Եթէ երէկ Ցեղասպանութիւնն ու հատուցումն էին Հայ դատի հետապնդման առանցքային նպատակները, այսօր նաեւ Արցախն է, որ մեզի համար պէտք է մնայ էական ու այժմէական
25 Սեպտեմբեր 2026
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը՝ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի համահայկական խորհրդաժողովի պաշտօնական բացման արարողութեանը.
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով ու հայրական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք ձեզ։
Ահաւասիկ դարձեալ հաւաքուած էք ազգային պահանջատիրութեան նոր մղում ու շեշտաւորում տալու վերանորոգ հաւատքով ու ամուր յանձնառու թեամբ։ Մեզի համար սիրելի է ու ողջունելի մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման նուիրուած եւ զօրեղ կամքով ու աննուաճ ոգիոով թրծուած որեւէ նախաձեռնութիւն։ Այսպէ՛ս եղած է միշտ հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքը ամէն տեղ։
Արդարեւ, մօտէն ծանօթ ըլլալով անցնող տասնամեակներուն հայ դատի ուղղութեամբ ձեր առած քայլերուն ու նուաճած իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ կատարուող հետեւողական ճիգին, կրնանք անվարան վկայել, որ դուք արժանի էք մեր ժողովուրդի բարձր գնահատանքին. որովհետեւ ինչ որ կը կատարէք մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերման համար կը կատարէք՝ հեռու անձնական, կուսակցական ու շահադիտական մօտեցումներէ. կը կատարէք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով, խոր հաւատքով ու գիտակից յանձնառութեամբ։
Ծանօթ ըլլալով ձեր գործունէութեան ու ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն, որոնք երբեք նպաստաւոր չեն հայ դատի հետապնդման աշխա- տանքներուն, կ՚ուզենք կարեւորութեամբ ընդգծել, որ ազգային մեր պահան ջատիրութիւնը իր բոլոր բնագաւառներով ու տարածքներով կը կարօտի վերա նայման ու վերարժեւորման՝ մարտավարական նոր մօտեցումներով ու առաջ- նահերթութիւններու վերադասաւորումով։ Եթէ երէկ ցեղասպանութիւնը ու հատուցումն էր հայ դատի հետապնդման առանցքային նպատակը, այսօր նաեւ Արցախն է, որ մեզի համար պէտք է մնայ էական ու այժմէական։ Սփիւռքը յատկապէս փուշ է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի աչքին. Սփիւռքը իրենց բառով խանգարիչ է, Հայաստանին եւ մեր ժողովուրդին առնչուած իրենց հեռաւոր նպատակներուն։ Այս մօտեցումը մեզ պէտք է մղէ կազմակերպչական նոր ուժ ու գործունէական նոր կենսունակութիւն տալու հայ դատի աշխատանքներուն։
Վստահ ենք, որ յիշեալ եւ այլ յարակից հարցերը լայնօրէն պիտի քննարկուին ձեր կողմէ եւ ապա համապատասխան աշխատանքի ուղեգիծ պիտի ճշդուի։
Այս առիթով, Մեր ջերմ գնահատանքը կը յայտնենք հայ դատին հետ ինքզինք նոյնացուցած եւ այս ուղղութեամբ կեդրոնական դեր կատարած Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին։ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք հայ դատի բոլոր յանձնախումբերուն եւ բոլոր անոնց, բարեկամ թէ բարերար, որոնք զանազան կերպերով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման ծրագիրներուն։
Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
24 Սեպտեմբեր 2026 Անթիլիաս, Լիբանան
