Քոնկրեսականներ Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Զարգացնելու Կոչով Կը Դիմեն Փոմփէոյին
20 Դեկտեմբեր 2018ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին անդամները Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին հասցէագրած են նամակ մը, կոչ ընելով՝ զարգացնելու հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը:
18 Դեկտեմբեր թուակիր նամակին տակ ստորագրած են Հայկական համախմբումի համաատենապետներ՝ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվ Թրաթ եւ Տէյվիտ Վալատաօ ինչպէս նաեւ փոխատենախետներ՝ Կաս Պիլիրաքիս եւ Էտըմ Շիֆ:
Քոնկրեսականները նամակով կոչ կ՛ընեն հայ-ամերիկեան տնտե-սական հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովը ծառայեցնելու իբրեւ ռազմավարական շարունակական երկխօսութեան հարթակ, ուր պիտի քննարկուին համատեղ շահերու, ընդհանուր արժէքներու, ինչպէս նաեւ հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք, որոնք ամրագրուեցան 9 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ազատ եւ արդար խորհրդարանական ընտրութիւններով, ցոյց տալով, որ Հայաստան որդեգրած է ժողովրդավարական զարգացման այնպիսի ճամբայ մը, որ գերազանց է նախկին խորհրդային տարածքի միւս պետութիւններուն ուղիներէն:
«Ժամանակն է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական յառաջընթացը ամրապնդելու եւ քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու», գրուած է նամակին մէջ:
Քոնկրեսականները նաեւ կ՛առաջարկեն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու տեսանկիւնէն՝ ընդլայնել աջակցութիւնը կաշառակերութեան դէմ պայքարին, քաղաքացիական հզօր հասարակութիւն ձեւաւորելու եւ լրատուամիջոցներու ազատութիւնը ապահովելու ջանքերուն: Անոնք կը նշեն, որ ամբողջական ժողովրդավարութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է, որ երկրին մէջ տնտեսական յառաջընթաց ըլլայ եւ յոյս յայտնած են, որ Ուաշինկթըն ուշադրութիւն կը դարձնէ այն հանգամանքին, որ Հայաստան երկու կողմէ շրջափակուած է, ինչ որ ծանր ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկրի տնտեսութեան վրայ:
Քոնկրեսականները նաեւ խնդրած են մշակել Հայաստանի հետ ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը խորացնելուն միտուած քաղաքականութիւն եւ ծրագիրներ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանը ողջունեց քոնկրեսականներուն այս քայլը։
Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները զարգացնելու նպատակով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին առաջադրութեան մանրամասնութեանց ծանօթանալու համար, այցելել anca.org կայքէջը։
asbarez.com