Իսրայէլի Թիրախը Հարաւի Ապազինումէն Անդին` Լիբանանի Միասնականութիւնն Ու Համակեցութիւնը Հարուածել, Երկպառակում Սերմանելն Է
21 Մայիս 2026 11 մայիսին լիբանանեան .«Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հիմնականին մէջ զրոյցը կեդրոնացաւ լիբանանեան ներքին թէ արտաքին քաղաքական հրատապ հարցերու վրայ:Ստորեւ` հարցազրոյցի գլխաւոր կէտերը.
Նախ եւ առաջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ շղթայազերծուած պատերազմին գծով Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններու վայր նկատուող Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ կայացող ժողովին մասին հարցումին անդրադառնալով երեսփոխան Բագրատունի վեր առաւ Իսլամապատի դիւանագիտական դերակատարութիւնը` Օմանի, Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ ճիգերուն կողքին, դիտել տալով, որ յարձակումներն ու անոնց ընկերացող սպառնալիքները (յատկապէս` հարաւային Լիբանանի գծով) տակաւին կրնան շարունակուիլ: Այս գծով կը նախատեսուի սկզբնական զինադադարէ ետք յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին «Ո՛չ յաղթական, ո՛չ պարտեալ» սկզբունքով մնայուն լուծման յանգիլ` միջազգային (որուն ծիրին մէջ նաեւ` Լիբանանի) քաղաքական իրավիճակի կամ վարչակարգի վերադասաւորման հեռանկարով, նշեց երեսփոխան Բագրատունի եւ աւելցուց, որ այս առնչութեամբ կը սպասուին նախագահ Թրամփի Չինաստան այցելութեան արդիւնքները:
Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութեանց սկզբունքին գծով Յակոբ Բագրատունի յիշեցուց, որ Լիբանանի ոեւէ նախագահ կամ բարձրաստիճան անձնաւորութիւն ցարդ նման կեցուածք չէ ցուցաբերած, եւ նման քայլ մը գրեթէ «թապու» կը նկատուէր: Այս իմաստով ան ուշագրաւ նկատեց նախագահ Ժոզեֆ Աունի լուսարձակէ հեռու դրսեւորած այն կեցուածքը, որ եթէ ուղղակի բանակցութիւններով կարելի է կասեցնել պատերազմը, ազատագրել, վերստանալ Լիբանանի գրաւեալ տարածքները, ազատ արձակել ցարդ Իսրայէլի մօտ արգելափակեալ լիբանանցի գերիները, ապահովել լիբանանցի տեղահանուածներու տունդարձը, ամրագրել Լիբանանի գերիշխանութիւնը Պէյրութի թէ Հարաւի մէջ, այդ պարագային ինք պատրաստակամ է: Սակայն, ան դիտել տուաւ, որ նախագահ Աունի բանակցութեանց պատրաստակամութեան այս մղումը ոմանց կողմէ սխալ մեկնաբանուեցաւ: Ըստ Բագրատունիի, նմանապէս ոմանց կողմէ սխալ մեկնաբանուեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կեցուածքը եւ ստեղծուած մթնոլորտը շահագործուեցաւ քաղաքական պատճառներով: Ան դիտել տուաւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւս անպայմանօրէն համաձայն չէր ուղղակի բանակցութեանց թէ Պէյրութի ապազինման գծով առնուող քայլերուն, թէեւ ան այդ խօսակցութեանց մթնոլորտին մէջ էր:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս Հըզպալլան լռեց ու չհակադարձեց իր ղեկավարին` սէյիտ Հասան Նասրալլայի սպանութեան, բայց Իրանի հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի սպանութեան առիթով հրապարակ իջաւ վրէժխնդրութեան պահանջով ու զօրակցեցաւ Իրանին, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Այո՛, սխալ էր Հըզպալլայի այդ քայլը, սակայն Իսրայէլ առիթի կամ պատճառի պէտք չունի Լիբանանի վրայ յարձակելու համար»: Այս գծով ան դրուատեց բանակի հրամանատարին ցուցաբերած չէզոք կեցուածքը` չներքաշուելու միջլիբանանեան շիի-սիւննի երկպառակութեան թէ բախումներու իսրայէլեան ծուղակին մէջ` յիշեցնելով, որ Իսրայէլ քաջ գիտէ, թէ Պէյրութի բնակչութեան մեծամասնութիւնը սիւննի է, «արդ, անոր նպատակը, թիրախը` Հարաւի ապազինումէն անդին Լիբանանի միասնականութիւնն ու համակեցութիւնը հարուածելն ու երկպառակութիւն սերմանելն է` սկսելով Պէյրութէն», շեշտեց ան: Բագրատունի յիշեցուց, թէ` «Իսրայէլ թշնամի է ու գրաւած է լիբանանեան տարածքներ, բայց մենք (լիբանանցիք) չենք ըմբռներ հարցին էութիւնը, հարցին պատճառը եւ կ՛առարկենք, թէ ինչո՛ւ կը դիմադրենք»: Ան աւելցուց. «Հըզպալլայի դիմադրութիւնն է, որ ազատագրեց Լիբանանը 2000 թուականին ու դիմադրեց Իսրայէլին յուլիսեան պատերազմին (2006), այնպէս, ինչպէս անցեալին դիմադրութիւն կատարուեցաւ օսմանցիներուն դէմ, ապա` Ֆրանսական հոգատարութեան եւ ետքը` սուրիական ուժերուն դէմ: Կազայի 7 հոկտեմբեր 2023-ի (Համասի կողմէ) գործողութեան մասին հարցումին անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը ծրագրած էր Լիբանանի վրայ յարձակում գործել ու այդ մասին յայտարարեց նոյնինքն Իսրայէլ: Բագրատունի թերահաւատութեամբ ակնարկեց Իսրայէլի հետ զինադադարի յայտարարութեան` հարց տալով, թէ այսօր ո՛վ կը հաւատայ յայտարարուած զինադադարին, երբ օրական կը լսենք նոր յարձակումներու աւերներուն մասին:
Սուրիոյ մասին հարցումի մը պատասխանելով եւ թէ արդեօք կը փափաքի՞ Սուրիա այցելել` Բագրատունի ըսաւ. «Այո՛, կ՛երթամ, համա՛յն աշխարհը ճանչցաւ Սուրիոյ նախագահին իշխանութիւնը»:
