ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Պետո (Աղեքսանդր Պետրոսյան). Հայ ազատագրական շարժման անպարտելիության աղբյուրը

22 Հունիս 2012

Յու­նի­սի 20էն 24 եր­կա­րող օ­րե­րուն, ո­րոշ աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն՝ հա­ւա­նա­բար ­Յու­նիս 23ին, 121 տա­րի ա­ռաջ՝ 1896ին, «­Գա­րա­հի­սար լե­րան կրծքին՝ նա էլ ըն­կաւ վի­րա­ւոր. կուրծ­քը պատ­ռած, սիր­տը խո­ցո­ւած, չար թշնա­մու գնդա­կով»…

Այդ­պէս ծան­րօ­րէ՛ն վի­րա­ւոր, բայց մին­չեւ վեր­ջին շունչ կռի­ւը շա­րու­նա­կե­լով՝ հա­րիւ­րա­ւոր իր զի­նա­կից­նե­րուն հետ նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ ան­զու­գա­կան ­Պե­տօ։

Ամ­բողջ ­Յու­նիս ա­մի­սը, այդ տա­րի, օր­հա­սա­կան օ­րեր բա­ժին հա­նեց ­Վան-Այ­գես­տա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յոց Վաս­պու­րա­կան գա­ւա­ռի մեր ժո­ղո­վուր­դին։

Կար­միր ­Սուլ­թա­նը վճռած էր ա­րեան մէջ խեղ­դել հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման զէնք, զի­նամ­թերք եւ մար­տա­կան ուժ հասց­նող Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րե­ւե­լեան սահ­մա­նեզ­րի՝ ­Հայ­կա­կան Նա­հանգ­նե­րու հա­յու­թիւ­նը։

Զէյ­թու­նէն, ­Սա­սու­նէն, Տ­րա­պի­զո­նէն եւ ­Կա­րի­նէն ետք, կար­գը հա­սած էր Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան։ Եըլ­տը­զի պա­լա­տէն ար­ձա­կո­ւած էր ընդ­հա­նուր կո­տո­րա­ծի հրա­հան­գը։

Միայն մէկ ընտ­րանք ու­նէր հա­յու­թիւ­նը. ան­խու­սա­փե­լի մա­հո­ւան դէմ կուրծք ցցել, զէնք վերց­նել եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ մղել՝ քաջ գի­տակ­ցե­լով, որ ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ճա­կա­տում մը կը սպա­սէր ի­րեն, ուր ստոյգ մա­հո­ւան վտան­գին դէմ ի­րեն կը մնար զէն­քի ու­ժով պաշտ­պա­նո­ւե­լու եւ փրկո­ւե­լու միակ յոյ­սը։

Այդ­պէ՛ս տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Վա­նի հա­յու­թեան հե­րո­սա­կան ա­ռա­ջին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հե­րո­սա­կան կռի­ւը։

Ամ­բողջ շա­բաթ մը, հա­յա­հոծ Այ­գես­տա­նը դի­մադ­րեց թրքա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քին եւ ա­նոր միա­ցած քիւրտ աս­պա­տակ­նե­րու գրոհ­նե­րուն։

Մինչ գա­ւա­ռա­յին շրջան­նե­րուն մէջ, յատ­կա­պէս յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թե­նէ զուրկ գիւ­ղե­րու պա­րա­գա­յին, ան­զէն հա­յու­թիւ­նը հա­զար­նե­րով կո­տո­րո­ւե­ցաւ, ան­դին՝ Վան-Այ­գես­տա­նի մէջ, հայ յե­ղա­փո­խա­կան ե­րեք կու­սակ­ցու­թեանց միա­ցեալ ու­ժե­րով մղո­ւած ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռիւ­նե­րուն շնոր­հիւ, հա­յու­թիւ­նը փրկո­ւե­ցաւ ստոյգ կո­տո­րա­ծէ։

Բայց ա­հա­ւոր էր դա­ւադ­րու­թիւ­նը եւ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց հիւ­պա­տոս­նե­րու պի­ղա­տո­սեան հա­յեաց­քին տակ, նոյ­նիսկ մեղ­սակ­ցու­թեամբ, ­Վա­նի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռի­ւը կազ­մա­կեր­պած ու յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կած հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րէն պա­հան­ջո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ շրջա­նէն։

Այդ պա­հան­ջին, յատ­կա­պէս դուր­սէն ե­կած յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հե­ռաց­ման յոր­դոր­նե­րուն, ձայ­նակ­ցե­ցան նաեւ նոյ­նինքն ­Վա­նի հա­յու­թեան ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց պա­տաս­խա­նա­տու­ներն ու ջո­ջե­րը։
Եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը՝ ար­մե­նա­կան Ա­ւե­տի­սեա­նի, հնչա­կեան ­Մար­տի­կի ու դաշ­նակ­ցա­կան ­Պե­տո­յի միա­ցեալ ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ի­րենց զէն­քե­րով, հե­ռա­ցան Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հէն՝ սահ­մա­նը հա­տե­լու եւ ­Պարս­կաս­
տան անց­նե­լու նպա­տա­կով։
Բայց թրքա­կան զօր­քե­րը հրա­հանգ ու­նէին հե­տապն­դե­լու նա­հան­ջող հայ մար­տիկ­նե­րը եւ կո­տո­րե­լու զա­նոնք՝ ընդ­հան­րա­պէս հայ­կա­կան դի­մադ­րա­կա­նու­թեան կո­րո­վը եւ ան­պար­տե­լիու­թեան ու­ժի աղ­բիւ­րը ճզմե­լու, ջախ­ջա­խե­լու նպա­տա­կով։

Նա­հան­ջի ճա­նա­պար­հին եւս հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը քա­ջա­րի կռիւ մղե­ցին, քա­նի մը օր շա­րու­նակ ետ մղե­ցին թրքա­կան զօր­քե­րը ու կրցան ճեղ­քել ա­նոնց պա­շար­ման օ­ղակ­նե­րը։ ­Բայց թրքա­կան զօր­քին շա­րու­նակ օգ­նու­թեան հա­սան քրտա­կան ցե­ղա­խում­բե­րը, ո­րոնց­մէ յատ­կա­պէս ­Մազ­րիկ ցե­ղը, Շա­րաֆ բէ­կի գլխա­ւո­րու­թեամբ, իս­կա­կան պա­տու­հա­սը դար­ձաւ ար­դէն ու­ժաս­պառ դար­ձած եւ զի­նամ­թեր­քը սպա­ռած հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն։
Եւ այդ­պէ՛ս, ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով մղո­ւած մար­տե­րու մէջ, հա­րիւ­րա­ւոր հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ մին­չեւ վեր­ջին շունչ կռո­ւե­ցան ու մար­տի­րո­սա­ցան։

Եւ այդ­պէ՛ս, յե­ղա­փո­խա­կան եր­գի սրտաճմ­լիկ բա­ռե­րով, մին­չեւ իր ա­րեան վեր­ջին կա­թի­լը կռուե­լով նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ քա­ջա­րի յե­ղա­փո­խա­կա­նը՝ ՊԵՏՕ ա­նուն ան­մա­հը։
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նը Ա­ղեք­սանդր ­Պետ­րո­սեան էր։ Ծ­նած էր ­Կարս, 1870ին, չքա­ւոր ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ։ 1890ին, երբ նոր կը կազ­մո­ւէր ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, ­Պե­տօ քսա­նա­մեայ ու­սու­ցիչ էր Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի մէջ։ Ան­մի­ջա­պէս միա­ցաւ նո­րա­կազմ կու­սակ­ցու­թեան եւ ուղ­ղո­ւե­ցաւ ­Թաւ­րիզ, ­Պարս­կաս­տան, հոն­կէ Եր­կիր անց­նե­լու հա­մար։

Պե­տօ ­Վան հա­սաւ 1890ի վեր­ջե­րուն՝ իբ­րեւ նէօ­քար (ծա­ռայ) ծպտո­ւած. ոտ­քին տրեխ­ներ եւ գլխուն՝ բուր­դէ փա­փախ, ինչ­պէս որ կը վկա­յէ «Դ­րօ­շակ», 1896ին, յետ մա­հու ­Պե­տո­յի նո­ւի­րուած իր ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւա­ծով։ Այդ­պէս աննկատ շրջե­ցաւ ­Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հով մէկ։ ­Մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ եւ ան­ձամբ իր մոր­թին վրայ կրեց հայ գեղ­ջու­կին բա­ժին ին­կած չքա­ւոր կեան­քի դա­ժա­նու­թիւնն ու կե­ղե­քում­նե­րը։ Ամ­բողջ եր­կու տա­րի այդ­պէս գոր­ծեց եւ ծայ­րա­գոյն գաղտ­նա­պա­հու­թեամբ, Այ­գես­տա­նի եւ շրջա­կայ գա­ւառ­նե­րուն մէջ, հի­մը դրաւ դաշ­նակ­ցա­կան կա­ռոյ­ցին։ Եւ ա­մէն ան­գամ, որ թուր­քե­րու, քիւր­տե­րու եւ մին­չեւ իսկ յե­ղա­փո­խու­թե­նէն սար­սա­փող հա­յե­րու կող­մէ նկա­տո­ւած ըլ­լա­լու կաս­կա­ծը ու­նե­ցաւ, ­Պե­տօ իր տեսքն ու ար­հես­տը փո­խեց. ե­ղաւ փե­րե­զակ կամ բուրդ մա­նող, բայց անվ­հատ շա­րու­նա­կեց սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի լայն խա­ւե­րուն հետ մօ­տէն շփո­ւե­լու, յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հաս­նե­լու եւ զա­նոնք իր յե­ղա­փո­խա­շունչ ո­գիով ներգ­րա­ւե­լու ընդ­յա­տա­կեայ աշ­խա­տան­քը։

Պե­տո­յի յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­նէու­թեան դար­ձա­կէ­տը ե­ղաւ 1892ին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հ.Յ.Դ. Ա­ռա­ջին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, ­Թիֆ­լի­սի մէջ, ուր­կէ ­Վան վե­րա­դար­ձաւ՝ իբ­րեւ շրջա­նի Հ.Յ.Դ. լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ ար­դէն կով­կա­սա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ բաղ­կա­ցած յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու սե­փա­կան խում­բով, զէն­քով ու զի­նամ­թեր­քով։

Դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու երկ­րորդ սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն ­Ռու­բէն Տէր-­Մի­նա­սեան եւ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան, հե­տա­գա­յին գրո­ւած ի­րենց յու­շե­րուն մէջ, վկա­յա­կո­չե­լով 1890ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան ­Վա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կերպ­ման մէջ ներդ­րում ու­նե­ցած ա­ռա­ջին գոր­ծիչ­նե­րը, կ­’ա­ռանձ­նաց­նեն եւ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը շեշ­տեն ­Պե­տո­յի ու­նե­ցած մե­ծակ­շիռ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Պահ­պա­նո­ղա­կան վա­նե­ցի­նե­րու մէջ յե­ղա­փո­խա­կան մար­տու­նա­կու­թեան ո­գին արթնց­նե­լու եւ, մա­նա­ւա՛նդ, մեղկ ու սնա­փառ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րէն վա­նե­ցի­նե­րու ու­նե­ցած հիաս­թա­փա­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու ա­ռու­մով՝ ­Պե­տօ ուղ­ղա­կիօ­րէն հրաշք գոր­ծեց ­Վաս­պու­րա­կա­նի մէջ վե­ցա­մեայ իր գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նին։

Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նի Ամ­բող­ջա­կան ­Տի­պա­րը ե­ղաւ ՊԵՏՕ։ Ա­մէն կար­գի զրկանք­նե­րու դի­մա­ցող եւ ա­մէ­նէն օր­հա­սա­կան պա­հե­րուն ան­գամ յե­ղա­փո­խա­կան իր ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը վառ պա­հող ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նը ե­ղաւ ան։
Պա­տա­հա­բար չէր, այլ իր նկա­րագ­րին ու­ժով եւ գա­ղա­փա­րա­կան ան­կոտ­րում հա­ւատ­քին շնոր­հիւ էր, որ ­Պե­տօ կրցաւ շատ ա­րագ իր շուրջ հա­մախմբել Ար­մե­նա­կան եւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեանց սկզբնա­պէս միա­ցած, բայց ա­նոնց խար­խա­փում­նե­րէն շու­տով հիաս­թա­փո­ւած Այ­գես­տա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը։ Այդ­պի­սին ե­ղաւ անն­ման Վազ­գէ­նը (­Տիգ­րան ­Տէ­րո­յեան), որ դար­ձաւ ­Պե­տո­յի աջ բա­զու­կը, իսկ ա­նոր նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք, միեւ­նոյն ո­գիով եւ ու­ղիով, շա­րու­նա­կեց ա­նոր սկսած մեծ գոր­ծը։

Յե­ղա­փո­խա­կան ցու­ցա­մո­լու­թեան դէմ իր մղած ան­հաշտ պայ­քա­րին եւ խստա­կեաց ու խստա­պա­հանջ վար­քու­բար­քին շնոր­հիւ էր, նաեւ, որ ­Պե­տօ յա­ջո­ղե­ցաւ միջ-կու­սակ­ցա­կան հա­մե­րաշ­խու­թեան հո­ղը պատ­րաս­տել ­Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան մէջ։ Նոյն­պէս, հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ար­մա­տա­ւո­րու­մին եւ ամ­րապն­դու­մին հա­մար, ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն տո­ւաւ գա­ւա­ռի եւ հայ­կա­կան գիւ­ղե­րու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, թէեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ուշ մտաւ Վան, բայց ե­ղաւ ա­ռա­ջի­նը, որ զի­նեց ու մար­տա­կա­նօ­րէն կազ­մա­կեր­պեց Վաս­պու­րա­կա­նի գա­ւա­ռա­յին շրջան­նե­րը։

Պե­տօ եր­կար չապ­րե­ցաւ։ Իր ան­ձին օ­րի­նա­կով յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում ա­ռա­ջաց­նող եւ մար­տու­նակ կազ­մա­կեր­պու­թիւն ստեղ­ծող ան­զու­գա­կան գոր­ծի­չը հա­զիւ 26 տա­րե­կան էր, երբ ­Յու­նիս 1896ի այս օ­րե­րուն, հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ­Վա­նէն հե­ռաց­ման օ­րե­րուն, ին­կաւ զէն ի ձե­ռին, յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դի ու Երկ­րի պաշտ­պա­նու­թեան։
Բայց իր մա­հով ­Պե­տո­յի սկսած գոր­ծը ոչ միայն կանգ չա­ռաւ, այ­լեւ յա­ւե­լեալ թա­փով ու ո­գե­ւո­րու­թեամբ յա­ռաջ մղո­ւե­ցաւ։

Այդ­պէս ալ պէտք է ըլ­լար, ո­րով­հե­տեւ «­Գա­րա­հի­սար լե­րան կրծքին՝ նա էլ ըն­կաւ վի­րա­ւոր»՝ յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան անմ­նա­ցորդ անձ­նո­ւի­րու­մի կեն­դա­նի, այ­լեւ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան վա­րա­կիչ օ­րի­նա­կը տա­լով։

«­Դու ըն­կար ըն­կեր­նե­րիդ հետ, անվ­հա՛տ գոր­ծի՛չ, ձեր մար­մին­նե­րը պա­տառ-պա­տառ, ձեր ոս­կոր­նե­րը ցի­րու­ցան են՝ «­Հան­գի՜ստ ոս­կե­րացդ» չենք կա­րող ձեզ ուղ­ղել, բայց տե­սէ՛ք, ձեր ըն­կեր­նե­րը ո­գե­ւո­րո­ւած ձեր հե­րո­սա­կան կեան­քով ու մա­հով, չտես­նո­ւած կա­տա­ղու­թեամբ հա­րո­ւած­ներ են թա­փում ա­րիւ­նար­բու թշնա­մու գլխին. տե­սէ՛ք, գա­զա­նը հո­գե­վար­քի մէջ է, եւ հե­ռու չէ այն օ­րը, երբ հայ ազ­գը ցնծու­թեան մէջ կը մաղ­թի՝ «­Հան­գի՜ստ ձեր բազ­մա­տանջ հո­գի­նե­րին, ա­զա­տու­թեան նա­հա­տակ­նե՛ր»։

ՊԵՏՕ ա­մէ­նէն զտա­րիւն մարմ­նա­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան կռո­ւին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած գա­ղա­փա­րի մար­տիկ­նե­րու սե­րուն­դին, որ անկրկ­նե­լի շատ ու շատ հե­րոս­նե­րու ա­րեամբ հար­թեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան ու­ղին։

Պե­տո­յի եւ հա­րիւ­րա­ւոր իր ըն­կեր­նե­րու նա­հա­տա­կու­թեան օր­հա­սա­կան այս օ­րո­ւան խոր­հուր­դը ո­գե­կո­չե­լով՝ ա­նոնց ա­նե­րեր հա­ւատ­քին ու ան­վե­հեր մար­տու­նա­կու­թեան ու­ղիով հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան եր­թը շա­րու­նա­կե­լու ուխ­տը կը վե­րա­նո­րո­գենք։

Ո­րով­հե­տեւ ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար մղո­ւած հե­րո­սա­կան պայ­քա­րին ու յա­րա­տեւ կռո­ւին մէջ ին­կող հե­րոս­նե­րու ԱՒԱՆ­Դով ազ­գե­րը կը նո­ւա­ճեն ի­րենց պայ­ծառ գա­լի­քը։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ 53-րդ Շրջանային Ժողո

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի 53-րդ Շրջանային Ժողովը սկսաւ

11 Նոյեմբեր 2026
Խմբագրական. Ո՛չ՝ պարտադրուած Սահմանադր

Հայաստանի Սահմանադրութեան շուրջ ծաւալող պայքարը պարզապէս իշխանութեան եւ ընդդիմ

11 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւե

Հայաստանի առաջին նախագահին գլխաւոր խորհրդականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին հն

11 Նոյեմբեր 2026
Փաշինյանի անիմաստ ելույթը Համաշխարհայի

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը ելույթ է ունեցել նոյեմբերի 6-ին Երևանում անցկացված Հա

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարար

Հայաստանում կալանքը վաղուց վերածվել է իշխանության քաղաքական հակառակորդներին լռ

10 Նոյեմբեր 2026
Ազգային օրակարգի շուրջ համախմբված կուս

Կալանավայրում մահացել է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցության՝ ՏԻՄ ընտրություններում

10 Նոյեմբեր 2026
Արցախի ի նպաստ հաւաք, լուռ քայլարշաւ ե

Կիրակի, Նոյեմբեր 8ի երեկոյեան, հայ համայնքի անդամները հաւաքուեցան Կլենտէյլի մէ

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներ

10 Նոյեմբեր 2026
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Համաձայն Ըլլալ Նիկոլ

Պէտք է իրերը կոչել իրենց անուններով։ Յայտարարելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջ

09 Նոյեմբեր 2026
Նոյեմբերի 9-ից Պրահա․ ինչպես փոխվեց Ար

44-օրյա պատերազմը դադարեցվեց 2020 թվականի նոյեմբերի 9-ին՝ Հայաստանի, Ադրբեջանի

09 Նոյեմբեր 2026
Մեր հիմնական եւ առաջնային հարցը Արցախի

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրո

09 Նոյեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներն

2020 թվականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ հայտարարության 6-րդ տարելիցի կապակցությամբ

09 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

09 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմ

Նոյեմբեր 9 - Ազգային յիշողութեան վրայի վէրքը եւ Հայաստանին ապագային հանդէպ յան

09 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ա

09 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողով

Ուրբաթ, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Երեւանի «Քոնկրես» հիւրանոցին մէջ ի

07 Նոյեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի հայտարարո

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը ՄԱԿ-ի Անվտանգության խորհրդի անդամներին և ՄԱԿ-ի

06 Նոյեմբեր 2026
Համազգային Համախմբում

Չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերի վաղ առաւօտուն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութ

06 Նոյեմբեր 2026
Արտահերթ ընտրությունների գնալու միակ տ

Երեկ տեղի ունեցած հավաքում քննարկվել է ընդհանուր ստեղծված իրավիճակը, բռնաճնշու

05 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄի Միջդիւանական 12րդ Խորհրդաժողովը

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Նոյեմբեր 5ի առաւօտեան, Երեւանի «

05 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company