Բագրատունի Այցելեց Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւոր` Հայր Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեանի
07 Հուլիս 2026
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Մխիթարեան միաբանութեան Միջին Արեւելքի մեծաւոր` հայր Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեանի, Պիքֆայայի Մխիթարեան դպրեվանքին մէջ:
Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, երկու կողմերը լայնօրէն անդրադարձան Մխիթարեան միաբանութեան ներկայ առաքելութեան, կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ միաբանութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն:
Զրոյցին ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Միջին Արեւելքի հայութիւնը յուզող ներկայ իրավիճակը, շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւններու ազդեցութիւնը հայկական գաղութներուն վրայ, ինչպէս նաեւ ազգային, կրթական ու համայնքային կեանքին առնչուող բազմաթիւ հարցեր:
Երկուստեք վերահաստատուեցաւ ազգային ու հոգեւոր հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման, համատեղ ճիգերու եւ փոխադարձ աջակցութեան կարեւորութիւնը` ի նպաստ հայ ժողովուրդին, յատկապէս Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու կենսունակութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման:
