընտրողները նկատելի ազդ

05 Նոյեմբեր 2026
Ընդդիմադիր ուժերը հայտարարում են համազ

Մենք՝ ներքոստորագրյալ հայաստանյան քաղաքական ուժերս, գիտակցելով հայ ժողովրդի և

05 Նոյեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը IUSY-ի միջազգայ

26-էն 31 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)

04 Նոյեմբեր 2026
Սա կարող է հնարավորություն ընձեռել ընդ

«Բարգավաճ Հայաստան» կուսակցության ղեկավար Գագիկ Ծառուկյանի գործով դատական նիստ

04 Նոյեմբեր 2026
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company