Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ
16 Ապրիլ 2026
Ապրիլի 14-ին Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցան հանդիպումներ Արցախի պատուիրակութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներու միջեւ։
Քննարկումներ տեղի ունեցան Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Լուգաս Ֆուրլասի եւ Յանիս Մանիատիսի հետ։ Զրոյցներու ընթացքին շեշտուեցան Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած հրատապ մարդասիրական եւ քաղաքական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ աւելի հետեւողական ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը։
Արցախի պատուիրակութիւնը, որ կը գլխաւորէր Ազգային ժողովի նախագահ, Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիելեան, եւ կը ներառէր Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան եւ Արցախի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, վերահաստատեց Արցախի ձայնը միջազգային հարթակներու վրայ լսելի դարձնելու հրատապութիւնը։ Պատուիրակութեան կ՚ընկերակցէր նաեւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեան։
Օրը եզրափակուեցաւ տեղւոյն հայ համայնքին հետ կազմակերպուած ջերմ ընդունելութեամբ։
