Հակառակ Քոնկրեսական Ընդդիմութեան, Թրամփ Կը Խոստանայ «Էֆ․ 35» Ծախել Թուրքիոյ
09 Հուլիս 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ ՆԱԹՕի վեհաժողովին մասնակցելու համար Անգարա այցելած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, թէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները պիտի վերցուին եւ արդիական «Էֆ․ 35» ռազմական օդանաւեր ծախելու որոշումը պիտի տայ։ Ան նաեւ վստահեցուցած է, թէ Անգարայի հետ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները շատ լաւ են։
Նկատի ունենալով տարածաշրջանին մէջ Անգարայի ապակայունացնող ներկայութիւնն ու արարքները, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕի սկզբունքներուն դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ առնուած շարք մը քայլերը, քոնկրեսականներ Տինա Թայթըս, Պրետ Շըրմըն, Մայք Լոլըր եւ 17 այլ քոնկրեսականներ նամակներ յղած էին Թրամփին եւ Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան, որպէսզի կասեցուին Թուրքիան արդիական զէնքերով զինելու Թրամփի վարչակազմին ջանքերը:

Սակայն, Էրտողանին հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցող Թրամփ Թուրքիան քննադատելու փոխարէն, քննադատեց ՆԱԹՕի իր միւս դաշնակիցները, պնդելով, որ անոնք Իրանէ դէմ ռազմական գործողութեան ընթացքին բաւարար օժանդակութիւն չեն ցուցաբերած։
«ՆԱԹՕէն մեծապէս յուսախաբ եմ եւ վեհաժողովին ներկայացայ միայն անոր համար, որ Թուրքիոյ մէջ կը գումարուի, առ ի գնահատանք Էրտողանին», ըսաւ Թրամփ:
Թուրքիոյ «Էֆ․ 35»ներ ձեռք ձգելուն նկատմամբ որեւէ մտավախութիւն չունիմ», ըսաւ ան։
Քոնկրեսականներ նաեւ դէմ կ՛արտայայտուին ռազմական օդանաւերու յատուկ արդիական շարժակներ Թուրքիոյ ծախելու եւ Անգարան «Էֆ․ 35»եր արտադրողներուն խմբակին մաս դարձնելու ջանքերուն։
Թայթըս նաեւ թիւ 200 բանաձեւը ներկայացուցած է, կասեցնելու համար նշեալ շարժակներուն վաճառքը:
