Հայ Դատը Գործնական Քայլեր Կ՛առնէ՝ Ձախողութեան Մատնելու Համար Ատրպէյճանի Գործակից Քուէյարի Ընտրապայքարը
20 Մայիս 2026
Թեքսասի Հայ Դատի յանձնախումբը, գործակցութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կեդրոնական գրասենեակին, հարաւային Թեքսասի հոգեւոր ղեկավարներուն հասցէագրուած նամակարշաւ մը իրականացուց, բացայայտելու համար քոնկրեսական Հենրի Քուէյարի ապօրինի կապերը Ատրպէյճանի բռնատիրական իշխանութիւններուն հետ, որոնց զոհերը Արցախի եւ Հայաստանի քրիստոնեայ հայերն են։
Քուէյարի հակահայ քայլերը մանրամասնօրէն ներկայացնող թղթածրարները ներկայացնելու կողքին, Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ Թեքսասի քոնկրեսական 28րդ ընտրատարածքի հոգեւոր պետերուն, որ դէմ կենան քրիստոնեաներու հալածանքին նպաստող քոնկրեսականին վերընտրութեան։
Նշենք, որ Քոնկրեսի Ատրպէյճանական համախմբումի համաատենապետ Քուէյար վերջերս ներում ստացած էր նախագահ Տանըլտ Թրամփէն, քայլ մը, որ օրին խստօրէն դատապարտուած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, որ շեշտած էր, թէ նման ներում մը կաշառակերութիւնը արտօնելի կը դարձնէ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած էր Ներկայացուցիչներու տան, որ Քոնկրեսէն անմիջապէս արտաքսէ Թեքսասէն ընտրուած դեմոկրատ քոնկրեսականը, որ պաշտօնապէս ամբաստանուած էր Ատրպէյճանէն եւ Մեքսիքայէն առնուազն 600,000 տոլարի կաշառք ստանալու յանցանքով:
Միացեալ Նահանգներու դատախազութեան պաշտօնական ամբաստանութեան մէջ կը շեշտուի, թէ քոնկրեսականը եւ անոր կինը տարիներով մեծ գումարներ ստացած են Պաքուէն: Պաքուէն ստացուած կաշառքներուն դիմաց, Քուէյար խոստացած է ազդել ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան այն ոլորտներուն վրայ, որոնք ուղղակի առնչութիւն ունին Ատրպէյճանի եւ յատկապէս՝ Ատրպէյճան-Հայաստան հակամարտութեան հետ:

