ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Շուշիի Ազատագրութեան 27-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

13 Մայիս 2019 Երէկ` կիրակի, 12 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի դաշտին վրայ ոգեկոչուեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 27-ամեակը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին:

Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղէն Ժիրայր Քէլէշեան, որ դիտել տուաւ, թէ Շուշիի ազատագրումը մեզի կը փոխանցէ այն խորհուրդը, որ միացեալ պայքարով կարելի է հասնիլ յաղթանակի: Ան անդրադարձաւ Շուշիի ազատագրութեան կարեւորութեան, որովհետեւ անոր ճամբով է, որ Ազրպէյճան կը ռմբակոծէր Ստեփանակերտը` աւելցնելով, որ այս ազատագրումը կարեւորագոյն առիթ դարձաւ արցախեան կողմի յաղթանակին:

Ժ. Քէլէշեան ըսաւ, թէ այսօր ազգովին դասեր ունինք քաղելիք արցախեան մարտիկներէն` թիկունք կանգնելով Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան եւ միջազգային ճանաչման ու ընկերային-տնտեսական յառաջդիմութեան: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի որդեգրած «Զարգանալ` չզիջելով» կարգախօսը, Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքը լաւագոյն տարբերակը կը հանդիսանան ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը:



«Շուշի» կոմիտէին խօսքը ուղղեց Վիգէն Գուճանեան, որ 27 տարի առաջ մղուած պայքարը նկատեց անհաւասար ուժերու միջեւ կռիւ, սակայն յատկանշուած այն հանգամանքով, որ հայ քաջարի երիտասարդները կը մարտնչէին արդարութեան եւ իրաւունքներու տիրացման համար:

«Մեր պայքարը արդար ու իրաւացի էր, եւ մենք հաւատարիմ էինք մեր հողին ու հացին: Կատաղի մարտերը ո՛չ միայն չյաջողեցան թուլացնել դէպի յաղթանակ առաջնորդող մեր ջանքերը, այլեւ աւելի եւս ամրապնդեցին մեր ուխտը եւ մեր քայլերը աւելի պինդ դարձուցին:

«Ռազմավարական թէ մարտավարական առումներով համարեա անթերի այս գործողութիւնը ուսանելի դարձաւ հայ ռազմարուեստին մէջ:

«Շուշիի ազատագրումը պատմական անհրաժեշտութիւն էր, որովհետեւ պիտի վերականգնէր հայկական հողերուն վրայ հայերու անկապտելի իրաւունքը: Շուշիի ազատագրումով արցախեան շարժումը թեւակոխեց որակական նոր փուլ եւ վճռական բեկում արձանագրուեցաւ պատերազմին մէջ` Արցախի անկախութեան երազանքը իրականութիւն դարձնելով», ըսաւ ան:

Ըստ Վիգէն Գուճանեանի, Շուշիի ազատագրումը նաեւ տնտեսական իմաստով մեծ կարեւորութիւն ունէր, նաեւ Ստեփանակերտի եւ յարակից շրջաններուն համար փրկարար դեր խաղաց: Այս յաղթանակը նաեւ համահայկական մեծ նշանակութիւն ունեցաւ, որովհետեւ վերաթարմացուց հայ ժողովուրդին յոյսը` իր գրաւուած բոլոր հողերը վերադարձնելու, նաեւ ամրապնդեց այն հաւատքը, որ երբ պայքարը արդար դատի համար է, ապա անկարելի բան գոյութիւն չունի:

«Այսօր մեր սերունդները կը դաստիարակուին Շուշիի ազատագրման յաղթանակին ոգիով: Մեր մատղաշ սերունդը ուժ ու կորով կը ստանայ գիտնալով այդ հերոսական մարտին մասին եւ այդ հերոսներու արժանի ժառանգորդը ըլլալու համար կ՛ուխտէ ընթանալ անոնց հարթած ուղիով:

«Այս յաղթանակը հայ ժողովուրդի տօնացոյցին փառաւոր յաղթանակներէն է, որ մարմնաւորեց մեր համազգային միասնութիւնն ու համախմբուածութիւնը, ազատատենչ ոգին ու անկոտրում կամքը», եզրափակեց Վիգէն Գուճանեան:

Խօսքէն ետք Համազգայինի տհոլահարները հանդէս եկան նուագով եւ մարմնաւորեցին կենդանի պատկեր մը:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան, որ Շուշիի ազատագրումը բնորոշեց իբրեւ հայոց պատմութեան նորագոյն էջերը իմաստաւորող, ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնող, Արցախի ազգային ազատագրական պայքարի խորհրդանիշը հանդիսացող դէպք, որով հայութիւնը առաջին քայլը առաւ պատմական արդարութեան վերականգնման ուղիին վրայ, որովհետեւ մշակութային, կրթական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունենալու հանգամանքէն անկախ, Շուշին ազատագրեց մեր հոգիները, վերադարձուց ազգային արժանապատուութիւնը, վերակենդանացուց պայքարի ոգին: Ան նաեւ շեշտեց, որ Շուշիի ազատագրումով վերջնականապէս ապահովուեցաւ Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող կենսական միջանցքին անվտանգութիւնը: Բանախօսը նաեւ յատուկ կերպով յիշեց այն անձնազոհները, որոնք մասնակից դարձան արցախեան տարբեր ճակատներու կռիւներուն` հանդիսանալով այնպիսի սերունդ մը, որ համահայկական արժէքներով օժտուած էր, հայրենիքը, ընտանիքը, եկեղեցին ու բանակը կը գերադասէր ամէն ինչէ:

Մ. Գարագաւորեան դիտել տուաւ, որ Շուշիի ազատագրութիւնը նշելով պէտք է նաեւ ազգովին` Հայաստան, Արցախ, սփիւռք, եկեղեցի, քաղաքական կուսակցութիւններ եւ Հայաստանի իշխանութիւններ, յատկապէս` ՀՅԴ-ի մարտունակ երիտասարդները, վերանորոգեն իրենց ուխտը, վերահաստատեն վճռականութիւնը, որ ոչ մէկ բանակցային տարբերակի ճնշումներու տակ պիտի զիջին հերոսներու արեամբ ազատագրուած տարածքներէն: Ան աւելցուց, որ ասիկա բնականաբար չի նշանակեր հրաժարիլ բանակցային գործընթացէն կամ կողմ չըլլալ խաղաղութեան գաղափարին, այլ կը նշանակէ մերժել խաղաղութեանց յայտարարութիւններու քողին տակ ներազգային դիմադրողականութիւնը հարուածող քարոզչութիւնը, կը նշանակէ ամրապնդել ներազգային ճակատը, արդիականացնել ռազմավարական դիրքերը, ամրագրել դիւանագիտական մակարդակներու վրայ արձանագրուած նուաճումները: Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ այն, որ պէտք է լիովին բացառել, ամբոխավարական քաղաքականութեան ելակէտէն մեկնած, ժողովուրդին հաշուոյն ներքաղաքական շահարկումները, իբր թէ հայ ժողովուրդի` արցախեան հարցի լուծման յստակ քաղաքական կամարտայայտութեան պատկերացումի չգոյութեան պատճառով խուսափողական դիրքերէ արտայայտուիլը եւ բանակցիլը, որովհետեւ բոլոր պարագաներուն հայ ժողովուրդը կտրականապէս կը մերժէ զիջումը: «Հակառակ ոմանց կարծիքին, հայ ժողովուրդը յստակ պատկերացում եւ մօտեցում ունի արցախեան քաղաքական կարգավիճակի եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման տեսանկիւնէն, մանաւանդ քառօրեայ պատերազմէն ետք, ուր մենք դարձեալ ճաշակեցինք մեր հակառակորդին տեսակը, սակայն ուր մենք նաեւ ապացուցեցինք, որ երբ ազգը միաւորուած է, երբ Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ միաւորուած ենք, մենք միշտ ի վիճակի ենք կասեցնելու որեւէ սադրանք, որեւէ անհաւասար կռիւ, որեւէ լայնածաւալ յարձակումներ», աւելցուց ան:

Մելիք Գարագաւորեան շեշտեց, որ Ազրպէյճան տարբեր առիթներու եւ հետեւողական կերպով ցոյց կու տայ իր ռազմատենչ մօտեցումները, ապակառուցողական դիրքերով հանդէս կու գայ, բացայայտօրէն այս բոլորին մասին կը խօսի, ուստի մենք պէտք է յաւելեալ զգօնութեամբ մօտենանք այս հարցին: «Այսուհանդերձ, հայկական կողմը միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ պէտք է անվարան շարունակէ իր աշխուժ մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին եւ ձգտի խաղաղ միջոցներով տագնապը լուծել եւ հետամուտ ըլլալ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն: Հայկական կողմը կարելի բոլոր միջոցներով պէտք է ձգտի բանակցային գործընթացի ձեւաչափի փոփոխութեան եւ Արցախի Հանրապետութիւնը վերստին վերադարձին` իբրեւ լիիրաւ հակամարտող կողմ միջազգային բանակցութեանց սեղանին, ի հեճուկս բոլորին, այլապէս բանակցութիւններուն ճակատագիրը փակուղիի կը մատնուի», նշեց ան:

Բանախօսը ողջունելի նկատեց ՀՅԴ-ի կազմակերպութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կայացած Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի ֆորումը` դիտել տալով, որ նման դաշինքի կնքումը քաղաքական յստակ պատգամ պիտի ըլլայ բոլորին, նաեւ նոր ճամբու քարտէս եւ բանակցային գործընթացի նոր փուլ պիտի հանդիսանայ: «Այս փաստաթուղթը ռազմավարական դաշինք է, բայց, ըստ էութեան, կանխարգելիչ գործօն է պատերազմական որեւէ նոր սպառնալիքի պարագային: Ռազմավարական դաշինքի կնքումը զոյգ հանրապետութիւններուն միջեւ նաեւ Արցախի անկախութեան ճանաչման կէս ճանապարհն է», հաստատեց ան: Իր խօսքը եզրափակելով` Մելիք Գարագաւորեան հրամայական նկատեց ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմավարական դաշինքի կնքումը` դիտել տալով, որ հայկական զոյգ հանրապետութիւնները բանակցային գործընթացին մէջ պէտք է առաջնորդուին արցախահայութեան 1991-ի անկախութեան եւ 2006-ի համաժողովրդային հանրաքուէով դրսեւորուած կամքի արտայայտութեամբ: (Մելիք Գարագաւորեանին խօսքին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք հետագային):

Ապա Հրակ Մամիկոնեան ապրումով ասմունքեց Շահանդուխտի «Արցախի հերոսներ» բանաստեղծութիւնը:

Ազգային երգերով հանդէս եկաւ ազատամարտիկ Սամուէլ Երանեան:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու հարցերու յանձնախումբի պատասխանատու գնդապետ Արտաշէս Մխիթարեան, որ խօսեցաւ հայութեան կատարելիք աշխատանքներուն մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել ձեռք բերուած յաղթանակն ու արձանագրուած նուաճումները: Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւնները, Հայաստանի իշխանութիւններուն` հասարակութիւնները խաղաղութեան նախապատրաստելու կոչերը, յանուն ոչինչի մեր որդիներու զոհուելուն վերաբերող արտայայտութիւնները մեծապէս կը մտահոգեն բոլորս: Մխիթարեան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ հետեւողական կերպով աշխատանք կը տարուի վարկաբեկելու ազատամարտի արդիւնքները եւ մեր յաղթանակած բանակը: «Այդ իսկ պատճառով մենք պէտք է աւելի զգօն ըլլանք, պատրաստ ըլլանք: Հաւատացէ՛ք, որ ամէնէն քիչը մենք կ՛ուզենք պատերազմ, որովհետեւ մենք ունեցած ենք բազմաթիւ զոհեր, իսկ այն անձը, որուն հարազատը զոհուած է, տեսած է պատերազմ, երբեք չի փափաքիր պատերազմի վերսկսումը: Մեր երեխաներուն, հայրենիքի անվտանգութեան ապահովման նպատակով մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք, որպէսզի մեր միասնականութեամբ կարենանք խաղաղութիւն պարտադրել հակառակորդին», յայտնեց ան:

Այս առիթով ան կոչ ուղղեց աւագ սերունդին ու երիտասարդութեան` յառաջ երթալու կողք-կողքի, օգտուելու երէցներուն խորհուրդէն ու փորձառութենէն` հաստատելով, որ համայն հայութեան փրկութիւնը իր միասնականութեան մէջ է, աւելի հզօր, աւելի ուժեղ ըլլալուն մէջ է:

Այնուհետեւ երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեան ճոխացուց մթնոլորտը` մեկնաբանելով ազգային-հայրենասիրական երգեր:

Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի պահպանիչով:

Նշենք, որ Շուշիի ազատագրութեան 27-ամեակը շրջանին մէջ նշուեցաւ ամբողջ օրուան տեւողութեան: Արդարեւ, կիրակի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նահատակ ազատամարտիկներու հոգիներուն համար: Ժամը 11:00-էն սկսեալ Ռաուտայի դաշտին մէջ կրպակներ տեղադրուեցան` մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Կոմս» պատանեկան միութեան, Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին, ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի վարչութեան եւ «Արցախ ֆոնտ»-ին: Յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին «Ծիածան» մանկապատանեկան խմբակը ներկայացուց փոքրերու յայտագիր:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ըն

25 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակ

30 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքի ջախջախիչ մեծամասնությունը դեմ

Հոկտեմբերի 28-ին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Ար

29 Հոկտեմբեր 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսաստան» և «Արդ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանը, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Սևան Դանիելյա

29 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամ

Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

29 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ ԶՈՄ վարչութեան եւ յարաբերական յանձ

28 հոկտեմբեր, 2026-ին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ յար

29 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Ռազմավարական գործընկերութի

2020-ի Արցախեան պատերազմը պէտք էր անջնջելի դաս մը ըլլար Գանատայի արտաքին քաղաք

28 Հոկտեմբեր 2026
Ընտանեկան բռնության մասին առաջարկվող օ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

28 Հոկտեմբեր 2026
Ճանապա՞րհ, թե՞ միջանցք

Քանի որ Ազգային ժողովում ելույթներին հատկացվող ժամանակը խիստ սահմանափակ է, ստո

27 Հոկտեմբեր 2026
Բաքվի դատավճիռը հերքում է ինքն իրեն. Հ

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարակում է “Justice” According to Azerbaijan

27 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company