Հայ Դատը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Ըրաւ՝ Ապահովելու Բոլոր Հայ Գերիներուն Վերադարձը
16 Հունվար 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումը ցոյց կու տայ, թէ Պաքու անզիջող կը մնայ իր որդեգրած՝ «պատանդներու դիւանագիտութեան» մէջ՝ Հայաստանէն յաւելեալ քաղաքական զիջումներ խլելու նպատակով:
Հայ Դատը շեշտեց, թէ տակաւին առնուազն 19 հայ գերիներ կը մնան Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ, ուր անոնք խոշտանգումներ եւ բռնութիւն կը դիմագրաւեն ու զրկուած են իրենց տարրական իրաւունքներէն՝ ենթարկուելով կեղծ դատավարութիւններու:
«Ատրպէյճանին պէտք չէ շնորհուի քօղարկում կամ անպատժելիութիւն՝ հայ բանտարկեալներու դէմ բռնութիւններուն գծով», կ՛աւելցնէ Հայ Դատը՝ կոչ ընելով նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին՝ բոլոր հայ բանտարկեալները անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակելու ջանքերը բազմապատկելու…
Հայ Դատը նաեւ կոչ կ՛ընէ Քոնկրեսին, որ ընդունի «Հայաստանի ապահովութեան գործընկերութեան մասին» բանաձեւը (H.R.6840) եւ «Ատրպէյճանի պատժամիջոցներու վերանայման մասին» բանաձեւը (H.R.5369)՝ Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով՝ իր պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն համար:
