Ակնարկ. Բանակցային Խաղաթուղթերը Վերստանձնելու Համար
15 Ապրիլ 2026
Իսլամապատի բանակցութիւններու չարդիւնաւորումը յայտնաբար չէ խախտած հրադադարը: Կայ միտում հրադադարը պահպանելու եւ վերաբանակցելու: Ռազմական այլ գործողութիւն տեղի կ՛ունենար. այս պարագային, ամերիկեան ուժերը կը շրջափակէին Հորմուզի նեղուցը, արգելակելով Իրանի թոյլտուութեամբ մինչ այդ ընթացող նաւագնացութիւնը: Ամբողջական կասեցումը Հորմուզի նեղուցով արտահանուող կամ տարանցիկ ուղիներով սպառման այլ ուղղութիւններ մեկնող վառելանիւթին կտրուկ անդրադարձ պիտի ունենար սկզբունքով սղաճի մագլցումին առումով: Կան հակակշիռ քայլեր տարբեր պետութիւններու կողմէ վառելանիւթի տագնապը առնուազն յետաձգելու նպատակով:
Ամերիկեան այս քայլը կը թուի, որ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման նոր պայմաններու մասին է: Նոր կանոններով բանակցութիւններ վերսկսելու եւ Հորմուզէն անցնող ուժանիւթերու վրայ վերահսկողական նոր գործիքակազմեր հաստատելու մտադրութիւնը ունի: Իրանի կողմէ մասնակի, իսկ հիմա Միացեալ Նահանգներու կողմէ ամբողջական փակումը համալիր ուղիներու, նոր ելակէտ է բանակցութիւններու: Եւ այդ է փաստօրէն, որ հրադադարը պահպանելով կը ձգտի երկկողմանիօրէն բաց պահել բանակցութիւններու պատուհանը:
Ամերիկեան հանրայայտ լրատուամիջոցներու տուեալներով, որոնք հիմնուած են ամերիկացի պաշտօնատարներու եւ բանակցութիւններուն մօտ կանգնած աղբիւրներու հաղորդումներուն վրայ, կողմերը այժմ կը քննարկեն նոր հանդիպման մանրամասնութիւնները, իսկ միջնորդ երկիրներէն մէկուն դիւանագէտը հաստատած է, որ Թեհրանն ու Ուաշինկթընը արդէն տուած են իրենց նախնական համաձայնութիւնը:
Գետնի վրայ փակել, պաշարել, գործողութիւններ, դիւանագիտական խողովակները բաց պահելով բանակցելու համաձայնութիւններ, ահա ներկայ պահուն ընթացող զուգահեռ քայլերու տրամաբանութիւնը: Այս տուեալները աւելի համոզիչ կը դարձնեն, որ առանցքային հիմնական հանգոյցը ուժանիւթի վերահսկումի շուրջ գոյութիւն ունեցող խնդիրն է, եւ հրապարակուած տարակարծութիւնը, որուն հիման վրայ Իսլամապատի բանակցային առաջին փուլը չէ արդիւնաւորուած, երկրորդական նշանակութիւն ունի: Լուրերը այն մասին են, որ Իրան առաջարկած է 5 տարուան համար դադրեցնել իւրանիոմի հարստացման աշխատանքը, մինչ Ուաշինկթըն պահանջած է 20 տարի:
Չմոռնանք, որ Հորմուզի նեղուցը միակողմանի վերափակելու Իրանի քայլը հետեւեցաւ ըստ Թեհրանի 10 կէտնոց առաջարկներէն վերջինը չյարգելու պատճառով: Խօսքը Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն շարունակումի մասին է:
Ստացանք հետեւեալը: Հրադադարի համաձայնութիւն: Լիբանանի վրայ յարձակումներու շարունակութիւն, հետեւաբար Հորմուզի նեղուցի վերափակում, որուն դիմաց այս անգամ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ամբողջական պաշարում Հորմուզի, թոյլ չտալով, որ Իրան մասնակի գործարկէ այդ անցքը: Այս բոլորով հանդերձ, Միացեալ Նահանգներ, Իրան հրադադարի պահպանում եւ բանակցութիւններու նոր փուլի շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն:
Հիմա գանք Լիբանան: Այս ուղղութեան վրայ եւս կայ Պէյրութ-Թել Աւիւ ամերիկեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններ մեկնարկելու համաձայնութիւն: Պէյրութը չունի համալիբանանեան համախոհութիւն այս նոր շրջափուլին անցնելու համար: Սկզբունքով Պէյրութի նախապայմանը պիտի ըլլար կրակի դադրեցում, տարածքային ամբողջականութեան յարգում, հետեւաբար իսրայէլեան ուժերու հեռացման երաշխիք, որուն դիմաց զէնքի մենաշնորհում:
Լիբանանը սակայն չունի բանակցային խաղաթուղթեր: Չունի նաեւ ներքին միակամութիւն այս հարցին շուրջ: Բացակայ են միջազգային երաշխիքներ` իսրայէլեան յարձակողապաշտութիւնը զսպելու: Մինչ Թել Աւիւ բացայայտ կը յայտարարէ լիբանանեան տարածքներ գրաւելով անվտանգութեան գօտի ձեւաւորելու իր առաջադրանքին մասին` լիբանանեան տարածքներէ հրթիռարձակումի վտանգը չէզոքացնելու անունին տակ:
Եթէ միայն հրադադարի շուրջ համաձայնութեան մասին է խօսքը, ապա փաստերը ցոյց տուին, որ այս վերջին բռնկումէն առաջ, Իսրայէլ չյարգեց նախկին հրադադարի համաձայնութիւնը եւ անվերջ թիրախաւորեց լիբանանեան տարածքներ: Իսրայէլ նաեւ Լիբանանը դուրս բերաւ վերջին հրադադարի համաձայնութենէն եւ ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն-Թեհրան համաձայնութիւնը չի վերաբերիր Լիբանանի:
Չի բացառուիր, որ իրադարձութիւնները յանգին նոր գոյավիճակ (սթաթիւս քօ) ստեղծող հրադադարի, լիբանանեան գրաւեալ տարածքներով եւ երկարատեւ ու անժամկէտ բանակցութիւններով: Այդ նոյնիսկ կրնայ տարակուսելի ըլլալ, նախորդ հրադադարներու միակողմանի խախտումներու շարանը նկատի ունենալով:
Պաշտօնական Պէյրութը բանակցային խաղաթուղթեր վերստանալու համար մեկնարկային անհրաժեշտութեան առջեւ է: Ամէն բանէ առաջ համալիբանանեան մօտեցում եւ համախոհութիւն` բանակցային սկզբունքներու եւ առաջադրանքներու շուրջ:
«Ա.»
«Ազդակ»
