ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին
08 Մայիս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը եւ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր Պատիշահ 7 մայիսին այցելեցին Պքերքէ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք հանդիպում ունեցան մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ:
Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Յարութ Մարկոսեան, Ռայի պատրիարքին ներկայացուց բռնագրաւեալ Արցախի մէջ ընթացող մշակութային ցեղասպանութեան վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիներու եւ պատանդներու հարցը:
Պատուիրակութիւնը պատրիարքէն խնդրեց այս հարցը արծարծել Վատիկանի մօտ:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ անդրադառնալու մայիս 6-ին` իբրեւ Լիբանանի նահատակաց տօն, խորհուրդին ու անոր լիարժէք վերականգնման կարեւորութեան:
Հանդիպումի աւարտին Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը Ռայի պատրիարքին նուիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պատրաստած «Արցախ` վտանգուած ժառանգութիւն» գիրքի երկու հատորները:


