ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՄԸՄ
  • Լուրեր

«Հայ Մարզիկի Օր»-ուան Առիթով Արցախի Մարզիկներու Գնահատանքի Երեկոյ

22 Հուլիս 2026

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յաձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարի մասնակիցներուն մասնակցութեամբ, երեքշաբթի, 22 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Երեւանի «Հոլիտէյ ին» պանդոկի «Արմաւիր» սրահին մէջ նշուեցաւ «Հայ մարզիկի օր»-ը: Անիկա հինգ տարի է ի վեր կը նշուի 22 յուլիսին` հայ մարմնակրթութեան մեծ ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեանը օրը: Այս տարի, սակայն, ան շուք եւ թելադրականութիւն ունեցաւ, նախ` Երեւանի մէջ եւս նշուելով, եւ ապա` «Օր»-ը նուիրուելով միջազգային մարզական մրցաշարքերու պատուաբեր յաջողութիւններ արձանագրած Արցախի մարզիկ-մարզիկուհիներուն:

«Հայ մարզիկի օր»-ուան երեկոյին ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, Արցախի երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան վերջին նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Անդրանիկ Չաւուշեան եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարի մասնակիցներ:

Գնահատանքի երեկոն սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով եւ հայութեան եւ Արցախի համար զոհուած հերոսներու յիշատակին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ:

Բացման խօսքը արտասանեց եւ օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ Նայիրի Ազարիկեան, որ նշեց, թէ «Հայ մարզիկի օր»-ը օրն է յարգանքի տուրք մատուցելու այն բոլոր հայ մարզիկներուն, որոնք իրենց հպարտալի իրագործումներով, նուիրումով եւ ազնիւ մրցակցութեամբ կը կերտեն հայ մարզական կեանքին փառաւոր պատմութիւնը: «Այսօր, երբ անցեալի փառաւոր էջերը կը յիշենք, կը հաստատենք, որ հայ մարզիկը միայն ախոյեանութիւններու հետամուտ անձ մը չէ, ան ազգային արժէքներու դրօշակակիր է, կամքի, կարգապահութեան, ազնիւ մրցակցութեան եւ ծառայութեան մարմնացում է»: Երեկոյին կազմակերպման մասին խօսելով` Նայիրի Ազարիկեան ըսաւ, որ «Հայ մարզիկի օր»-ուան առիթով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը, Կեդրոնական վարչութեան քաջալերանքով, գեղեցիկ մտայղացումը ունեցաւ գնահատելու եւ լուսարձակի տակ առնելու միջազգային մրցանակներու տիրացած արցախցի մարզիկներ, որոնք, թէեւ այսօր տեղահան են, սակսյն կը շարունակեն հայութեան անունը բարձր պահել իրենց փայլուն յաղթանակներով: «Անոնք ամէն տեսակ դժուարութիւն յաղթահարելով կը պայքարին իրենցմէ շատ աւելի յարմարութիւններ եւ դիւրութիւններ ունեցող մարզիկներու դէմ եւ այդուհանդերձ կը յաջողին փայլուն մրցանակներ խլել եւրոպական թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ», շեշտեց ան` երախտագիտութիւն յայտնելով այն սքանչելի մարզիկներուն, որոնց արցախցիի անկոտրում հաւատքը եւ մրցակիցին դիմաց տեղի չտալու անյաղթահարելի կամքը ներշնչումի աղբիւր են բոլորիս համար:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Անդրանիկ Չաւուշեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ ՀՄԸՄ-ը աշխարհի 41 շրջաններու մէջ հազարաւոր հայ երիտասարդներ կը համախմբէ ազգային, մարզական եւ սկաուտական արժէքներու շուրջ: Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան անունով ան շնորհաւորեց մեծարեալ բոլոր մարզիկները, ապա իր յատուկ երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, որ միշտ իր ուշադրութեան կիզակէտը կը պահէ Արցախը, կը լուսաբանէ արցախեան իրականութիւնը եւ կ՛արժեւորէ Արցախի առնչուած բոլոր յաջողութիւնները:

Ապա, ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղէն սկաուտներ Պելլա Խալատովա եւ Մարի Սայիեան ասմունքեցին արցախեան բարբառով Գուրգէն Գաբրիէլեանի «Ղարաբաղ» ստեղծագործութիւնը:

Յաջորդ սրտի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան` շեշտելով, որ` «Մեր այսօրուան մարզիկները, մեր ապագայ մարտիկները» կարգախօսը երբեք չի կորսնցներ իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը:

Ան նշեց, որ այսօր Արցախի մարզիկները միջազգային մրցաբեմերուն վրայ իրենց նուաճումներով կը ներկայացնեն Արցախի անկոտրում ոգին, որ երբեք չի մարիր: Անոնք մարզական պայքարի ճամբով արձանագրած իրենց յաղթանակներով բարձր կը պահեն Արցախի դրօշը եւ արժանապատիւ կերպով կը ներկայացնեն իրենց ժողովուրդը համաշխարհային հարթակներու վրայ: Արա Պուլուզեան շնորհաւորեց Արցախի մարզիկները իրենց վաստկած տիտղոսներուն եւ արձանագրած յաջողութիւններուն համար` մաղթելով, որ անոնք շարունակեն Արցախի դրօշը պահել իրենց սրտերուն մէջ, նորանոր բարձունքներ նուաճեն եւ իրենց հայրենասիրական ոգիով գալիք սերունդները ոգեշնչեն:

Արցախի երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան իր սրտի խօսքին մէջ ՀՄԸՄ-ը նկատեց մեծ ընտանիք մը, որ իր «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր» նշանաբանով տասնամեակներ շարունակ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է հայ կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ հայրենազրկումէն ետք արցախցիները բախեցան բազմաթիւ դժուարութիւններու, իսկ ընկերային ցանցերու եւ զանազան հարթակներու վրայ տարածուող հակաարցախեան քարոզչութիւնը փորձեց ընկճել անոնց ոգին: Սակայն, ՀՄԸՄ-ական երիտասարդներու նուիրումն ու հետեւողական աշխատանքը նպաստեցին այդ դժուարութիւններու յաղթահարման:

Լ. Յովհաննէսեան բարձր գնահատեց Արցախի մարզիկներուն արձանագրած յաջողութիւնները` յայտնելով, որ անոնք, զանազան մարզաձեւերու մէջ ախոյեան դառնալով եւ իրենց նուիրեալ պայքարով, Արցախի հայութիւնը արժանապատիւ կերպով կը ներկայացնեն համահայկական մարզական դաշտին վրայ: Ան խրախուսեց մարզիկները` շարունակելու իրենց ուղին նոյն վճռակամութեամբ` շեշտելով, որ պէտք է կենդանի պահել Արցախ վերադարձի տեսլականը, պահպանել հայրենիքի յիշողութիւնը եւ պատրաստ ըլլալ, որպէսզի բարենպաստ պայմաններու ստեղծման պարագային այդ ամբողջ ներուժն ու ձեռքբերումները տեղափոխուին Արցախ:

Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցան միջազգային մրցաշարքերու ախոյեանական տիտղոսներ շահած Արցախի մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի ձեռամբ ստացան յատուկ յուշանուէրներ եւ նիւթական պարգեւներ:

Պարգեւատրուեցան հետեւեալ մարզիկ-մարզիկուհիները.

Տիգրան Թովմասեան-17 տարեկան, Սանտա Ուշու, աշխարհի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեան, Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր, Ասիոյ ախոյեան, Կովկասի եռակի ախոյեան:

Ալեքս Խաչատրեան- 15 տարեկան, Սանտա Ուշու, Եւրոպայի ախոյեան, Ասիոյ ախոյեան, Կովկասի ախոյեան:

Արսէն Բաղրեան- 25 տարեկան, Սանտա Ուշու, աշխարհի կրկնակի պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան, աշխարհի բաժակի արծաթէ մետալակիր, Եւրոպայի եռակի ախոյեան:

Սեւակ Մուսայէլեան- 20 տարեկան, Սանտա Ուշու, աստղերու բաժակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեան:

Գարոլինա Համբարձումեան- 18 տարեկան, Սանտա Ուշու, աստղերու բաժակի յաղթող, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան:

Ռուզաննա Բալասանեան- 23 տարեկան, սամպոյի Եւրոպայի 2021-ի առաջնութեան երրորդ դիրքին տիրացած, իսկ Հայաստանի սամպոյի 2026-ի ախոյեանութեան երկրորդ դիրքին տիրացած:

Արման Պարսիեանց- 18 տարեկան` ճիւտոյի Պալթեան բաժակի մինչեւ 18 տարեկան դասակարգի 2026-ի ախոյեան` Լեհաստանի Կտինիա քաղաքին մէջ:

Ի բացակայութեան գնահատանքի արժանացան Ալեքս Խաչատրեան (19 տարեկան, սամպօ, 2024-ին Եւրոպայի պատանիներու ախոյեան, 2026-ին Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան) եւ Էռնեստ Միրզոյեան (ճիւտոյի Պալթեան բաժակի մինչեւ 18 տարեկան դասակարգի ախոյեան):

Երեկոյին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի եւ Արցախի կապը անխզելի է: Ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի վերջին Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին որոշումով` միութեան բոլոր սկաուտներն ու մարզիկները իրենց տարազներուն վրայ կը կրեն Արցախի յատուկ պէճը: Նոյն ժողովին որոշուեցաւ նաեւ բարձր պահել Արցախի դրօշը` մինչեւ այն օրը, երբ արցախահայութիւնը վերադառնայ իր պապենական հայրենիք:

Այս առիթով, Յակոբ Խաչերեան պատմական զուգահեռ մը կատարեց` յիշեցնելով, որ ՀՄԸՄ-ը տասնամեակներ շարունակ բարձր պահած էր Եռագոյնը` այն տարիներուն, երբ ան ընդունելի չէր նոյնիսկ կարգ մը հայկական շրջանակներու մէջ` շեշտելով, որ այսօր նոյն վճռակամութեամբ ան պիտի շարունակէ բարձր պահել Արցախի դրօշը, որովհետեւ ան պարզ խորհրդանիշ մը չէ, այլ` մեր ազգային կամքին եւ հաւատքին արտայայտութիւնն է:

Յակոբ Խաչերեան յայտնեց, որ իբրեւ պասքեթպոլի Ասիոյ ցամաքամասի միջազգային ֆետերասիոնի գործադիր տնօրէն շատ բաժակներ եւ մրցանակներ յանձնած է, սակայն Արցախի մարզիկներուն տրուած յուշանուէրը տարբեր իմաստ եւ թելադրականութիւն ունէր իրեն համար: Ան յոյս յայտնեց, որ մօտ ապագային Արցախի մարզիկները միջազգային մրցաբեմերուն վրայ նորանոր ախոյեանութիւններ նուաճեն եւ ազգային քայլերգը հնչեցնեն աշխարհի զանազան հարթակներուն վրայ:

Իր խօսքին աւարտին, Յ. Խաչերեան վստահութիւն յայտնեց, որ Արցախի ազատագրումէն ետք ՀՄԸՄ-ականները ըլլան Արցախի դրօշը առաջին տուն դարձնողները:

Համագումարին Վերջին Օրուան Աշխատանքները

Եռօրեայ աշխատանքներէ ետք, համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. համագումարը իր աւարտին հասաւ երէկ, չորեքշաբթի, 22 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Համագումարի ընթացիկ նիստերուն կողքին, երէկ, յատուկ զեկուցում մը ներկայացուց ԹՈՒՄՕ-ի հանրային կապերու ղեկավար Շուշան Մարուքի` նիւթ ունենալով «Հանրային կապերու դերն ու հնարաւորութիւնները ՀՄԸՄ-ի գաղափարախօսութեան եւ գործունէութեան տարածման մէջ»:

Յայտնենք, որ համագումարի մասնակիցները երէկ այցելեցին Հայաստանի Ազգային արխիւ եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի տեսալսողական գիտաշխատանոց (media lab):

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ազգային օրակարգի շուրջ համախմբված կուս

Կալանավայրում մահացել է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցության՝ ՏԻՄ ընտրություններում

10 Նոյեմբեր 2026
Արցախի ի նպաստ հաւաք, լուռ քայլարշաւ ե

Կիրակի, Նոյեմբեր 8ի երեկոյեան, հայ համայնքի անդամները հաւաքուեցան Կլենտէյլի մէ

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներ

10 Նոյեմբեր 2026
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Համաձայն Ըլլալ Նիկոլ

Պէտք է իրերը կոչել իրենց անուններով։ Յայտարարելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջ

09 Նոյեմբեր 2026
Նոյեմբերի 9-ից Պրահա․ ինչպես փոխվեց Ար

44-օրյա պատերազմը դադարեցվեց 2020 թվականի նոյեմբերի 9-ին՝ Հայաստանի, Ադրբեջանի

09 Նոյեմբեր 2026
Մեր հիմնական եւ առաջնային հարցը Արցախի

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրո

09 Նոյեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներն

2020 թվականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ հայտարարության 6-րդ տարելիցի կապակցությամբ

09 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

09 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմ

Նոյեմբեր 9 - Ազգային յիշողութեան վրայի վէրքը եւ Հայաստանին ապագային հանդէպ յան

09 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ա

09 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողով

Ուրբաթ, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Երեւանի «Քոնկրես» հիւրանոցին մէջ ի

07 Նոյեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի հայտարարո

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը ՄԱԿ-ի Անվտանգության խորհրդի անդամներին և ՄԱԿ-ի

06 Նոյեմբեր 2026
Համազգային Համախմբում

Չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերի վաղ առաւօտուն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութ

06 Նոյեմբեր 2026
Արտահերթ ընտրությունների գնալու միակ տ

Երեկ տեղի ունեցած հավաքում քննարկվել է ընդհանուր ստեղծված իրավիճակը, բռնաճնշու

05 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄի Միջդիւանական 12րդ Խորհրդաժողովը

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Նոյեմբեր 5ի առաւօտեան, Երեւանի «

05 Նոյեմբեր 2026
Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախմբի աջակցութ

2026 թ. Կոնգրեսի միջանկյալ ընտրություններում ամերիկահայ ընտրողները նկատելի ազդ

05 Նոյեմբեր 2026
Ընդդիմադիր ուժերը հայտարարում են համազ

Մենք՝ ներքոստորագրյալ հայաստանյան քաղաքական ուժերս, գիտակցելով հայ ժողովրդի և

05 Նոյեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը IUSY-ի միջազգայ

26-էն 31 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)

04 Նոյեմբեր 2026
Սա կարող է հնարավորություն ընձեռել ընդ

«Բարգավաճ Հայաստան» կուսակցության ղեկավար Գագիկ Ծառուկյանի գործով դատական նիստ

04 Նոյեմբեր 2026
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company