Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
24 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 2026-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ճորճ Գրիգորեանի եւ Յովհաննէս Խօշեանի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան Ազգային կուսակցութիւններու, ուժերու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումին մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի: Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար երեսփոխաններ Ալի Ֆայյատէն եւ Ամին Շըրրիէն, Հըզպալլայի մէջ քրիստոնէական յարաբերութիւններու պատասխանատու Մոհամետ Խանսայէն եւ Ապտալլա Զայհուրէն:
Քննարկուեցան ներկայ քաղաքական իրադարձութիւնները եւ լիբանանեան ներքին կեանքին մէջ արձանագրուած կեցուածքները: Շեշտուեցաւ ներկայ փուլին զգայուն եւ վտանգաւոր ըլլալը, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ բոլոր հարցերը բացառապէս երկխօսութեան միջոցով լուծելու անհրաժեշտութիւնը` հասարակաց ենթահողեր գտնելու նպատակով: Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ խնդրայարոյց հարցերուն շուրջ տարբեր տեսանկիւնները մօտեցնելը` ձգտելով միջին լուծումներու հասնիլ:
Հանդիպումին մասնակիցները քննարկեցին նաեւ ապահովական կացութիւնը եւ մասնաւորաբար լիբանանեան շրջաններու իսրայէլեան բռնագրաւումն ու անոնց հետեւողական քանդումը: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին տեղահանութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ապրուստի դժուար պայմանները: Ժողովականները անդրադարձան այս տագնապներուն ծանրութիւնը լիբանանեան ընկերութեան վրայէն թեթեւցնելու անհրաժեշտութեան:
Հանդիպումին մասնակիցները ընդգծեցին բոլոր կողմերուն միջեւ հաղորդակցութիւնը եւ խորհրդակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
