ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

«Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է». Եղիշէ Չարենց

17 Դեկտեմբեր 2019 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ներս վերջին մէկ ամսուան ընթացքին տարուած մեր յաղթանակները ոտքի հանած են մեր ժողովուրդը ամէնուրեք և խանդավառութեան ալիքը ամէն կողմ է տակաւին։ Դիմատետրի պատերը նեղ կու գան մեր հաւաքական ապրումներուն համար։ Սրտաբուխ խօսքերուն մէկ մասը նաև ուղղուած է ինծի, քանի որ տարիներ առաջ ինծի վիճակուեցաւ վերցնել պատասխանատւութիւնը ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործին, որ այսօր – շատ աւելի մեծ տարողութեա՛մբ -- կը տարածուի ամերիկահայ քաղաքական կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս ամերիկահայութեան հաւաքական ձգտումները ԱՄՆ-ի համապետական օրակարգի բարդ կառոյցին միաձուլելոու հիմնական առաջադրութեամբ։ Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ այսօր, հազարաւոր նուիրեալներու և մէկէ աւելի սերունդներու անդուլ աշխատանքին արգասիքն է։

Պէտք է յիշեցնեմ, որ անցնող գրեթէ քառասուն տարիներու ընթացքին, հերթափոխութեան կարգով, Յանձնախումբի պատասխանատւութիւնը արդէն անցած է սերունդէ սերունդ։ Գործին ղեկավարութիւնը յաջորդաբար ստանձնած են Ընկերներ Մուրատ Թոփալեան, Քեն Խաչիկեան և ներկայիս՝ Րաֆֆի Համբարեան, իւրաքանչիւրը՝ մեր գործին բերելով նոր գիտութիւն, նոր տեսիլք, նոր եռանդ և յարանորոգ վճռակամութիւն։ Բայց նաև ճշմարիտ է այն, որ շրջանաւարտ ընկերները չեն դադրած և չեն դադրիր գործին զինուորագրուած մնալէ։ Անոնք միշտ հոն են, Յանձնախումբի պատասխանատու ընկերոջ տրամադրութեան տակ։ Եւ այս յարաբերութիւնը երբեք ձևական չէ եղած։ Առանց խախտելու իրաւասութիւններու սահմանները -- և անկախ իրենց հանգամանքէն -- բոլոր ընկերները կը գտնուին մշտական «զօրակոչի տակ», իսկ Հայ Դատի գործի ոլորտին մէջ միշտ տիրապետող եղած է նուիրումի և արդիւնաւէտ գործի գիտակցութիւնն ու ոգին։ Եւ փաստօրէն այդ քառասուն տարիներու ընթացքին քայլ առ քայլ ընդարձակուած է Հայ Դատի գործին ծաւալն ու տարողութիւնը։ Ան դարձած է բազմաշերտ և բազմաբևեռ։ Իսկ մեր անկախ պետականութեան վերածնունդով և ԱրցաԽեան հիմնահարցի միջազգայնացումով՝ ան մտած է նոր փուլ և այսօր կը գործէ բոլորովին նոր հրամայականներով։

Այսօր հպարտութեամբ կը հաստատեմ, որ հայրենի պետական դիւանագիտութեան զուգահեռ ՀՅԴ Հայ Դատի կառոյցները ունին որոշիչ և լրացուցիչ ներդրում մեր քաղաքական օրակարգի ձևաւորման և ընթացաւորման մէջ։ Հերթափոխութեան նոյն առողջ սկզբունքնեոով, Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի Վարիչ Տնօրէնի պատասխանատւութիւնը յաջորդաբար ստանձնած են Ընկերներ՝ Պերճ Կարապետեան, Վահէ Եագուպեան, Սեդօ Պոյաճեան, Վիգէն Սոնենց Փափազեան և ներկայիս Արամ Համբարեան։ Յանձնախումբի արտաքին հաղորդակցութիւններու գործը վարած է Եղիսաբէթ Չուլճեան միաժամանակ ստանձնելով բազմաթիւ այլ բանալի պատասխանատւութիւններ։ Ուաշինկթընի գրասենեակի քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ, լիաժամ պաշտօնավարութեամբ, կարևոր դերակատարութիւն ունեցած են Գրիգոր Պետեան, Քրիստափոր Հեքիմեան, Կարօ Մանճիկեան, Աբրահամ Նիզիպլեան, Քէյթ Նահապետեան, Րաֆֆի Գարագաշեան, Թերեզա Երիմեան։ Տարիներու ընթացքին, գրասենեակի ամէնօրեայ գործերուն մէջ պատասխանատւութիւններ վերցուցած է նաև ամբողջ բանակ մը հաւատաւորներու (լիաժամ, մասնաժամ կամ կամաւոր հանգամանքով), որոնք օրը-օրին վարած են գրասենեակի բազմաբովանդակ ծրագիրները։ Ներկայիս գրասենեակի անձնակազմին մաս կը կազմեն նաև Ընկերներ Յարութիւն Մարկոսեան, Սիփան Յովհաննէսեան և Ներսէս Սեմերճեան։

Այս յօդուածին նեղ սահմանները անհնարին կը դարձնեն թւումը անուններու։ Մեծ է թիւը այն նուիրեալներուն, որոնցմէ ամէն մէկը իր դրոշմը դրած է Հայ Դատի մեր իրագործումներուն վրայ։ Անոնք եկած են ինքնակոչ։ Անոնց նուիրումը եղած է անսակարկ։ Անոնց աշխատունակութիւնը եղած է առասպելական։ Անոնց գործի արդիւնաւէտութիւնը՝ վե՛ր ամէն գնահատականէ։ Հայ Դատի գործը եղած է և է քաշողութեան հզօր բևեռ մը տաղանդի և յանձնառութեան։ Մեր երիտասարդութեան ամենէն ուժական տարրերը տևաբար հաւաքուած են և կը հաւաքուին Հայ Դատի գրասենեակներուն շուրջ յաճախ անկախ իրենց կուսակցական պատկանելիութենէն կամ համակրութիւններէն։ Պէտք է անշուշտ յստակացնեմ, որ Յանձնախումբը կը գործէ ԱՄՆ-ի ՀՅԴ երկու Կեդրոնական Կոմիտէներու և ՀՅԴ Բիւրոյի վերահսկողութեան տակ։ Այս բանը, սակայն, տեղի կ՚ունենայ պատուիրակումի (delegation) առողջ սկզբունքներով։ Յանձնախումբի իրաւասութեան ծիրը կ՚ընդգրկէ Ամերիկայի դաշնակցային (դաշնային, federal) քաղաքականութեան ոլորտը միայն։ Յանձնախումբի իրերայաջորդ կազմերուն մէջ գործած են մեծ թիւով ձեռնհաս ընկերուհիներ և ընկերներ, որոնք օրը-օրին ապահոված են և կ՚ապահովեն Յանձնախումբի կենսագործունէութիւնը։ Այս առումով, Յանձնախումբը կը գործէ որպէս հաւաքական դատողութեան հնոց մը՝ օրը-օրին ուղղորդելով գրասենեակի քաղաքականութիւնն ու աշխատանքները ԱՄՆ-ի դաշնակցային մայրաքաղաքի բարդ միջավայրին մէջ։ Յանձնախումբի ժողովներուն մէջն է, որ կը քննարկուին քաղաքական գործի առաջնահերթութիւնները, կը ճշտուին ուղեգծերը, կը վճռուին պիւտճէական, ֆինանսական և վարչական խնդիրները։ Մեղուային մէկ աշխատա՛նք՝ որ կանգ չառներ, ինչպէս քաղաքականութիւնը՝ ի՛նք կանգ չառներ մայրաքաղաքի տարերային վերիվայրումներու բովին մէջ։Յանձանխումբի գործադիր իրաւասութիւններու պատասխանատւութիւնը կը ծանրանայ Յանձնախումբի Ատենապետ ընկերոջ և Գրասենեակի Վարիչ Տնօրէնի ուսերուն։ «The buck stops here!», կ՚ըսէր ցուցանշանը Նախ. Թրումընի գրասեղանին վրայ։

Այսինքն՝ հոս հրահանգը կա՛նգ կ՚առնէ և հո՛ս է, որ ան կը վերածուի գործի…Նոյնն է պարագան Յանձնախումբի գործադիր պատասխանատւութիւնը ստանձնած երկու ընկերներուն։ Որոշումները գործի կը վերածուին վերոյիշեալ երկու ընկերներու ամէնօրեայ ղեկավարութեամբ։ Բայց այս մէկն ալ տակաւին չի տար Հայ Դատի գործին ամբողջական պատկերը Ամերիկայի մէջ։ Ան էապէս կը ներկայացնէ Հայ Դատի աշխատանքային գործընթացին մէկ երե՛սը միայն, թէկուզ՝ մեծապէս կարևո՛ր։ Նկատի ունենալով ամերիկեան քաղաքականութեան ապակեդրոն և բազմամակարդակ բնոյթը, ՀՅԴ ժողովներն ու մարմինները անհրաժեշտ նկատած են, որ ՀՅԴ Հայ Դատի համակարգը ընդգրկէ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՆ-ի քաղաքական գործընթացին։ Քաղաքականութիւնը Ամերիկայի մէջ ունի երեք իրերահաղորդ աւազաններ։ Դաշնակցային, նահանգային և տեղական։ Հայ Դատի գործը կը պահանջէ, որ մենք չսահմանափակուինք լոկ դաշնակցային քաղաքականութեան ոլորտով։ Կը պահանջէ, որ մենք խարսխուինք միաժամանակ երկրի դաշնակցային, նահանգային և քաղաքապետական քաղաքականութեանց ոլորտներէն ներս։ 18-րդ դարու վերջին տարիներուն, Ամերիկեան Սահմանադրութեան կերտիչները ըրած են այնպէս, որ քաղաքական ուժը ցրուի երկրի ամբողջ տարածքով։ Ստեղծուած է ամերիկեան ապակեդրոնացեալ համակարգը նահանգներուն տալով քաղաքական լայն իրաւունքներ։ Նահանգները սոսկ նահանգներ չեն։ Անոնք ներքին պետութիւններ են քաղաքական իրենց անհատականութեամբ։ Նոյնպիսի ինքնավարութիւններով օժտուած են նաև քաղաքներն ու աւանները։

Երկիրը կը գործէ որպէս հսկայածաւալ մէկ հասարակապետութիւն (commonwealth)։ Աւելի՛ն։ Նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին, նահանգները կը դառնան ուժի հիմնական կեդրոններ վճռականօրէն ազդելով երկու կուսակցութիւններու ընտրական քաղաքականութեան վրայ։ Նահանգներն են «թագադիր»ները նախագահական ընտրութիւններու մանուածապատ գործընթացին մէջ։ Կարենալ լիարժէքօրէն գործելու համար քաղաքական այս բարդ դաշտէն ներս, ամերիկահայ Սփիւռքի կազմաւորման զուգընթաց հետզհետէ կեանքի կոչուած է Դաշնակցութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի բազմաշերտ համակարգը։ Այսպէս է, որ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին զուգահեռ կը գործեն ՀՅԴ Արևելեան Ամերիկայի և ՀՅԴ Արևմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբերը, որոնք շատ աւելի հին պատմութիւն ունին քան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձանխումբը՝ ի՛նք։ Այս երկու յանձնախումբերը կը գործեն ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէներու անմիջական հովանիին տակ և կը հաւաքագրեն ամերիկահայ համայնքի քաղաքական ուժի համաժողովրդական խարիսխը։ Այս երկու յանձնախումբերու և մարմիններու ամէնօրեայ աշխատանքով է, որ տեղի կ՚ունենայ մեր համայնքներու շարունակական քաղաքականացումը։

Առանց քաղաքականացման այս հոլովոյթին, ամերիկահայութիւնը պիտի ներկայացնէր կրօնամշակութային մէկ հաւաքականութիւն, որուն քաղաքական ճակատագիրը կը գտնուի այլոց ձեռքին…Դաշնակցութեան նպատակը եղած է — և է՛ — կրօնամշակութային մեր համայնքներու հաւաքական ուժը փոխակերպել քաղաքակա՛ն ուժի և այդ գործին մէջ մեծ է դերը Հայ Դատի յանձնախումբերուն և ի մասնաւորի Հայ Դատի երկու շրջանային յանձնախումբերուն։ Եւ անշուշտ այս գործը լոկ վերէն ղեկավարուող գործ մը չի կրնար ըլլալ։ Ան կը հանգչի մեր ժողովուրդի լայնատարած միասնականութեան վրայ։ Երկու յանձնախումբերը իրենց հովանիին տակ ունին անհամար տեղական Հայ Դատի յանձնախումբեր Հայ Դատի տեղական գործիչներու քրտնաջան աշխատանքով լիաւորուած։ Հայ Դատի գործին շուրջ այսօր համախմբուած է ամերիկահայ համայնքի հասարակական կազմակերպութիւններու հսկայ ցանցը։ Վճռորոշ պահուն, մեզի հետ են համայնքի հոգևոր կառոյցները (լուսաւորչական, կաթողիկէ և աւետարանական) իրենց կղերական և աշխարհական միաւորներով։ Պայքարի նոյն պատնէշին վրայ են միւս կուսակցութեանց մեր գործընկերները։ Մեզի հետ են Հ Բ Ը Մ-ն ու Հայ Օգնութեան Միութիւնը։

Մեզի հետ են մեր մարմնակրթական և մշակութային կազմակերպութիւնները։ Մեզի հետ են երիտասարդական կազմակերպութիւնները։ Իրենց կուռ զօրակցութեամբ մեր երթին կը միանան համա-ամերիկեան ազդեցութեան շերտերու տիրապետող յայտնի անձնաւորութիւններ, ինչպիսիք են Քիմ Քարտաշեանը, Սերժ Թանգեանը և ուրիշներ։ Դարձեալ զօրակցութեան կարգով, մեզի կը միանան Ամերիկայի քաղաքականութեան ընդհանրական դաշտէն՝ կարևոր թի՛ւ մը ամերիկեան կազմակերպութիւններու, որոնց հետ մեր յանձնախումբերը կը գործեն քաղաքական դաշինքով։ Այսպէս է, որ շրջանային երկու յանձնախումբերու ծիրին մէջ նահանգային և տեղական քաղաքականութեանց եզրերը ի մի կը բերուին Հայ Դատի գործունէութեան դաշնակցային եզրերուն հետ։

Ի վերջոյ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի անդամներէն իւրաքանչիւրը կախեալ է տեղական ընտրազանգուածներու տրամադրութենէն։ Նախագահը՝ ի՛նք պարտաւոր է նկատի առնել ամէն մէկ ընտրողի վերաբերմունքը։ Ամերիկեան քաղաքական դաշտի իրականութեան մէջ, Նախագահը կրնայ կորսնցնել իր ընտրական գրաւը մէկ ու միակ սոսկական քուէով։ Հետևաբար ժողովրդական արմատներու (grass roots) վրայ խարսխուած ընտրական ռազմավարութիւնը ամէն մէկ քոնկրէսմէնի և ամէն մէկ ծերակուտականի քաղաքական ճակատագրի սնընդաղբիւրն է։ Եւ հոն է, որ հայութեան քաղաքական ուժը կը գտնէ իր իսկական արժևորումը։ Եւ այս տրամաբանութեան նորմերով, Դաշնակցութեան Հայ Դատի համակարգը կը գործէ ամերիկեան ժողովրդավարութեան կենսագործունէութեան այս ամբողջական մտատեսիլով։ Ժողովրդավարութեան այս կերպարն է, որ իր իմաստութեամբ և ամէնօրեայ հոլովոյթով կը հաստատէ ճշմարտութիւնը այն տեսլականին, որմով կը ղեկավարուի ՀՅԴ Հայ Դատի համակարգը։ Մենք կը հաւատանք, որ Հայ Դատի գործադաշտը կը պատկանի ամէն մէկ հայու։

Մեր նպատակն է, այդ գործին մէջ ընդգրկել բոլորը անխտիր։ Բայց այդ մէկը կ՚ենթադրէ, որ բոլոր անոնք, որոնք բաժին կը վերցնեն Հայ Դատի գործին մէջ, անվերապահօրէն գործեն մեր ազգային գերագոյն շահերու ամբողջական գիտակցութեամբ և այդ տեսլականի ամբողջական հաւատարմութեամբ։ ՈՎ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՄԷՋ Է, պատգամեց հայոց մեծ բանաստեղծը քաջ գիտնալով, որ այդ մէկը կ՚ընէր իր կեանքին իսկ գնով։ Այս նոյն պահանջկոտ և պարտաւորեցնող պատգամն է, որ կը կանչէ մեզ բոլորս այսօր աշխարհի չորս ծագերէն, քանի որ մեր գործը դեռ շատ հեռու է աւարտած ըլլալէ։ Մեր գործը կը շարունակուի և ամէն օր աւելի մեծ թափով։

Հայե՛ր, միացէք։

Կարօ Արմենեան
Դեկտեմբեր 16,2019

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Դա բոլորիս պատվի խնդիրն է, առավել ևս՝

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի ուղերձը Բա

09 Սեպտեմբեր 2026
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company