Հայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
12 Ապրիլ 2026
Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Հայ երեք կուսակցութիւններու՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչները այցելեցին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։
Խորհրդակցութիւնները առաւելաբար ընդգրկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 111 ամեակին նուիրուած իրագործուելիք ծրագիրներն ու ձեռնարկները։
Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր։
Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը ողջունեց միջ-կուսակցական գործակցութիւնը՝ շեշտելով զայն աւելի խորացնելու ու ամրապնդելու հրամայականը՝ համասփիւռքեան ու համահայկական տարողութեամբ։
