ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդի Երիտասարդական Միութեան Ջահերթին Առիթով՝ Երիտասարդութեան Ուխտը, Որ Անխախտ Կը Մնայ
27 Ապրիլ 2026
24 ապրիլին ՀՅԴ Շուէտի երիտասարդական միութեան կազմակերպած ջահերթը կը խորհրդանշէ հայ երիտասարդի անկոտրում կամքը՝ պատմական այս ծանրագոյն օրերուն։
Մինչ Հայաստանի ներկայ ապազգային իշխանութիւնը իր զիջողական ու կործանարար քաղաքականութեամբ ազգը դէպի անկում կը տանի, սփիւռքի երիտասարդութիւնը կը մնայ հայութեան արթուն պահակը։ Ցաւալի է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս հայրենի պաշտօնեաներ կը շտապեն դատապարտել Ցեղասպանութիւն գործած երկրի դրօշի հրկիզումը, սակայն նոյն այդ շրթները կը պապանձին, երբ թշնամին Արցախի մէջ հիմնայատակ կը քանդէ մեր դարաւոր եկեղեցիները։
Այս դժուարին տարիներուն, զորս գործող վարչախումբը բերաւ հայ ժողովուրդի գլխուն, սփիւռքի մէջ բոցավառող իւրաքանչիւր ջահ վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ Ցեղասպանութեան արդար ճանաչումն ու հատուցումը։ Մեր ձայնը այսօր նաեւ արդարութեան պահանջ է բոլոր այն քաղաքական բանտարկեալներուն եւ գերիներուն համար, որոնք կը տառապին թէ՛ Պաքուի եւ թէ՛ Հայաստանի բանտերուն մէջ։
Մենք չենք հաշտուիր կորուստին հետ։ Մեր հաստատակամ հաւատքն է, որ Արցախ վերադարձը պիտի իրականանայ, եւ մենք մեր ձեռքերով կրկին պիտի կառուցենք մեր սրբավայրերը։ Որքան ալ փորձեն մեզ լռեցնել կամ ընկճել, հայ երիտասարդը տէր է իր հողին եւ դատին։ Մեր ուխտը անխախտ է, իսկ երթը՝ յարատեւ, մինչեւ որ հասնինք մեր ազգային իղձերու իրագործման եւ արդար հատուցման։
Պայքա՛ր՝ մինչեւ վերջնական յաղթանակ։




