ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Քննարկում

Համազգայինի 90-ամեակ. 90 Տարուան Առաքելութիւն` Հայ Մշակոյթի Ու Գրականութեան Պահպանման Եւ Տարածման

18 Փետրվար 2019 90 տարիներ առաջ հիմը դրուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, որ հետեւողական եւ յամառ աշխատանքով, նուիրումով եւ տարուած գործին նկատմամբ մեծ հաւատքով 9 տասնամեակ շարունակ մնաց պատնէշի վրայ` հայ մշակոյթի, գրականութեան, արուեստի տարբեր բնագաւառներու, կրթութեան եւ հայապահպանութեան պահպանման եւ տարածման իբրեւ ջահակիր:

Այս շաբթուան ընթացքին Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը կը նշէ միութեան 90-ամեակը, եւ այս առիթով «Ազդակ» իր էջերով լոյս պիտի ընծայէ միութեան պատմութեան, գործունէութեան տարբեր բնագաւառներուն եւ անոր առաքելութեան նուիրուած յօդուածներու:

1920-ական թուականները կը զուգադիպին հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթի քաղաքական ու մշակութային նշանակալից վերիվայրումներուն:

1915-1923 թուականներուն օսմանեան ու թրքական իշխանութիւններուն գործադրած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ 1920-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումն ու անոր յաջորդող խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքները պատճառ դարձան հսկայական ալեկոծումներու: Վերապրողները ցրուեցան աշխարհի չորս կողմերը: Միջին Արեւելքի երկիրները հանդիսացան գլխաւոր ապաստաններ:

Նոր պայմաններուն մէջ յեղաշրջուեցաւ նաեւ հայուն կենցաղը, բարոյականն ու մտայնութիւնը: Հայը փոխեր էր իր տեղը: Գիւղացին դարձեր էր վաճառական, արհեստաւոր, արդիւնաբերող: Փոխուեր էին նաեւ բարոյական ըմբռնումները. քաղաքի մէջ ան կը հանդիպէր հազար ու մէկ մրցորդներու, որոնց դէմ պէտք էր պայքարիլ, պէտք էր յաղթել: Կը ստեղծուէր բարոյական նոր ըմբռնում` յաջողիլ, տեղ գրաւել քաղքենիներու շարքին: Հայու հոգին քաղքենիացաւ. յաջողիլը, ինչ միջոցներով ալ ըլլայ, դարձաւ անոր նպատակը: Բնական է, որ նման միջավայրի մը մէջ անաղարտ չէր կրնար մնալ գիւղացի եւ պարզունակ հայու նկարագիրը:

Ահա այս տարագիր, ցիրուցան եղած հայութիւնն է, զոր պէտք էր կազմակերպել եւ միացնել: Անոր բոլոր հատուածներուն մէջ պէտք էր կապ ստեղծել: Պէտք էր մշակել բոլոր այն միջոցները, որոնք կրնային նպաստել հայութեան միացման եւ յարատեւման: Կար նաեւ ուրիշ պահանջ մը` հայ մտաւորականութիւն ստեղծել: Մտաւորականութիւնն է հանրային գաղափարներ մշակողը, ազգութիւնը մէկ մտքի շուրջ հաւաքողը եւ հոգեւոր աշխարհի ղեկավարը: Թուրքը ծանր հարուած հասցուցած էր հայ մտաւորականութեան. գլխատած էր այն խաւը, որ կը մշակէր հոգեւոր արժէքներ եւ կը հաւաքէր հայութիւնը անոնց շուրջը:

Եւ դեռ, պէտք էր հանրային-մշակութային գործիչներ պատրաստել, տարագիր հայութեան ձեռքը գիրք տալ, գիրի եւ դպրոցի միջոցով կենդանի պահել հայ լեզուն դպրոցէն դուրս, ընտանիքներու մէջ: Անհրաժեշտ էր հրատարակել մեր դասական գրականութիւնը, պէտք էր կապել հայը իր անցեալին հետ, տէր դարձնել զայն իր պատմութեան, դարաւոր ժառանգութեան եւ հարուստ մշակոյթին:

Դպրոց, լեզու, գիր, գաղափարական երիտասարդութիւն` ասոնք էին այն գործօնները, որոնք անհրաժեշտ էին այս պայքարին մէջ, հայը հայ պահելու համար:

Հայութեան եւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ յաւերժացման այս հարցը կը դրուէր մասնաւորաբար արաբական երկիրներու մէջ ապրող հայ ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան առջեւ: Հարցը այստեղ աւելի կենսական էր, որովհետեւ հայութեան մեծ զանգուածները կեդրոնացած էին եգիպտական, լիբանանեան եւ սուրիական քաղաքներու մէջ, կ’ապրէին համախումբ: Այս հայութիւնը արդէն կազմակերպուած էր իբրեւ եկեղեցական համայնք: Կային բազմաթիւ ազգային դպրոցներ, բայց չկար աւելի բարձր` միջնակարգ դպրոց, ուր ազգային դպրոց աւարտողները կարենային շարունակել իրենց կրթութիւնը: Անհրաժեշտ էր ճեմարան մը, որ ցանուցիր հայութեան կեանքին մէջ խաղար այն դերը, ինչ որ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը եւ Պոլսոյ Կեդրոնականը խաղացած էին:

Այս գործին իրականացման գլուխը կը կանգնէին Եգիպտոս ապրող խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս` Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեանը, Վահան Նաւասարդեանը, Բժ. Համօ Օհանջանեան, Գասպար Իփէկեան, Ստեփան Եսայեան, Մինաս Խաչատուրեան… Լ. Շանթ եւ Ն. Աղբալեան կը վարէին Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան վարժարանը: Անոնք ջերմ կողմնակից էին բարձր վարժարանի մը հիմնադրութեան եւ իրենց խնամքին յանձնուած դպրոցը կը տանէին այդ ուղղութեամբ:

Լ. Շանթ կ’առաջարկէր կազմել «Լոյս» անունով կրթական-մշակութային ընկերութիւնը,որ պիտի պահէր միայն մէկ վարժարան` Եգիպտոսի կամ Լիբանանի մէջ:

Լ. Շանթ իր առաջարկը Վ. Նաւասարդեանին հետ կը պարզէ Ն. Աղբալեանին: «Լաւ միտք է,- կ’ըսէ ան,- սակայն փո՞ղը. դրամը գաղափար չունի. իսկ գաղափարը` դրամ չունի. մեր մէջ նա, ով գաղափար ունի, դրամ չունի, իսկ ով գաղափար չունի, նա դրամ ունի: Էդ հազար ոսկին դուք ո՞րտեղից պիտի առնէք, ո՞վ ձեզ հազար ոսկի կը տայ»…

Վ. Նաւասարդեան Լ. Շանթին եւ Ն. Աղբալեանին հետ հիմնական հարցի մասին համաձայնելով` Գահիրէի մէջ կ’աշխատին այս ծրագիրը ընդունիլ տալ Ստ. Եսայեանին եւ բժ. Հ. Օհանջանեանին. երկուքն ալ փայլուն դէմքեր էին հասարակական կեանքի մէջ եւ` մեծ հեղինակութեան տէր:

Լ. Շանթի առաջարկին առանց վարանումի կը յարին թէ’ Ստ. Եսայեանը եւ թէ, բժ. Հ. Օհանջանեանը: Անոնց կը միանայ նաեւ Գ. Իփէկեանը: Ասոնց համաձայնութիւնը առնելէ ետք Գահիրէ կու գան Լ. Շանթ եւ Ն. Աղբալեան: Կը կատարուին շարք մը խորհրդակցութիւններ: Ապա հիմնադիր ժողովին կը մասնակցին, բացի վերոյիշեալներէն, Մինաս Խաչատուրեանը, Յակոբ Պալըգճեանը, Սեդրակ Պալըգճեանը, Գուրգէն Մխիթարեանը եւ Կարապետ Մալխասեանը:

Այս ժողովին մէջ երկու տեսակէտներ կը բախին իրարու: Լ. Շանթ, որուն միացած էր նաեւ Ն. Աղբալեան, կողմնակից էին սահմանափակ ծրագրով գործունէութեան: Անոնք կը բաւարարուէին միայն մէկ միջնակարգ դպրոց պահելով, որովհետեւ յոյս չունէին աւելի ընդարձակ գործունէութեան մը վրայ` նիւթականի տագնապի պատճառով: Ընդհակառա՛կը, Վ. Նաւասարդեան, բժ. Համօ Օհանջանեան, Ս. Մալխասեան կը պաշտպանէին աւելի ընդարձակ ծրագիր: Ընկերութիւնը իր գործունէութեան դաշտը պիտի դարձնէր ամբողջ սփիւռքը: Թող նախնական գործը ըլլար համեստ, միայն մէկ դպրոց, բայց ան պիտի ծաւալէր եւ դառնար համազգային ընկերութիւն: Ժողովը ի վերջոյ կ’ընդունի երկրորդ տեսակէտը, եւ նոր ընկերութեան անունն ալ կը կնքուի «Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային ընկերութիւն»:

Նորաստեղծ ընկերութեան բանաձեւուած նպատակը ամբողջութեամբ պատրաստ էր արդէն 28 մայիս 1928-ին: Այդ օրը վերջին անգամ ըլլալով կը սրբագրուի կանոնագրութեան նախագիծը եւ կ’ընդունուի ամբողջութեամբ: Այդ օրուան նիստն ալ կը նկատուի նոր ընկերութեան հիմնադիր նիստը:

Ընկերութեան հիմնադիր ինը անդամներն էին` բժ. Համօ Օհանջանեան, Ստեփան Եսայեան, Գասպար Իփէկեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Մինաս Խաչատուրեան, Սեդրակ Պալըգճեան, Յակոբ Պալըգճեան եւ Սարգիս Մալխասեան:

Ընկերութեան կանոնագրին առաջին կէտը յստակօրէն կը ճշդէր «Համազգային»-ի նպատակը. «Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային ընկերութեան նպատակն է հայ ժողովրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգիով»: Այս նպատակին հասնելու համար «Համազգային»-ը պիտի գործէր երեք ուղիներով.

Ա. Նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն տալ,
Բ. Նպաստել չափահասներու ինքնազարգացման,
Գ. Մշակել հայագիտութիւնը:

Առաջինը` նոր սերունդի դաստիարակութիւնը ամէնէն կարեւորն էր, ամէնէն ընդարձակը եւ մեծ ճիգ ու նիւթական միջոցներ պահանջողը: Պէտք էր հիմնել միջնակարգ վարժարաններ` «եւրոպական քոլեճներու եւ լիսէներու համապատասխան»: Պէտք էր պատրաստել հայերէնով բոլոր նիւթերու դասագիրքեր, մանուկներու եւ պատանիներու համար ընթերցանութեան գիրքեր. պէտք էր օժանդակել հայագիտական երկերու հեղինակներուն: Հայերէնի պէտք էր թարգմանել օտար եւ միջնադարեան գրողներու այն հատուածները, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանին եւ հայերուն: Պէտք էր վերահրատարակել հին հայերէն բնագիրներն ու ձեռագիրները:

Այս հսկայական գործը գլուխ բերելու համար անհրաժեշտ էր երկու բան. նախ` դպրոցական, գրական եւ գիտական աշխատաւորներու մեծ թիւ եւ ապա` նիւթական լայն միջոցներ: Նախքան արտասահմանի գրական-գիտական աշխատաւորները իր շուրջը համախմբելը` «Համազգային»-ը կը ջանայ կազմակերպութեան իր ցանցերը ունենալ ամէն տեղ եւ նիւթապէս ապահովել իր գոյութիւնը:

«Համազգային»-ի գաղափարները ժողովրդականացնելու համար Ն. Աղբալեան 1928-ի ամրան կ՛անցնի Սուրիա եւ Լիբանան, ուր կը կատարէ «Համազգային»-ի մասին հրապարակային բանախօսութիւններ եւ աւելի նեղ շրջանակի մէջ` մասնաւոր խորհրդակցութիւններ:

Նոյն նպատակով Լ. Շանթ կ՛անցնի Ֆրանսա: Յանձնարարուած էր տեսակցիլ Փարիզի մտաւորականութեան հետ եւ մտածել Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, մասնաւորապէս` Ֆրանսա, «Համազգային»-ի մասնաճիւղեր կազմելու մասին:

1928-ի մայիսէն մինչեւ 1929-ի վերջը «Համազգային»-ի համար կ’ըլլայ նախապատրաստութեան, գաղափարներու արծարծման եւ ժողովրդականացման տարի: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կ’ապահովէ նաեւ ՀՅԴ-ի աջակցութիւնը:

3 մարտ 1930-ին կ’իրականանայ Համազգայինի երկրորդական վարժարան մը բանալու ծրագիրը. Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Հայ Ճեմարանը: Հետագային հաստատութիւնը կը ստանայ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան անունը` իր բարերարին յիշատակին, իսկ աւելի ուշ, Անթիլիասի իր համալիրը կը կոչուի նոր բարերարներուն անունով` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան:

«Համազգային» ընկերութեան գործունէութիւնը այնուհետեւ կը շարունակուի գլխաւորաբար կեդրոնացած Ճեմարանի շուրջ եւ Պէյրութի մէջ, տրուած ըլլալով, որ Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Գ. Իփէկեան հաստատուած էին Պէյրութ, ուր գաղութը իր հոծ հայութեամբ մշակութային գործունէութեան ընդարձակ կարելիութիւններ կը ներկայացնէր: Հետեւաբար, 1947-ին Համազգայինի կեդրոնը կը փոխադրուի Պէյրութ, եւ ընկերութիւնը լիբանանեան կառավարութեան կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային Ընկերակցութիւն:

Համազգայինի հիմնադիրներու շարքին Գասպար Իփէկեանի ներկայութիւնը անպայման ծնունդ պիտի տար թատերական շարժումի, այնպէս, ինչպէս Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի ճիգերով կեանքի կոչուած էին Համազգայինի կրթական եւ հրատարակչական առաջին իրագործումները:

1931-ին Գ. Իփէկեան մեծ յաջողութեամբ եւ առաջին անգամ ըլլալով կը բեմադրէր Լ. Շանթի «Օշին Պայլ»-ը, իսկ 1934-ին նոյն յաջողութեամբ կը ներկայացնէր իր հեղինակութեամբ «Արա եւ Շամիրամ»-ը:

1941-ին, իբրեւ Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան նախագահ, ան կը նախաձեռնէ կազմութեանը «Համազգայինի թատերասէրներու միութեան», որուն նպատակը պիտի ըլլար թատերական արուեստի վերահաստատումը եւ տարածումը հայ գաղութներու մէջ: Միութիւնը նաեւ պիտի սերմանէր հաւատք` հայ թատրոնի դաստիարակիչ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ ազգապահպանման գործին անոր բերած նպաստին հանդէպ: «Համազգայինի թատերասէրներու միութեան» անդրանիկ ներկայացումը «Ինկած բերդի իշխանուհին» էր (1942-ին), ապա` Բաբգէն Փափազեանի օժանդակութեամբ «Պէպէքս»-ը (1943-ին), իսկ 1944-ին` Լ. Շանթի «Հին աստուածները», 1945-ին Լ. Շանթի «Կայսր»-ը…:

1952-ին կը մահանայ Գ. Իփէկեանը: Համազգայինի թատերասէրներու խումբը, յաւերժացնելու համար իր ղեկավարին յիշատակը, «Համազգայինի թատերասէրներու միութիւն»-ը կ’անուանէ «Համազգայինի Գասպար Իփէկեան թատերախումբ», որ ցարդ կը շարունակէ կոչուիլ նոյն անունով:

Գ. Իփէկեանի արժանաւոր յաջորդը եղաւ Ժորժ Սարգիսեանը, որ շարունակեց գործել մեծ թափով` իբրեւ բեմադրիչ եւ դերասան-դերուսոյց:

Ամբողջ 30 տարի ԺորԺ Սարգիսեան ամբողջական նուիրումով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ամէնուր: Իր օրով եւ իր անձնական ճիգերով Լիբանանի հայ գաղութը օժտուեցաւ նաեւ սեփական թատերասրահով մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը, համանուն բարերարին նուիրատուութեամբ կառուցուած ու սարքաւորուած:

Ժորժ Սարգիսեանի մահէն ետք աշխատանքը վստահուեցաւ Վարուժան Խտըշեանին եւ այնուհետեւ ուրիշներու :

1931-ին, դարձեալ Պէյրութի մէջ, կը հաստատուի Համազգայինի տպարանը, որ հետագային կը կոչուի իր բարերարին ու գլխաւոր կազմակերպիչին անունով` «Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան»: Տպարանին շնորհիւ զարկ կը տրուի հրատարակչական ու գրատարածման աշխատանքներուն: Համազգայինը Լիբանանի մէջ կ’օժտուի նաեւ սեփական գրախանութով:

1962-ի յունուարէն ի վեր, ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, կը հրատարակուի «Բագին» գրական-մշակութային հանդէսը, որ 1990-ական թուականներու վերջերէն ի վեր կը հանդիսանայ Համազգայինի պաշտօնաթերթը:

1970-ական թուականներուն Լիբանանի թէ արտասահմանի հայկական զանազան կեդրոններու մէջ զգացուեցաւ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մասնագէտ ուսուցիչներու պահանջը: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ձեռնարկեց համալսարանական մակարդակով հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի մը ստեղծման նախապատրաստական աշխատանքներուն: Կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը` բաղկացած Գարեգին եպս. Սարգիսեանէ (հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ապա` Ամենայն Հայոց կաթողիկոս), Վահէ Սէթեանէ, Հրաչ Տասնապետեանէ, Շաւարշ Թորիկեանէ, Վահէ Օշականէ եւ Երուանդ Փամպուքեանէ:

Յիշեալ յանձնախումբին պատրաստած կրթական ծրագիրը ծառայեց Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն Հիմնարկի դասաւանդութիւններուն, որոնք սկսան 1974-ին, 15 ուսանող-ուսանողուհիներով:

Մեծ յոյսերով սկսած գործը ընդհատուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի անապահովութեան պատճառով:

1979-ին վերակազմուեցաւ հիմնարկին առաջին դասարանը` նոր ուսանողներով: 1983-ին հիմնարկը տուաւ 21 շրջանաւարտներու հունձք մը, որ ամբողջացուցած էր հիմնարկին քառամեայ ընթացքն ու ծրագիրը:

2002-2003 կրթական տարեշրջանի աւարտին, Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը տուաւ իր 21-րդ հունձքը` շրջանաւարտներուն թիւը բարձրացնելով 146-ի:

1974-ին հիմնուած այս հիմնարկը, տարիներու ընթացքին մնայուն ճիգին մէջ եղաւ ծառայելու իրեն ճշդուած առաքելութեան եւ պատրաստեց երիտասարդ մարդուժ մը, որ այսօր կը գործէ իբրեւ ուսուցիչ, խմբագիր, կը վարէ ազգային զանազան կառոյցներու տնօրէնութեան թէ գործավարութեան պաշտօնները, Լիբանանի մէջ թէ այլուր:

2005-ին, նիւթական դժուարութիւններու եւ թեկնածուներու սակաւութեան պատճառով հիմնարկը դադրեցաւ գործելէ:

Համազգայինի Մարսէյի կրթական կեդրոնը կեանք կ’առնէ 1980-ին` Կեդրոնական վարչութեան, իսկ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն վարժարանը 1986-ին Սիտնիի մէջ` Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ:

Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, 1995-էն ի վեր Լիբանանի մէջ կը սկսի ամառնային Ուսանողական մշակութային հաւաքը, որ 2002-էն ի վեր կը շարունակուի տեղի ունենալ Հայաստանի մէջ:

Այլ աշխատանքներ, ընդգրկելով մշակոյթի այլազան մարզերը, կը զարգանան տեղական մակարդակներու վրայ: Արդարեւ, 1960-ական թուականներուն, սփիւռքահայ զանգուածներու տեղաշարժերուն պատճառով, Համազգայինի մասնաճիւղեր կը սկսին յառաջանալ Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ տարածքին: Կրթական-մշակութային գործունէութիւնը կանուխէն կը ծաւալի նաեւ Իրանի մէջ` Համազգայինի գործակից «Արարատ» եւ այլ կազմակերպութիւններու ջանքերով: Ժամանակի ընթացքին նոյն երկրամասին մէջ գործող մասնաճիւղերը միասնաբար կը յառաջացնեն շրջանային կառոյցներ:

1990-ի օգոստոսին Աթէնքի մէջ կը գումարուի Համազգայինի համասփիւռքեան Ա. Պատգամաւորական ժողովը, ուր կ’որդեգրուի միութեան անուան ներկայ տարազումը` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն, եւ կը յառաջանայ առաջին ընտրովի Կեդրոնական վարչութիւնը:

Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան, 1994-ի սեպտեմբերին կը գումարուի Համազգայինի Բ. Պատգամաւորական ժողովը, իսկ 1998-ի Սեպտեմբերին, 2002-ի մարտին, 2006-ի ապրիլին եւ 2010 մայիսին տեղի կ՛ունենան Գ., Դ. Ե. եւ Զ. Պատգամաւորական ժողովները, Լիբանանի Ատմա ու Այն Սաատէ շրջաններուն մէջ, իսկ Է. եւ Ը. Պատգամաւորական ժողովները` 2014-ի մայիսին եւ 2018-ի մայիսին Երեւանի մէջ, Հայաստան:

Համազգայինը կը գործէ երկու գրասենեակներով` Պէյրութի գրասենեակը (Կեդրոնական վարչութեան նստավայր) եւ Երեւանի գրասենեակը: Վերջերս սկսած են գործել նաեւ Արցախի եւ Ջաւախքի գրասենեակները:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ակնարկ.. Երբ սկսում են փոխել պատմութեա

Պատմութիւնը սովորաբար չի կեղծւում մէկ օրում։ Այն նախ վերանւանւում է, յետոյ՝ վե

19 Օգոստոս 2026
Փաշինյանի վարչախմբի համար թուլացնել սփ

Հայաստանի խորհրդարանի ամբիոնից «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցության (Նիկոլ

19 Օգոստոս 2026
Դուք կուրացած եք Թուրքիայի նկատմամբ վա

«Անցնող օրերին, երբ որ իմ դաշնակցական ընկերները կամ ընդդիմության ներկայացուցիչ

19 Օգոստոս 2026
Քաղաքական ներկայութիւնը որպէս ազգային

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար Հայաստանում քաղաքական մասնակցութիւնը սոսկ

19 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Եունեսքօ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակոյթ եւ շտապ հարցեր բաժինի տն

19 Օգոստոս 2026
Միացնող, Ոչ Բաժանող

Հայաստանի Ազգային ժողովի կազմակերպման կառոյցի ստեղծման աշխատանքը կը շարունակու

19 Օգոստոս 2026
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Պաղե

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը յայտնէ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցո

18 Օգոստոս 2026
Երբ քաղաքական իշխանությունն է որոշում՝

ԱԺ-ում այսօր՝ օգոստոսի 18-ին շարունակվում է ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների պաշտպանո

18 Օգոստոս 2026
Ակնարկ. «Իրական Սփիւռք»-ի Հրամցուող Ապ

Գործող իշխանութիւններու խորհրդարանական մէկ ներկայացուցիչին սփիւռքի մասին կատար

18 Օգոստոս 2026
Հայաստանի իշխանությունները կրկին չկատա

Կրթական ոլորտի խնդիրների մասին անցնող շրջանում շատ եմ խոսել և շարունակելու եմ

17 Օգոստոս 2026
Այցելություն Վահան Հովհաննիսյանի շիրիմ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետությունում ՀՀ արտակարգ եւ լիազ

16 Օգոստոս 2026
Այսօր Վահան Հովհաննիսյանը կդառնար 70 տ

«Մենք երբեք ձեզ երկնային մանանա չենք խոստացել: Մենք ասել ենք` եթե դուք իրոք պա

16 Օգոստոս 2026
Հայ երիտասարդությունը հավատարիմ է մնու

Ամփոփվեց ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միության և ՀՅԴ Ֆրանսիայի «Նոր Սերունդ» Երիտա

15 Օգոստոս 2026
Աշխարհասփյուռ երիտասարդական միությունն

«Հանուն Արցախի» բանակման շրջանակում ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Հովսեփ Տեր-Գևորգյանը հա

15 Օգոստոս 2026
Հայոց ցեղասպանության միջազգային ճանաչո

Հայոց ցեղասպանության միջազգային ճանաչման գործընթացը հնարավոր չէ կասեցնել. օգոս

15 Օգոստոս 2026
Ոտքի Կանգնող «Ամբաստանեալներ»-ը

«Ոտքի կանգնեցէ՛ք ամբաստանեալներ»․․․դատական նիստերու ընթացքին յաճախ գործածուած

14 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Պանք Օթոման Եւ Խոստումներ

Պանք Օթոմանի գործողութեան 130-ամեակին այժմէական հնչեղութիւն հաղորդելու որեւէ

14 Օգոստոս 2026
Այս իշխանությունը սպառնալիք է հայկական

Այս իշխանությունը սպառնալիք է հայկական պետականության համար, հետևաբար, նոր գում

12 Օգոստոս 2026
«Հանուն Արցախի»՝ միասին, Արցախ վերադառ

Արցախից բռնի տեղահանությունից հետո ժամանակը չի կարող մեզ հեռացնել Արցախից։ Ընդ

12 Օգոստոս 2026
Եկեղեցին Անջատ Է Պետութենէն

Պատմականօրէն աննախընթաց իրողութեան մը ականատես եղանք ուրբաթ, 7 օգոստոսին: Ամեն

12 Օգոստոս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company