ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Դատապարտեց Քալիֆորնիոյ Մէջ Երկու Հայկական Վարժարաններուն Դէմ Կատարուած Յարձակումը
04 Փետրվար 2019ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Յունուար 30-ին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտին յղեց նամակ մը, որուն մէջ դատապարտեց 28-էն 29 յունուարի լուսցող գիշերուան ընթացքին Քալիֆորնիոյ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը թիրախ դարձուցած ատելութեան ենթահողի վրայ կատարուած յարձակումը, որուն ընթացքին թրքական դրօշներ կախուած էին երկու վարժարաններու տարածքներուն մէջ:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ ատելութեան գերագոյն արտայայտութիւնը եղող ցեղասպանութենէ մը վերապրածներու ժառանգներուն յաճախած դպրոցներուն մէջ այդ ցեղասպանութիւնը գործած Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ եւ ժխտողական երկրին դրօշով կատարուած այս ատելութեան դրսեւորումը լրջագոյն յանցագործութիւն է:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը յուսայ, որ այդ նողկալի արարքին առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները շուտով կը բացայայտուին, եւ անոր հեղինակը կը կրէ իր արարքին համար արդար պատիժը:
31 Յունուար 2018
aztagdaily.com