ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը Ողջունող Նամակ Մը Յղեց Եւրոպական Միութեան Դեսպանին
05 Մայիս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տէ Վալէին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան» բանաձեւի որդեգրումը եւ այդ «կարեւոր» բանաձեւի որդեգրումը նկատեց հայ ժողովուրդի, Եւրոպական Միութեան եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի հասարակաց արժէքներու, մասնաւորաբար մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան մէկ արտայայտութիւնը, ինչպէս նաեւ ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մը:
Հայ դատի մարմինը յոյս յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինը միութեան օրէնսդիր մարմինին կողմէ տրուած լիազօրութիւնը կ՛օգտագործէ Ազրպէյճանը հաշուետուութեան ենթարկելու սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի մէջ անոր գործադրած ցեղասպանութեան եւ ներկայիս մեծ թափով ընթացող մշակութային ցեղասպանութեան համար:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող օրերուն Եւրոպական Միութեան կողմէ նշեալ բանաձեւի որդեգրումը ողջունող հաղորդագրութիւն մըն ալ յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն:
