Նէօ-թոնդրակեան… Ցնդաբանութիւն
31 Հոկտեմբեր 2025
Ինչ որ կը պատահի այս օրերուն, Հայաստանի Ոստիկանական Հանրապետութեան (police state) մէջ, յատկապէս Էջմիածինի, պարզ խօսքով՝ մեր Եկեղեցւո՛յ դէմ պայքարի ծիրին մէջ, ակներեւ կերպով կը յիշեցնէ դարեր առաջ հայկական կեանքին մէջ տարածուած աղանդաւորական ալիքները, որոնց շարքին մասնաւորենք 9-11-րդ դարերուն Թոնդրակեան շարժումը, առանց մոռնալու անկէ դարեր առաջ, Մեծ Վարդապետին արժանաւոր աշակերտներէն՝ Եզնիկ Կողբացիի նշանաւոր «Եղծ աղանդոց»-ը:
Կարճ պատմական մը. Թոնդրակը պատմական Հայաստանի Պիթլիս-Մանազկերտ շրջանին մէջ փոքր աւան մըն էր, ուր հաստատուած էր շարժումին հիմնադիրը՝ Սմբատ Զարեհաւանց, աղանդաւորական գաղափարներու քարոզիչ տիպար մը։
Թոնդրակեցիներուն համար, չկար հոգիի անմահութիւն ու հանդերձեալ կեանք։ Մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ միջնորդի դեր կատարող՝ տեսանելի եւ շօշափելի խաչը, եկեղեցին, հոգեւորականները, եկեղեցական պատկերները, ծէսերն ու արարողութիւնները անիմաստ էին։ Անոնք կը ձգտէին բարձրաստիճան հոգեւորականներու դասին վերացման, եկեղեցական ծէսերու պարզացման, կը մերժէին խաչը, եկեղեցին եւ անոր խորհուրդները:
Կար աւելին. անոնք կը մերժէին Յիսուս Քրիստոսի աստուածութիւնը, զայն կը համարէին մարգարէ: Անոնց համար, գոյութիւն չունէր հոգիի անմահութիւն եւ անդրշիրիմեան աշխարհ։ Մարդ ունէր մէկ երկրային կեանք, եւ այդ իսկ պատճառով երկնային արքայութիւնը պէտք էր կառուցել երկրի վրայ:
Թէեւ շարժումին ղեկավարը՝ Սմբատ Զարեհաւանցին սպաննուեցաւ, սակայն շարժումը շարունակեց գործել մինչեւ 11-րդ դարաշրջան։ Զանազան շրջաններու մէջ, Թոնդրակեան շարժումը կը վայելէր լայն ժողովրդականութիւն։ 900-ական թուականներու սկրզբը, Սիւնիքի շրջանին մէջ, կարգ մը գիւղերու բնակիչներ յարձակեցան Տաթեւի վանքին վրայ եւ սպաննեցին վանահայրը, գետին թափեցին միւռոնը: Այլ շրջաններու մէջ ալ խռովութիւններ պատահեցան, սակայն սելճուքեան արշաւանքներուն ստեղծած մթնոլորտին մէջ, 11-րդ դարու կէսերուն, հետզհետէ կորսնցուց իր ներկայութիւնն ու ժողովրդականութիւնը։
Ժամացոյցին սլաքները բերենք ներկայ օրեր, եւ համեմատութիւն մը կատարենք ծանօթ անցուդարձերուն, կը տեսնենք, որ հիմա շատ աւելի դաժան կացութեան մը առջեւ կը գտնուինք։
Աղանդաւորական սոսկական շարժում մը չէ Էջմիածինի դէմ եղածը, այլ միահեծանութեան տարբեր արտայայտութիւն մը, պարզ խօսքով՝ Հայաստանը վերածել միահեծան խունթայապետի քմահաճոյքին. Հայրենիքի քարտէսը կրճատելու եւ սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու կողքին՝ մտադրած է նաեւ Հայ եկեղեցւոյ կանոնագիրքն ալ «տրամաբանութեան» հիմամբ սրբագրել։
Հայաստանի «ազգընտիր» վարչապետը կ՚ուզէ քանդել Եկեղեցին, բան մը, որ յաճախ փորձուած է։ Պատմութեան ընթացքին, շատեր փորձած են քայքայել կամ այլափոխել մեր Եկեղեցին, որ խորքին մէջ հայուն էութեան ու դիմագիծին արտայայտութիւնն է, սակայն ոչ մէկ արդիւնքի հասած են։
Հայոց եկեղեցին միայն կրօնական հաստատութիւն մը չէ, այլ ազգային կառոյց է, նաեւ՝ քաղաքական դերակատար։ Եթէ արագ թռիչքով մը անցնինք մեր պատմութեան բախտորոշ փուլերուն վրայէն ու հասնինք նորագոյն դարաշրջանի ամէնէն անկիւնադարձային պահուն՝ պիտի տեսնենք, որ Սարդարապատի ճակատամարտի նախօրեակին կատարուած աղօթքն ու արարողութիւնները ինչպիսի՛ ներգործութիւն ունեցած են հայրենքի պաշտպան հերոսներուն վրայ, իսկ շատ աւելի մօտիկ անցեալին՝ Արցախի ազատագրութեան պայքարի օրերուն, աղաղակող էր հայ Եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներու դերը։
Իր յատուկ «սահմանադրութիւն»-ը ունի հայաստանեաց եկեղեցին՝ կանոնագիրքը, որ մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը սահմանէ գործունէութեան ձեւն ու օրէնքը։
Եթէ Փաշինեանի խունթան կը սահմանէ իր «օրէնքները», ոտնակոխելով ընդունուած բոլոր օրէնքներն ու համապատասխան դրութիւնները, նման ընթացք անոր իրաւունք չի տար գործելու Էջմիածինին դէմ, ուր որպէս մեծաւոր՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն է ի պաշտօնէ որոշում տուողը։
Վարչապետը պէտք է քաջատեղեակ ըլլայ, որ կարգալոյծ եկեղեցական մը պատարագ չի կրնար մատուցել, ուրեմն, կարգալոյծի մը պատարագիչ ըլլալն ու նման արարողութեան մը ներկայ ըլլալը ո՛չ միայն հակականոնական են, այլ փաստացի քայլ մը, որ նոր թոնդրակեանութիւն մը քաջալերանք կը ստանայ երկրի իշխանախումբին կողմէ, աւելի՛ն, անիկա արդէն համազօր է կանաչ լոյսի մը, ո՛չ միայն Վեհափառ Հայրապետի անձին, այլ նոյնինքն Եկեղեցւոյ ու անոր կանոններուն դէմ: Իսկ եթէ փաստ փնտռող ըլլայ, պարզապէս յիշեցնենք, որ գայթակղութեան համազօր այս քայլերով, վարչապետը պաշտօնապէս տեղեկացուց, թէ եղածը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «ազատագրման գործնական փուլի խորհրդանշական մեկնարկն է»։
Հայաստանի վարչապետը չի կրնար անվաւեր նկատել կարգալուծութեան կաթողիկոսական օրէնքը։ Միայն ու միայն Կաթողիկոսի որոշումով է, որ կարգալոյծ մը կրնայ ներման արժանանալ։ Եթէ այս կամայականութեան ու ԹՐՔԱՀԱՃՈՒԹԵԱՆ սահման մը չդրուի, վաղը կարգը պիտի հասնի կուսակցութեանց ու կազմակերպութիւններու, որոնք հաճոյ չեն թուիր վարչապետ կոչեցեալին…
Փաստօրէն, Հայաստան կը կառավարուի «անտառի օրէնք»-ով, որուն մասնիկներէն են իր խելապատիկէն դուրս ցատկած՝ կիսատ-պռատ «Նոր կրթելաձեւ»-ը: Էջերը կը բազմանան. հոգեւորականներու ձերբակալումը կը շարունակուի, նաեւ այլ ազգակործան քայլեր կ’երեւին: Այս բոլորով հանդերձ, ՔՊ-ական ազգային փորձանքը պէտք է քաջատեղեակ ըլլայ, թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին շատ աւելի դաժան պայմաններու տակ գործած է եւ դիմացած ։ Թոնդրակեան շարժումէն մինչեւ Խորհրդային Միութեան ահաւոր օրերը: Հակակրօն կարմիրներու տասնամեակներուն, կարելի եղած է ո՛չ թէ միայն շարունակել պսակները, մկրտութիւններն ու ծիսական աւանդութիւնները, այլ նաեւ կառուցել Հայոց Ցեղասպանութեան ի յիշատակ՝ Ծիծեռնակաբերդը, որ այս օրերուն կասկածելի վերանորոգման կ’ենթարկուի, հաճոյացնելու համար Ցեղասպանը…։
Նէօ-թոնդրակեան այս ընթացքով, ժամանակը մօտեցած է, շուտով փուլ պիտի գայ, պէտք է միասնաբար փուլ բերենք ՔՊ-ական ազգային փորձանքը։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
