ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Տարուան Աւարտին Եւ Նորի Սեմին. Կը Մտածե՞նք Ուշացման Աւերի Մասին

31 Դեկտեմբեր 2023

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ո՞վ կրնայ անգիտանալ, որ սփիւռքի բազմամիլիոն հայութիւնը ազգի հատուած եւ շարունակութիւն ըլլալու եւ մնալու համար պէտք է ապրի` հայրենատիրութիւնը ունենալով որպէս հիմնական քաղաքական առաջադրանք: Տիրութիւն` հանրապետութեան, առանց մտահան ընելու նաեւ այն հայրենիքը, ուրկէ հայրենահանուած է ազգը` դատապարտուելով ըլլալու սփիւռք: Հայրենատիրութիւնը սոսկ ցանկութիւն չէ, վաղուան համար չէ, գրականութիւն չէ, բանաստեղծութիւն եւ երգ չէ: Ան ամէն օր ապրուող իրաւ յանձնառութիւն պէտք է ըլլայ ՎԵՐԱԴԱՐՁ-ով եւ ՄԻԱՑՈՒՄ-ով արարման աշխատանք` իրականացնելու համար ազգի գոյապահպանումը եւ հայրենապահպանումը, որոնք հիմնական նախապայման են բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան ՄԵԾ ԵՐԱԶ-ի իրականացման:

Հրաժարումները ճանապարհ են դէպի «ծագումով հայեր»-ու այլասերած եւ անինքնութիւն մարդոց յառաջացման, որոնք ուրիշներու թիւի լրացում ըլլալու դատապարտուած կ’ըլլան` անհետացման տանելով ազգը:

Բազմամիլիոն հայութիւնը երբ հայրենատէր չէ, գաղթականութիւն է:

Միացման եւ վերադարձի ճառը սոսկ շաբաթավերջի հանդէս-կերուխումներու ընթացքին հիացումներ սնուցանելու կարգախօս չէ: Տարրական ողջախոհութիւն ունեցող հայը կրնա՞յ խորհիլ, որ Փարիզ, Թեքսաս, Վանքուվըր, Նոր Զելանտա, Լաս Վեկաս եւ Մոնթէ Քարլօ նստելով, երբեմն ալ աղմկելով, երբեմն ալ եկեղեցի կամ այդպէս բաներ կառուցելով` ազգին հանդէպ պարտականութիւնը կատարած կ’ըլլայ եւ գոյապահպանական ապահովագրութիւն ձեռք կը բերէ: Այս հիմնական եւ պարզ հարցումին պատասխանելու քաղաքական իմաստութիւնը եթէ ունենանք, ներսի եւ դուրսի խօսափողային աղմուկը կը դադրեցնենք, կ’ըլլանք կառուցողական:

Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պէտք էր ընել, եւ չենք ըրած, ինչո՞ւ չենք ըրած հայրենատէր ըլլալու եւ մնալու համար, արգելքները եղած են ներքի՞ն, թէ՞ արտաքին: Պէտք է խօսիլ առանց ճապկումներու, ոչ թէ ի մտի ունենալով յաւելեալ իրաւունքի ձեռքբերումը, այլ` յաւելեալ պարտքի ազնիւ գիտակցութիւնը:

Ի հարկէ տէր ըլլալու համար ներկայ պէտք է ըլլալ:

Ճիշդ է, որ հողին վրայ հայուն ներկայութիւնը խոչընդոտուած է. տեղահանութիւն, հալածանք, ջարդ: Կը խոչընդոտուի նաեւ` մեր մեղանչումով, տարբերութիւններ ստեղծելով եւ անոնց ետին պատնէշուելով: Գաղթելու կիրքը դարձուցած ենք հասարակաց ախտ: Կը գաղթենք Հայաստանէն, կը գաղթենք մէկ գաղթավայրէ ուրիշ մը, կարծէք` փաստելու համար, որ համաշխարհային ազգ ենք, չնաշխարհիկ դատարկաբանութիւն, որ կը նշանակէ վերջ` այլ եզակիներու շարքին եզակի եւ ինքնուրոյն ազգ ըլլալէ: Այս կ’ընենք վասն տնանկի արմատացած լաւ ապրելու իրաւունքի: Այս անհաճոյակատար հաստատումն է ամբոխային տրամաբանութեան, ծնունդ խուճապին, որ յարաճուն սփիւռքացումն է:

Ղեկավարութիւնները հաշտուա՞ծ են գաղթականութիւն վիճակին հետ, սպասման աննկարագիր ընդարմացման կացութիւն, որ կը շնչէ անորոշ այն յոյսով, որ օր մը պատմութեան անիւը կը շրջուի: Ինչպէ՞ս կը շրջուի: Ո՞վ պիտի շրջէ: Ինչպէ՞ս: Ո՞ր դուռը պէտք է բախել պատասխան ունենալու համար:

Գաղթականութիւնը Ազգ չէ: Այս ըմբռնումով, հին եւ նոր սփիւռքները գաղթականութիւններ են, ի՛նչ անուն ալ տանք անոնց, ո՛ր երկինքին տակ ալ գտնուին:

Ազգ ըլլալու համար պէտք է իրականացնել հայրենատիրութիւնը ո՛չ բանիւ, երգով, մրոտուած թուղթով, երազով եւ աղմուկով, այլ` ներկայութեամբ:

Հայրենատիրութիւնը երբ հաստ ու կոշտ ձեւով չի կենսագործուիր, չենք կենսագործեր, կը խրինք քաղքենիական մանր բաւարարութիւններու մէջ, ուր կը ծաղկին ոչինչ նշանակող եւ ոչինչի ծառայող թաղային հեղինակութիւնները:

Այսօր, հանրապետութիւն եւ բազմանուն սփիւռք(ներ), պետական կառոյցներ եւ աշխարհատարած անթիւ եւ անհամար կազմակերպութիւններ, ի՞նչ կ’ընեն Ազգը հայրենատէր դարձնելու համար: Ո՛չ գիտոսիկի խօսքով եւ ո՛չ ալ ցնորքի մանրավաճառութեամբ նպատակ կ’իրականացուի:

Հայկական պետութիւնը ի՞նչ ըրած է եւ կ’ընէ հայրենատիրութեան տրամագծօրէն հակադրուող հայրենալքում-արտագաղթ աղէտը կասեցնելու, ի՞նչ կ’ընէ արտագաղթողները եւ հայրենահանման պատճառով սփիւռքացածները հայրենիք վերադարձնելու համար: Ա՛յս հայրենատիրական իրաւ քաղաքականութիւն պէտք է ըլլար, որ չկայ:

Իսկ աճող, յարաշարժ եւ ինքզինք բազմապատկող եւ յոգնակիացող սփիւռքը ինքզինք բանտարկած է չեղածի իշխանութիւններ ստեղծելու եւ անով բաւարարուելու խաղին մէջ, զոր «կ’իմաստաւորէ» բարեսիրութեամբ, օժանդակութեամբ, պարզ խօսքով` դրամով խիղճի հանդարտութիւն կը գնէ: Բազմաթիւ միութիւնները, մէկդի դնելով ամբոխները ոտքի քնացնող եւ լրատուամիջոցներուն կեր հայթայթող աղմուկը` օր մը պիտի ըսե՞ն, թէ քանի՞ հայու հայրենադարձութիւնը իրականացուցին, որպէսզի հողը բնակեցուի եւ տէր ունենայ: Պէտք է խօսիլ թիւերով:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կառավարութիւն եւ Ազգային ժողով, ե՞րբ օրակարգ դարձուցած են հայրենադարձութիւնը: Ինչո՞ւ այդ օրակարգը բացակայ է:

Եթէ իրաւ հայրենասէր ժողովուրդ ըլլայինք, ներսը եւ դուրսը, այս պահանջով կը դիրքորոշուէինք: Հանրապետութեան իշխանութիւնները, վարչութիւնները, մաքսային պաշտօնեաները ինչպէ՞ս կը վերաբերին հայրենադարձողին հետ, անոր վերադարձը եւ բնակութիւնը դիւրացնելու համար կը հրաժարի՞ն վարչական տաղտուկներէ, կը դադրի՞ն հարցնելէ, թէ անոր բերած աթոռը քանի՞ քիլօ կը կշռէ, քանի՞ դգալ-պատառաքաղ ունի:

Հայաստան եւ սփիւռք, ամէն գոյնի եւ չափի ղեկավարութիւնները, հարց կու տա՞ն, թէ ի՛նչ կրնային ընել եւ չըրին, որպէսզի այսօր չսգանք եւ չընդունինք Արցախի պարտութիւնը եւ կորուստը, որ ջաղացքի քար կը դնէ Վանի, Մուշի, Սասունի, Անիի, Կարսի հայութեան ԷՐԳԻՐ վերադարձի յոյսին վրայ:

Յոյսը կը վերածնի, եթէ հայրենադարձութիւնը ըլլայ վերականգնումի սկիզբ:

Մեր պարտութիւններու եւ իրաւազրկումներու հողաթումբերու վրայ ծաղկած ծառերու տերեւները չեն շարժիր, որքան ալ բարձրախօսներէն իրաւունք պահանջող աղմուկ բարձրացնենք: Իրաւունք պահանջելու համար ներկայ պէտք է ըլլալ, այլապէս կը մնանք թափահարումներու ջոջական- էսթեպլիշմընթային մակարդակին:

Կը պատմուի, որ հին օրերու Պոլսոյ մէջ անվերջանալի պատրիարքական ընտրութեան վէճերը կը յանգեցնեն հոն, որ գաւառէն մի ոմն վարդապետ պատրիարք կ’ընտրուի: Ինչպէս կարգն է ամէնուրեք, ջոջերը կ’երթան շնորհաւորանքի եւ հանգամանաւոր մը հարց կու տայ, թէ նորընտիրը երբ Պոլիս երթայ, ի՞նչ պիտի ընէ: Պատրիարքարանի Ծաղկեայ դահլիճին մէջ կան բոլոր պատրիարքներու իւղաներկ նկարները: Նորընտիրը այդ իմացած ըլլալով` կ’ըսէ. «Երթամ զիմ պատկեր նկարել»:

Եթէ բուժուինք «զիմ պատկեր նկարել»-ու եւ այդպէս բաներու ախտէն, ազգային-քաղաքական հարցերը մառանի մէջ չենք պառկեցներ եւ քնացներ` սպասելով երկինքէն գալիք հրաշքի, այլ զանոնք իրենց ոտքերուն վրայ կը կանգնեցնենք, չենք բաւարարուիր «զիմ պատկեր նկարելով, մէկ օդանաւէ իջնելով եւ միւսը ելլելով, աշխարհի օդակայաններու գիտութիւն ամբարելով:

Պիտի գա՞յ օրը, երբ Արմաւիրէն, Լոռիէն Գորիսէն պիտի ստանանք Պեւըրլիէն, Կապուտակ ծովափէն եւ Մանհաթընէն հայրենադարձողներու «զիմ» պատկեր»-ը` հայրենակերտողի զրահ հագած: Պետութիւն եւ սփիւռք, յայտնատեսութեան պահու մը միասնաբար կ’իրականացնե՞ն հայրենադարձութիւնը եւ հայրենատիրութիւնը: Միշտ խորհելով եւ գործելով` այն ազգային-քաղաքական իրատեսական իմացումով, որ վաղը միշտ ուշ է:

2023-2024, օր մըն ալ, լաւատեսութեամբ, դարով կը հիննանք կամ աւելի ճիշդ` իրատեսութեամբ, կ’ուշանանք, եթէ ազզի գալիքը ամփոփենք «զիմ պատկեր»-ներով պատմութիւն հիւսելով:

28 դեկտեմբեր 2023

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company