Յայտարարութիւն ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի
01 Դեկտեմբեր 20189 Դեկտեմբեր 2018ին, տեղի պիտի ունենան ՀՀ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները, ընտրութիւններ որոնք մեր հայրենիքը դէմ յանդիման կը դնեն պատմականօրէն վճռորոշ իրադարձութիւններու դիմաց: Խնդրոյ առարկայ են՝ Արցախի օրինական կարգավիճակն ու ապահովութիւնը, Հայաստանի ու հայութեան անվտանգութիւնը, հայրենիքին մէջ ընկերային արդարութեան հաստատման ու տնտեսական բարօրութեան եւ Հայաստանի ժողովուրդի բարեկեցութեան խնդիրները:
Մենք մեկնելով ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան կողմէ կատարուած գնահատականներէն ու հարցերու լուծման համար ներկայացուած ծրագիրներէն, եւ համոզուած ըլլալով, որ ՀՅԴ կը մնայ ու կը գործէ որպէս արթուն պահակը մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին, այսօր մասնակցելով ՀՀ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն՝ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութիւնը կը հաստատէ թէ իրեն վստահուած առաքելութեան տէրն է ու անոր դրօշակակիրը:
Մենք յայտարարելով մեր զօրակցութիւնը ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան եւ անոր կողմէ առաջադրուած ՀՀ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածուներուն, կը հաստատենք թէ՝ ՀՅԴ-ն մէկ է ե՛ւ հայրենիքի, ե՛ւ սփիւռքի մէջ:
ՀՅԴ-ն այդպէս էր նաեւ երբ սուրիական տագնապը կը վտանգէր մեր ժողովուրդի գոյութիւնը: Սուրիահայերը առանձին չէին, որովհետեւ ՀՅԴ-ն իր համահայկական կառոյցներով, ամբողջական կարողութեամբ ու ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան անսակարկ մասնակցութեամբ թեւ ու թիկունք էր սուրիահայութեան:
Արդ, կոչ կ’ուղղենք հայրենաբնակ սուրիահայերուն խիտ շարքերով մասնակցելու ՀՀ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն եւ քուէարկելով ՀՅԴ-ի օգտին կատարելու իրենց պարտականութիւնը «Հայուն ու Հողին» հանդէպ:
ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
1 Դեկտեմբեր 2018