Հայ Դատի Ներկայացուցիչներ Նահանգապետ Նիւսըմի Հետ Քննեցին Հայութիւնը Յուզող Շարք Մը Հարցեր
29 Ապրիլ 2026
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր քննեց նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի հետ, անոր Սաքրամենթոյի գրասենեակին մէջ Ապրիլ 20ին տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին։
«Նիւսըմ վստահելի դաշնակից մը եղած է հայ համայնքին, եւ մենք երախտապարտ ենք իր շարունակական աջակցութեան համար։ Հանդիպումին ընթացքին մենք քննարկեցինք հայութեան առջեւ ծառացած կարեւոր հարցեր, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացան դէմ պայքարելու շարունակական ջանքերը, Արցախի ճգնաժամին ազդեցութիւնը Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին վրայ, քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ հայերու պատկանող ձեռնարկութիւններուն աջակցելու կարելիութիւնները։ Երախտագիտութիւն յայտնեցի AB 91 բանաձեւին ստորագրութեան համար, որ կարեւոր քայլ մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու ջանքերուն համար», ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ասթինէ Սիւլէյմանեան։
Հայ Դատի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սիւլէյմանեան, գործադիր վարիչ Ռուբէն Կարապետեան, համայնքային ղեկավարներ Վլատ Մինասեան եւ Ճեք Քայայեան, ինչպէս նաեւ Պըրպենքի միացեալ կրթաշրջանի պատուոյ նախագահ դոկտ․ Արմոնտ Աղախանեան։
Պատուիրակութիւնը շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան յստակ կապը Արցախի 2023 թուականի ցեղասպանութեան հետ եւ դրուատեց Ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելու պայքարին մէջ Նիւսըմի ունեցած դրական դերակատարութիւնը, որ սկսած էր Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ պաշտօնավարելու օրերէն:
Պատուիրակութիւնը նաեւ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց դաշնակցային իշխանութիւններուն կողմէ «Ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման խուսափումէն, որ վնաս կը հասցնէ տասնամեակներու պայքարով ձեռք բերուած ճանաչումին եւ կը քաջալերէ անոնց, որոնք կը ձգտին վերաշարադրել պատմութիւնը։
Պատուիրակութիւնը լուսարձակի տակ դրաւ նաեւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճան Հայրապետեանի հեղինակած AB 91 բանաձեւը, որուն նպատակն է հայութեան ճշգրիտ թիւի արձանագրութիւնը ապահովել մարդահամարներու ընթացքին։ Նշենք, որ բանաձեւը հաստատուեցաւ 2025ին, Հայ Դատի զօրակցութեամբ։

