ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Խոջալու. 25-26 Փետրուար 1992. Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­թեան ճա­նա­պար­հին ար­ձա­նագ­րո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան ող­բեր­գու­թիւ­նը

27 Փետրվար 2019 Փետ­րո­ւա­րի վեր­ջին այս օ­րե­րուն, մինչ պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հով մէկ կ­’ո­գե­կո­չէ յի­շա­տա­կը ­Սում­կա­յի­թի մէջ, 27 ­Փետ­րո­ւար 1988ին, Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծած «մաք­րազտ­ման» սպան­դին տաս­նեակ հա­զար­նե­րով զոհ գա­ցած ան­զէն ու ան­մեղ հա­յե­րուն, ան­դին թուր­քե­ւա­զե­րի աշ­խար­հը կը փոր­ձէ հա­կա­դար­ձել եւ «հա­կակշ­ռել»՝ մի­ջազ­գա­յին աղ­մուկ բարձ­րաց­նե­լով իբր թէ հա­յե­րու կող­մէ 26 ­Փետ­րո­ւար 1992ին գոր­ծո­ւած եւ այս­պէս կո­չուած ­Խո­ջա­լո­ւի ջար­դին դէմ։

Հա­կա­հայ մղում­նե­րով եւ «ազ­գա­յին մաք­րազտ­ման» հո­ղի վրայ կա­տա­րո­ւած Սում­կա­յի­թի ­Փոկ­րո­մին ըստ էու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լէ ա­ռաջ, այ­սօր՝ ­Փետ­րո­ւար 26ի ա­ռի­թով, կ’ար­ժէ կեդ­րո­նա­նալ ­Խո­ջա­լո­ւի ող­բեր­գու­թեան վրայ։

Ա­ռա­ջին հեր­թին՝ անդ­րա­դառ­նանք պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րուն.-

Փետ­րո­ւար 25էն 26 լուս­ցող գի­շե­րը, 1992ին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն չորս մղոն դէ­պի հիւ­սիս գտնուող ­Խո­ջա­լո­ւի մէջ, ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան մեծ նշա­նա­կու­թեամբ դար­ձա­կէտ մը Ար­ցա­խի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի տա­րեգ­րու­թեան ա­րիւ­նա­լի է­ջե­րուն։

Հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րը ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի մը ձեռ­նար­կե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ հրե­տա­նա­կո­ծու­թեան յե­նա­կէ­տը դար­ձած ­Խո­ջա­լո­ւի վրայ եւ, թշնա­մին ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան մատ­նե­լով ու դուրս մղե­լով, վտան­գա­զեր­ծե­ցին Ար­ցա­խի ոս­տան­նե­րը Կ­րատ ու այլ տի­պի ռում­բե­րու եւ հրթիռ­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ տա­րա­փէն։
Յատ­կա­պէս մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կերտն ու ­Բեր­դա­ձո­րը ա­մէ­նօ­րեայ ռմբա­կոծ­ման թի­րախ դար­ձած էին ­Խո­ջա­լո­ւի կող­մէ։

Շու­շիի ի­րենց ա­նա­ռիկ դիր­քե­րէն ա­զե­րի զի­նեալ­նե­րու ծա­ւա­լած ռմբա­կոծ­ման կի­սատ թո­ղած քան­դումն ու ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու կու գար ­Խո­ջա­լուն։
Աս­կե­րա­նի շրջա­նին մէջ ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր դիրք գրա­ւող ­Խո­ջա­լուն նաեւ ի­րար­մէ կտրած էր ­Մար­տա­կերտն ու Ս­տե­փա­նա­կեր­տը՝ ան­շար­ժու­թեան մատ­նե­լով Մար­տա­կեր­տի պա­շա­րո­ւած հա­յու­թեան Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն մարդ­կա­յին թէ զի­նա­կան օգ­նու­թիւն հասց­նել փոր­ձող հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րը։

Թէեւ Ար­ցախ ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ին ար­դէն հռչա­կած էր իր ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ձեռ­նար­կած Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի ստեղ­ծու­մին, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Շու­շին, ­Խո­ջա­լուն եւ Աղ­դա­մը տա­կա­ւին մնա­ցած ըլ­լա­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ ու­ժե­րու ձեռ­քը, կը շա­րու­նա­կէին հան­դի­սա­նալ հայ­կա­կան ար­ծո­ւե­բոյ­նը պա­տու­հա­սող եւ, մահ ու ա­ւեր սփռե­լով, ծուն­կի բե­րե­լու ու­ղին ընտ­րած ատր­պէյ­ճա­նա­կան բռնա­կալ իշ­խա­նու­թեանց վտան­գա­ւոր յե­նա­կէտ­նե­րը։

Խո­ջա­լո­ւի վտան­գա­զերծ­ման գոր­ծո­ղու­թիւ­նը մե­ծա­թիւ զո­հեր խլեց ոչ միայն ա­զե­րի զի­նեալ­նե­րու, այ­լեւ ա­ռա­ւե­լա­բար մես­խեթ­ցի թուր­քե­րով բնա­կե­ցո­ւած ­Խո­ջա­լո­ւի խա­ղաղ բնակ­չու­թեան շար­քե­րէն։ ­Պա­տա­հե­ցաւ նաեւ ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թիւն մը, երբ հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ առ­ճա­կատ­ման գի­ծը կտրած եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի ա­ռա­ջա­ւոր դիր­քե­րը հա­սած մես­խեթ­ցի թուրք բնակ­չու­թիւ­նը սպան­դի են­թար­կո­ւե­ցաւ նոյ­նինքն ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քին կող­մէ։

Խո­ջա­լո­ւի այդ ող­բեր­գու­թեան ծալ­քե­րը բարդ են եւ տա­կաւ առ տա­կաւ կը բա­ցա­յայ­տո­ւին անց­նող տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին։ Ինչ­պէս օ­րին, նոյն­պէս եւ մին­չեւ վեր­ջերս մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը ան­վա­րան՝ հա­լած իւ­ղի պէս կուլ կու տար ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի եւ ա­նոր թափ տո­ւող թրքա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­կա­հայ քա­րո­զար­շա­ւին տա­րա­ծած ան­հիմն վե­րագ­րում­ներն ու մե­ղադ­րանք­նե­րը։ ­Նոյ­նիսկ այ­սօր կը բա­ւէ հա­մա­ցան­ցի ո­րոն­ման աղ­բիւր­նե­րուն տալ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ա­նու­նը, որ­պէս­զի Ար­ցա­խի վե­րա­բե­րեալ պատ­մա­կան թէ այժ­մէա­կան, քա­ղա­քա­կան թէ ընդ­հա­նուր տե­ղե­կու­թեանց վե­րա­բե­րեալ յղում­նե­րու շար­քին, գլուխ ցցեն ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ թրքա­կան կայ­քէջ­նե­րուն տա­րա­ծած եւ այս­պէս կո­չո­ւած՝ «­Խո­ջա­լո­ւի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը» հրամց­նող… խե­ղա­թիւ­րում­նե­րու յա­մառ պնդում­նե­րը։

Թե­րեւս 1992ին եւ ա­նոր հե­տե­ւող տա­րի­նե­րուն կա­րե­լի էր բա­ցատ­րու­թիւն մը գտնել Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մէ դրսե­ւո­րո­ւած թրքան­պաստ կողմ­նա­կա­լու­թեան հա­մար։ Ի վեր­ջոյ Ռու­սաս­տա­նի մե­ծա­պե­տա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րող եւ քա­րո­զար­շաւ մղող Ա­րեւ­մուտ­քը, այդ տա­րի­նե­րուն, տա­կա­ւին ի վի­ճա­կի չէր ըստ ար­ժան­ւոյն հասկ­նա­լու եւ գնա­հա­տե­լու Ար­ցա­խի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման էու­թիւ­նը, հայ ժո­ղո­վուր­դին յա­նուն Ի­րա­ւուն­քի ու Ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի մղած կե­նաց-մա­հու կռի­ւը։ ­Բայց նոյ­նը կա­րե­լի չէ ը­սել, այ­լեւս, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն եւս յա­մե­ցող ա­րեւմ­տեան կող­նա­կա­լու­թեան մա­սին։

Ճիշդ է, ի­րենց խիղ­ճը վար­ձու հա­նած թղթա­կից­ներ ու պատ­մա­բան­ներ միշտ ալ գտնո­ւած են եւ, այս պա­րա­գա­յին ալ, բա­ցա­ռու­թիւն չեն կազ­մեր այն­պի­սի­նե­րը, ո­րոնք պե­տա­կան մի­ջոց­նե­րով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հրամ­ցո­ւող «­Խո­ջա­լո­ւի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան» յե­րիւ­րան­քին սուտ վկա­նե­րը կ­’ու­զեն դառ­նալ՝ ձայ­նակ­ցե­լով ու ծա­ռա­յե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թեան, լիա­բուռն վար­ձատ­րու­թեան ար­ժա­նա­նա­լով…

Դժ­բախ­տա­բար միեւ­նոյն դա­տա­պար­տե­լի ըն­թաց­քին մէջ կը յայտ­նո­ւին նաեւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու կող­մէ եւ ա­նոնց ա­նու­նով հան­դէս ե­կող ո­րոշ հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րենց կար­գին, այ­սօր եւս, կը շա­րու­նա­կեն ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վե­րագ­րել ­Խո­ջա­լո­ւի մէջ իբր թէ «ա­զե­րի­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած ըլ­լա­լու յան­ցա­գոր­ծու­թիւն»ը։
27 տա­րի ան­ցած է ­Խո­ջա­լու վտան­գա­զեր­ծու­մէն աս­դին։ ­Վա­ւե­րագ­րա­կան ամ­բողջ գրա­կա­նու­թիւն մը ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նի, որ­պէս­զի պա­տաս­խա­նա­տու դիր­քե­րու վրայ գտնո­ւող եւ հե­ղի­նա­կու­թիւն նկա­տո­ւող օ­տար՝ քա­ղա­քա­կան թէ դի­ւա­նա­գի­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներն ու շրջա­նակ­նե­րը քիչ մը ժա­մա­նակ տրա­մադ­րեն եւ ստու­գեն փաս­տե­րը, փո­խա­նակ կուլ տա­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան շա­քա­րա­պա­տո­ւած… հա­յա­տեա­ցու­թեան թոյ­նե­րը։

Իսկ վա­ւե­րա­կան փաս­տե­րը բա­զում են՝ նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճա­նի այդ ժա­մա­նա­կո­ւան նա­խա­գահ ­Մու­թա­լի­պո­վի խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րէն սկսե­լով եւ հա­կա­հայ վե­րագ­րում­նե­րը հե­տա­զօ­տած օ­տար լրագ­րող­նե­րու եւ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու զե­կոյց­նե­րէն անց­նե­լով, հաս­նե­լու հա­մար ­Խո­ջա­լո­ւի ա­րիւ­նա­լի ող­բեր­գու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րու վկա­յու­թեանց։
Այ­դու­հան­դերձ՝ հա­կա­հայ յե­րիւ­րա­ծոյ «փաս­տագ­րու­թիւն­նե­րով» կը վխտայ հա­մա­ցան­ցը։ ­Թուր­քե­ւա­զե­րի ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ար­շա­ւը դար­ձած է այն­քան լկտի, որ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու եւ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին ձեռ­նար­կած է հայ­կա­կան կող­մին գոր­ծած իբր թէ «­Խո­ջա­լո­ւի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը» ճանչ­նա­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու ծա­ւա­լուն ար­շա­ւի։
Այս­պի­սի՛ կեղ­ծի­քով եւ յե­րիւ­րան­քով Ատր­պէյ­ճան եւ ­Թուր­քիա յա­ռաջ կը մղեն հա­կա­հայ ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ի­րենց ար­շա­ւը՝ այս­պէս կո­չո­ւած «­Խո­ջա­լո­ւի մէջ հա­յե­րու գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թեան» թղթած­րար մը հնա­րե­լով։

Պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը ան­պա­տաս­խան չի ձգեր ան­շուշտ այդ մեծ ­Կեղ­ծի­քի Ար­շա­ւը։ Պե­տա­կա­նօ­րէն եւ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բե­րու ճամ­բով, ­Հա­յաս­տանն ու Ս­փիւռ­քը ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը փաս­տագ­րեն բուն ճշմար­տու­թիւ­նը Խո­ջա­լո­ւի ող­բեր­գու­թեան մա­սին։

Այ­սօր ար­դէն ա­րար-աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցո­ւած են փաս­տա­ցի բա­ւա­րար տո­ւեալ­ներ, որ­պէս­զի մէ­կան­գա­մընդ­միշտ պարզ ու յստակ դառ­նայ ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը՝ Խո­ջա­լո­ւի մէջ մես­խեթ­ցի թուրք ան­զէն բնակ­չու­թեան դէմ նոյ­նինքն ա­զե­րի բա­նա­կա­յին­նե­րու եւ զի­նեալ­նե­րու գոր­ծադ­րած սպան­դին մա­սին։

Ա­լիեւ հօր՝ ­Հայ­տար Ա­լիե­ւի մատ­նա­հետք­նե­րով սադ­րանք մըն էր ե­ղա­ծը սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն դէմ… Եւ ի՞նչ նպա­տա­կով. մէկ կող­մէ օ­րո­ւան նա­խա­գահ Մու­թա­լի­պո­վի դէմ ժո­ղո­վուր­դը գրգռե­լու եւ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան յե­ղաշր­ջում ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով, ա­պա միա­ժա­մա­նակ՝ ­Պա­քո­ւի եւ ­Սում­կայ­թի մէջ հա­յե­րու բնաջն­ջու­մին դէմ բարձ­րա­ցած մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պար­տան­քի ա­լի­քին պա­տաս­խա­նե­լու… «­Խո­ջա­լո­ւի մէջ հա­յե­րու գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թեան» յե­րիւ­րան­քով եւ հա­մա­պա­տաս­խան հա­կա­հայ ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեամբ։
Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը այ­սօր եւս կը շա­րու­նա­կեն, նաեւ ա­ռա­ւել աշ­խու­ժու­թեամբ, քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նել ատր­պէյ­ճա­նա­կան-թրքա­կան հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւ­նը մեր­կաց­նող փաս­տա­կան նիւ­թեր՝ տե­սա­նիւ­թեր, լու­սան­կար­ներ եւ ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թեր։

Կը մնայ, որ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րը ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան չգե­րա­դա­սեն ի­րենց քա­րիւ­ղա­յին ու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ինչ-ինչ հա­շիւ­ներն ու ա­խոր­ժակ­նե­րը։
Կը բա­ւէ, որ վերջ տրո­ւի քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հը եր­կու չափ եւ եր­կու կշի­ռով ղե­կա­վա­րե­լու մե­ծա­պե­տա­կան, այ­լեւ ֆա­շա­կան պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան։

Խո­ջա­լո­ւի վտան­գա­զեր­ծու­մը, ի վեր­ջոյ, միակ ելքն ու գրա­ւա­կանն էր հայ­կա­կան Ար­ցա­խի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան՝ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ա­նոր բնա­կան եւ անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քին նուի­րա­գոր­ծու­մին, ո­րուն նկատ­մամբ ի­րենց պարտ­քը կա­տա­րե­լէ կը խու­սա­փին մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րը մին­չեւ այ­սօր։

Ն.

azator.gr

26 Փետրուար 2019թ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company