ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Փաշինեան վարկաբեկուած ստախօս մըն Է

16 Ապրիլ 2026

Յաւակնութիւնը չունիմ մարգարէանալու, եթէ ըսեմ, որ Փաշինեան վարկաբեկուած ստախօս մըն է։ Ոչ միայն հայ ժողովուրդը գիտէ այդ, այլ նոյնիսկ միջազգային քաղաքական թատերաբեմին վրայ ստախօսին հետ հարկադրաբար յարաբերուող պետական ղեկավարները եւ քաղաքական ներկայացուցիչները։

Արեւմտեան գաղտնի կազմակերպութիւններուն կողմէ դաստիարակուած եւ հայ ժողովուրդի կոկորդէն վար իջեցուած Փաշինեան 2018ին «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» մը պարտադրուեցաւ հայ ժողովուրդին։

Սուտի եւ խաբէութեան վրայ հիմնուած, Փաշինեան իր «թաւշեայ խաբէութեամբ, գունաւոր խոստումներով մոլորեցուց, սին յոյսեր ներշնչելով հոգեբանական արշաւ մը սանձազերծեց, որուն մէկ եւ միակ թիրախն էր հայ ժողովուրդը՝ իր հայաստանեան, արցախեան եւ սփիւռքեան հատուածներով։ Եօթ ամօթալի տարիներու ընթացքին պատերազմ, զրկանք, մահ եւ հողաթափում բերելով, հայրենի սեփական տարածքներ յանձնելով թշնամուն, մեր հայրենիքը ենթարկեց թուրք եւ ադրբեջանցի ոճրագործ վարչակարգերու ձեռքին գերի։

Իշխանութեան պայքարի օրերուն իր եւ ՔՊականներուն տուած խոստումներուն ճիշդ հակառակ գործեց՝ հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն հակառակ։ Ազգային գերագոյն շահերուն դաւաճանելով, Եռաբլուրը ընդարձակեց հինգ հազար նուիրեալներու շիրիմներով։

Ամբողջ սերունդ մը, գիտակցաբար, տարաւ նահատակութեան, երկրի զինուորական հարստութիւնը երկու ձեռքով յանձնեց թշնամուն, բանակը նպատակաուղղուած քայլերով մատնեց ամլութեան եւ անգործութեան։ Մէկ խօսքով գիտակցաբար դաւաճանեց հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր անդամին։

Իսկ երբ չկրցաւ հայ մարդուն կամքը կոտրել դաւաճանութեամբ եւ սպառնալիքներով, պատերազմի արհաւիրքը Դամոկլեան սուրին պէս ճօճեց hայ ժողովուրդի գլխուն վերեւ։ Նոյն այդ երեւակայական պատերազմի մը սպառնալիքներով կրցաւ իշխանութիւնը գողնալ, հաստատելով ոստիկանական մենատիրութիւն, որու անդամները աւելի ենիչերիներուն կը յիշեցնեն, քան հայ ոստիկանի։

Պատերազմի արհաւիրքը ճաշակած հայ մարդու հոգեբանական տեղատուութիւնը չարաշահելով, իւրաքանչիւր բողոքի ձայնը լռեցուց՝ ոստիկանական բիրտ ուժի կիրառմամբ, բանտարկութեամբ, նոյնիսկ քաղաքական ահաբեկչութեամբ փորձեց լռեցնել եւ տակաւին կը շարունակէ նոյն հակահայ վարքագիծը։ Այսօր, խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, լաւապէս գիտակցելով, որ Յունիս 7ի ընտրութիւններուն ժողովուրդը վճռակամօրէն եւ կազմակերպուած պիտի քուէարկէ ազգային շահերը գերադասող ուժերուն, քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն օգտին, Փաշինեան դարձեալ կը փորձէ սուտի եւ կեղծիքի սպառնալիքներով հայ մարդուն պարտադրել իր «թաւշեայ» կեղծիքի թագաւորութեան քուէարկելու միակ ընտրանքը։

Աշխարհաքաղաքական ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ, Փաշինեան ամբողջութեամբ կտրուած է իրականութենէն։ Իրան-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ պատերազմը յայտնապէս նոր աշխարհակարգի մը ծնունդը կ՛աւետէ, ուր Իրան, հակառակ այն իրողութեան թէ ինչ արդիւնք պիտի ներկայացնէ ներկայ պատերազմը, Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական խորապատկերին վրայ պիտի ըլլայ կամք թելադրող, քաղաքական գերակայութիւն յառաջացնող ուժ մը, որուն հետ կարելի պիտի չըլլայ «զոռբաչիական» տրամաբանութեամբ խօսիլ։ Իրան, Միջին Արեւելքի քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական համայնապատկերը պիտի փոխէ արմատականօրէն։

Սկսելով Պարսից ծոցով, ըսենք, որ Իրան իշխող դիրքերէ հանդէս պիտի գայ եւ Միացեալ Նահանգներուն պիտի պարտադրէ հեռանալ Պարսից ծոցէն եւ Իրանի հարաւային սահմաններէն, տկարացնելով շրջանի արաբ թագաւորութիւններուն եւ էմիրութիւններուն սանձարձակ գերվստահութիւնը, որոնք որպէս երաշխաւոր իրենց թիկունքին ունէին Միացեալ Նահանգներուն ռազմական գերակայութիւնը։

Բարձրանալով հիւսիս, Իրանի վերջին իրագործումները յստակ եւ վճռական պատգամ մը պիտի ըլլայ թուրքերուն, մասնաւորաբար Ադրբեջանին այն իմաստով, որ հակաիրանական դաւադրութիւններուն մէջ մասնակից ըլլալէ առաջ յիշեն որ իւրաքանչիւր սխալ քայլ անպատասխան պիտի չմնայ։ Թէեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատասխանատուները չեն մոռցած Ադրբեջանի հակաիրանական նկրտումները, Իրանի երկու ադրբեջանական նահանգներու նկատմամբ ոչ բարի դրացիական մտադրութիւնները, նախագահ Ռայիսիի եւ անոր ընկերակցող պետական պաշտօնէութեան կասկածելի սպանութիւնները, որոնք, ի դէպս, կը վերադառնային Ադրբեջանէն, Իրան-Ադրբեջանի սահմանին ամբարտակի մը գործունէութեան մեկնարկի առիթով։

Թէ՛ Իրան եւ թէ Ռուսաստան Հարաւային Կովկասին մէջ իւրաքանչիւր ռազմական, տնտեսական կամ ապահովական անկայունութիւն պիտի չհանդուրժեն եւ այդ անկայունութեան պատասխանատուներուն համապատասխան հակազդեցութեամբ պիտի պատժեն։ Ո՛չ Իրան եւ ոչ ալ Ռուսաստան կը գտնուին քառասուն չորս օրեայ պատերազմի օրերու պայմաններուն մէջ։ Այդ օրերուն Իրան իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Փաշինեանին եւ փոխարէնը ստացաւ մերժում, մերժում մը, որուն լոյսին տակ Իրան լաւապէս հասկցաւ Փաշինեանի կողմնորոշումները, քաղաքական ուղղուածութիւնը եւ ոչ բարի դրացիական նկրտումները։

Թուրքերուն պարագային յայտնապէս օրերը փոխուած են։ Քառասուն չորս օրեայ պատերազմի օրերուն եթէ համարձակօրէն եւ բացէ ի բաց թրքական ուժերը Արցախի ու Հայաստանի դէմ սանձազերծած պատերազմին գրեթէ ամբողջ պատերազմի ղեկավարութիւնը առին իրենց հսկողութեան տակ եւ Արցախի ժողովուրդին պարտութիւն եւ տեղահանութիւն պարտադրեցին, այսօր, ներկայ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ ի վիճակի պիտի չըլլան նոյնը կրկնել, յատկապէս հաշուի առնելով քարիւղի միջազգային մատակարարման սահմանափակումները Իրանի կողմէ, Պարսից ծոցի Հորմուզի միջանցքին նկատմամբ գործադրուող հսկողութեան պատճառով։ Թուրքիոյ վերջին երկու երեք տարիներու լիրայի շուրջ վաթսուն տոկոսի արժեզրկման հետեւանքով երկրի մէջ ստեղծուած սղաճը, տնտեսաընկերային յամեցող անհանգստութիւնները, ընդդիմութիւն-իշխանութիւններ-քրտական լարուածութիւնները եւ շարք մը այլ ազդակներ, թուրքերուն ետ պիտի պահեն իրենց շիի խորթ եղբօր անծայրածիր օժանդակութիւններ շռայլելու գաղափարէն։

Սակայն, եւ նոյն ատեն, պատերազմի մը կամ զինեալ որեւէ մէկ տեսակ գործողութեան պարագային, Իրան ո՛չ միայն պատժիչ պատասխան պիտի տայ Ադրբեջանին այլ նաեւ պիտի փորձէ պատմական սխալ մը ուղղել, այլ խօսքով քսաներորդ դարու սկզբին Փահլաւի հօր կողմէ չնչին եւ խորհրդանշական գումարի մը փոխարէն թուրքերուն յանձնած Նախիջեւանի հիւսիս արեւմտեան հատուածին Ղարասու կոչուած տարածաշրջանը տասնմէկ կիլոմետր երկարութեամբ ռազմավարական արժէք ներկայացնող հատուածը, Իրանին վերադարձնելու նպատակով։

Նշենք, որ Ղարասուի հատուածը թուրքերուն առիթ կու տայ ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական միջամտութիւն կատարել Նախիջեւանի մէջ եւ ասոր որպէս փաստ թուրքերը այսօր աւելի քան երեսուն հազար զինուոր եւ զինուորական ներկայութիւն տեղակայած են Նախիջեւանի մէջ եւ յաճախ զինուորական վարժանքներ կ՛իրականացնեն ադրբեջանական զօրամիաւորումներուն հետ։ Թրքական այս տեսակի ներկայութիւն սպառնալիք է ո՛չ միայն Հայաստանին այլ նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ազգային, տարածքային անվտանգութեան համար։ Իսկ այսպէս կոչուած «Թրամփի ուղի»ի ապագան մատնուած է անորոշութեան, որուն իբրեւ արդիւնք մեծ թուրանի թրքական երազանքները կրնան Մարմարա ծովուն մէջ խորտակուիլ։ Իսկ Ադրբեջանի նկրտումները՝ Իրանի Հիւսիսային Ադրբեջաններուն նկատմամբ դատապարտուած են սաղմին մէջ ոչնչացման։

Ուստի, այս բոլորէն ետք, եթէ Փաշինեան, իր յոյսը դնելով իր արեւմտեան գաղտնի գործակալութիւններուն վրայ, ադրբեջանական ու էրդողանական նիւթական եւ բարոյական երաշխիքներուն վրայ, կամ շատ միամիտ մըն է եւ կամ ալ վարկաբեկուած ստախօս մը, ով իր անձնական եւ կուսակցական նեղ շահերը գերադաս կը համարէ սեփական ժողովուրդին ապահովութեան, ազգային ու հողային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան։ ՔՊն կախարդական այն գաւազանը չէ որուն մէկ հարուածով թշնամուն արգիլուի հակահայ որեւէ գործողութիւն։ Եօթ տարիներու Փաշինեանի ազգադաւ քաղաքականութիւնը ասոր վառ վկան է եւ հայ ժողովուրդն ալ ասկէ եօթ տարիներ առաջուան հայը չէ, որ միամտօրէն հաւատայ փաշինեանական ստախօսութիւններուն։ Այո, Փաշինեան վարկաբեկուած ստախօս մըն է։

Եւ հայ ժողովուրդի պարտականութիւնը ու պարտաւորութիւնն է ազգովին համախմբուիլ հայրենանուէր ուժերուն շուրջ, մէկ մարդու պէս, կարգապահ, գիտակից քաղաքացու պէս քուէարկել այդ ուժերու օգտին՝ լուսաւոր ապագայ մը կերտելու ո՛չ միայն իրենց գալիք սերունդներուն համար, այլ նաեւ համայն հայութեան ապագայ սերունդներուն համար, ուր Հայաստան պիտի ըլլայ բոլոր հայութեան հայրենիքը եւ զայն պաշտպանող ամրոցը։ Վերջապէս, սուտ եւ աժան սպառնալիքներ են Փաշինեանի այն վարքագիծը, որ եթէ ինքը եւ ՔՊն չըլլան Հայաստանի իշխանութեան ղեկին, հայ ժողովուրդը ականատես պիտի ըլլայ ադրբեջանական պատերազմի մը սպառնալիքին։ Սեփական ժողովուրդը երեւակայական պատերազմով սպառնացող «ղեկավար» մը ինքնաբերաբար բարոյալքուած անձնաւորութիւն մըն է, ով իրաւունք չունի նոյնիսկ ղեկավար կոչուելու, ինչ մնաց երրորդ անգամ պատուհաս դառնալու մեր ժողովուրդի գլխին։ Հետեւաբար, Փաշինեան բացարձակապէս վարկաբեկուած ստախօս մըն է, որուն սուտերուն տոպրակը շատոնց ծակծկած է։

ՎԱՐՈՒԺ ԲԱԲՈՒՄԵԱՆ
Լոս Անճելըս

Ասպարէզ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ո

Ապրիլի 14-ին Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ կազմա

16 Ապրիլ 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի ինքնիշխան զօրաշարժ

Փարիզի մէջ գումարուած Սփիւռքի համազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը պարզապէս հերթ

16 Ապրիլ 2026
Մերժել այս իշխանություններին և վերական

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

16 Ապրիլ 2026
Այս իշխանությունը հերթական անգամ փորձ

Այս իշխանությունը հերթական անգամ փորձ է անում իր աթոռը պահելու համար մանևրել,

16 Ապրիլ 2026
Փաշինեան վարկաբեկուած ստախօս մըն Է

Յաւակնութիւնը չունիմ մարգարէանալու, եթէ ըսեմ, որ Փաշինեան վարկաբեկուած ստախօս

16 Ապրիլ 2026
Ֆրանսիայում գտնվող Արցախի պատվիրակությ

Ապրիլի 13-ին Ֆրանսիայում գտնվող արցախյան պատվիրակությունը Արցախի Հանրապետությա

15 Ապրիլ 2026
Մեզ պետք է սփյուռքի ուժը, նման հզոր կա

Հայաստանի իշխանությունները միտումնավոր հրաժարվում են սփյուռքի օգնությունից, հե

15 Ապրիլ 2026
Ընտրական Գործընթացը Սկսած Է Հայաստանի

Կիրակի, 7 յունիս 2026-ին կը կայանան Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները: Ա

15 Ապրիլ 2026
Միակ ճանապարհը համատեղ ուժերով քայլերն

Ի՞նչ ենք առաջարկում. ընդդիմության միասնական հանրահավաք ընդդեմ իշխող ուժի ապօրի

15 Ապրիլ 2026
Ակնարկ. Բանակցային Խաղաթուղթերը Վերստա

Իսլամապատի բանակցութիւններու չարդիւնաւորումը յայտնաբար չէ խախտած հրադադարը: Կա

15 Ապրիլ 2026
Պետք է արգելվի Փաշինյանի կուսակցության

2021 թվականի հունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրություններից հետո վարչապետ Նի

14 Ապրիլ 2026
Աշխարհը հասկանում է, որ արցախահայերի ն

168.am-ն Արցախի Ազգային ժողովի պատգամավոր Վահրամ Բալայանից հետաքրքրվեց՝ եթե Հ

13 Ապրիլ 2026
Սփյուռքի զորաշարժի խորհրդաժողովի կոչ-

Ապրիլի 11-12-ը Փարիզում կայացավ Սփյուռքի ազգային զորաշարժին նվիրված խորհրդաժող

12 Ապրիլ 2026
Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով

Կիրակի, 12 ապրիլին, իր աւարտին հասաւ համազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքի զօրա

12 Ապրիլ 2026
Սփիւռքը կը պահանջէ, որ Հայաստանի քաղաք

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի փակման խօսքը Սփիւռքի զօրաշարժի նուիր

12 Ապրիլ 2026
Հայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացու

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Հայ երեք կուսակցութիւններու՝ Հայ Յեղափոխական

12 Ապրիլ 2026
Մենք կ’օգտագործենք Սփիւռքին ուժը

Կրնանք ընդունիլ «Իրական Հայաստանի» տեսլականը՝ աշխարհաքաղաքական վանդակի մը մէջ

12 Ապրիլ 2026
Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ին, Փարիզի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Սփիւռքի ազգային զօ

11 Ապրիլ 2026
Նման ազգակործան քաղաքականութիւնը մեզի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին պատգամը՝ ուղղուած Սփիւռքի զօրաշարժի

11 Ապրիլ 2026
Այսօր մեր ժողովուրդը կանգնած է արտաքին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագույն Պատրիարք և Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղ

11 Ապրիլ 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company