Հ.Օ.Մ.-ի 115-ամեակը՝ հայ կնոջ զօրութեան ու կենսաւորման ներշնչում
31 Հոկտեմբեր 2025 
            
                            
Մենք՝ ուխտեալներ հայ օգնութեան սուրբ գործին,
Լոյսի բանակ եւ գթութեան խաչուհի,
Գոյամարտի մէջ սրբազան մեր դատին՝
Ձեզ կը բերենք Հայ Կնոջ սիրտը ոսկի:
(Հ.Օ.Մ-ի քայլերգ, խօսք՝ Մ. Իշխան)
Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը նշէ իր գոյութեան 115-ամեակը՝ տպաւորիչ վկայութիւն մը ըլլալով այն հարուստ ժառանգութեան, որուն վրայ կանգնած է հայու հաւաքական կեանքը։ Մէկ դարէ աւելի անցած է այն օրերէն, երբ Ակնունիի հայրենատեսիլ յղացքին հետեւելով, հայ կիները միացան՝ մարդկային նուիրումի, սրտի ջերմութեան եւ ազգային պարտաւորութեան ոգիով ստեղծելու համար կազմակերպութիւն մը, որ պիտի դառնար հայ ժողովուրդի կարիքներուն անբաժանելի քառաթեւ պահապանն ու բարերարը։
Այսօր, երբ կը վերադառնանք այդ շքեղ պատմութեան ակունքներուն, հաւաքաբար կը վկայենք, որ Հ.Օ.Մ.-ը եղած է ու կը մնայ հայ ժողովուրդի ազգային վերազարթնումին ու միաժամանակ՝ բարեսիրական, խնամատարական, կրթական ու մշակութային ձեռքբերումներուն հիմնասիւնը, որուն վրայ զարգացաւ հայ կեանքը, գաղթականութենէն մինչեւ մեր ժողովուրդի ամբողջական վերականգնումը։
Հ.Օ.Մ.-ի պատմութիւնը հաւասարապէս վկայութիւնն է հայ կնոջ հզօրացման, իր մասնակցութեան եւ առաջնորդութեան։ Աղէտներու, պատերազմներու եւ ազգային տառապանքներու դժուարին օրերուն, Հ.Օ.Մ.-ը եղաւ մխիթարող ձեռքը որբացած մանուկներուն, ապաստարան փնտռող ընտանիքներուն, բուժումի կարիք ունեցող զինուորներուն եւ հայրենակիցներուն։ Սակայն, անոր առաքելութիւնը երբեք չսահմանափակուեցաւ միայն կարեկցութեան ծրագիրներով. Հ.Օ.Մ.-ը ամենուրեք կառուցեց դպրոցներ, հաստատեց ուսանողական ծրագիրներ, ուսման թոշակներ, մշակութային նախաձեռնութիւններ, որոնց շնորհիւ ամբողջ սերունդներ հաւատացին իրենց կարողութեան եւ ծառայեցին մեր ժողովուրդին։
Այսօր եւս, Հ.Օ.Մ.-ը կը շարունակէ իր հայրենաշէն եւ ազգակերտ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ՝ բազմաթիւ ծրագիրներու միջոցով։ Առողջապահական կեդրոններ, մանկապարտէզներ, ուսումնական եւ մշակութային ձեռնարկներ կը վկայեն այն անսպառ կենսունակութիւնը, որ կը բխի միութեան ազնուագոյն գաղափարներէն։ Արցախի մէջ Հ.Օ.Մ.-ը տարիներ շարունակ կառուցեց, աջակցեցաւ եւ ապրեցաւ իր քրտինքով ստեղծուած համայնքներուն մէջ։ Ողբալի է, որ այդ բոլոր ներդրումները այսօր կը գտնուին թշնամիի ձեռքին տակ, սակայն անոնք չեն կորսուած՝ որովհետեւ Հ.Օ.Մ.-ի ոգին անքակտելի է, ան կը շարունակէ ապրիլ Արցախի իւրաքանչիւր հայ կնոջ եւ մանուկի էութեան մէջ։
Այսուհանդերձ, հայրենիքէն ներս Հ.Օ.Մ.-ի ներկայութիւնը կը մնայ շօշափելի ու կեանքի կոչուած՝ կանացի նուիրումով իրականացուող բազմաշերտ ծրագիրներով։ Առողջապահութեան, կրթութեան եւ ընտանեկան աջակցութեան ոլորտներուն մէջ, Հ.Օ.Մ.-ը հաստատած է անզուգական ներկայութիւն՝ դառնալով ազգային հպարտութեան խորհրդանիշ։
Իր հիմնադրութեան առաջին տարիներէն, Հ.Օ.Մ.-ի այս հարազատ ընթացքը ունեցաւ համահայկական հասողութիւն։ Միութիւնը, իր բոլոր միաւորներով ու մասնաճիւղերով, կը շարունակէ ցոլացնել այն անսասան կապը, որ կը միացնէ հայ կիները աշխարհի բոլոր ծագերուն, սփիւռքեան ոստաններէն ներս մինչեւ հայրենի հողին վրայ հասակ նետող անդամներուն եւ անոր առաքելութեան հաւատացող հետեւորդներուն մէջ, հայակերտութեան ու ազգահաւաքի վսեմ գաղափարներուն տակ։
Տարի մը առաջ, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը՝ Հ.Օ.Մ.-ի հին ու հաւատարիմ միաւորներէն մէկը, տօնեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը շքեղ հանդիսութեամբ մը։ Փառահեղ տօնակատարութիւնը ոչ միայն յարգանքի տուրք էր անցեալին, այլեւ վկայութիւն եւ վճռական խոստում՝ մայր կազմակերպութեան հետ անքակտելի շղթային զօրութեան ու յարատեւման։ Միաժամանակ, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի միաւորը, նոյնքան հնչեղութեամբ ու հաւատքի զօրութեամբ, ոտքի պահեց Հիւսիսային Յունաստանի հայութեան գոյատեւելու եւ արարելու պատիւը։
Արդարօրէն, մեր գաղութի պատմութեան ամէնէն նրբազգաց ու մարդկայնօրէն գեղեցիկ արձանագրութիւնը կը պատկանի Հ.Կ.Խաչի ու Հ.Գ.Խաչի նուիրեալներուն։ Այստեղ է, որ տասնամեակներ շարունակ բարձրացան անհամար ձեռքերը խաչեան մեր հերոսներուն, որոնք քրտինքով, երբեմն արեան կաթիլներով գրեցին՝ ամէն մէկը իր սեփական պատմութիւնը, իր անձնուէր կեանքի ամբողջական զոհողութիւնն ու մատուցումը, դարձնելու համար հրաշագեղ պատմութիւնը գաղութի մը գոյատեւման ու ազգային վերազարթնումի հաւաքական երթին։
Այսօր, երբ համահայկական տարողութեամբ կը նշենք Հ.Օ.Մ.-ի պանծալի 115-ամեակը, մեր բոլորին սրտի պարտականութիւնն է յայտնել խորին երախտագիտութիւն եւ հիացում այն կազմակերպութեան, որ սերունդներ շարունակ եղաւ հայ ժողովուրդի ոգեղէն բազուկը՝ նուիրելով լոյս, գուրգուրանք եւ վստահութիւն։ Հ.Օ.Մ.-ը՝ իր ամէնօրեայ աշխատանքին եւ անսպառ նուիրումին մէջէն, կը մնայ վաւերական հաստատութիւն մը, կենդանի խորհրդանիշ՝ հայ կնոջ ուժին, ազգային նուիրումին ու անհատնում սէրին։
Պատիւ արժանաւորաց։
«Ազատ Օր»ի Խմբագրական






