Փաստերը Խեղաթիւրելով` Սեփական Պատասխանատուութենէն Խուսափելու Փորձ
27 Հունվար 2024
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 12 յունուարին, մեկնաբանելով շարք մը հայ պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները, թէ ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ չեն պաշտպանած բնակչութիւնը` արտօնելով ցեղային զտման իրականացում, նշած է, որ այդ յայտարարութիւնները «ապակառուցողական են եւ, ամէնէն կարեւորը, անոնք չեն համապատասխաներ իրականութեան»:
«Հաւանաբար այդպիսի յայտարարութիւնները Հայաստանի մէջ կամ արտերկրի մէջ մէկու մը ձեռնտու են. այլ կերպ չեմ կրնար բացատրել: Ասոնք փաստերը խեղաթիւրելու եւ սեփական պատասխանատուութենէն խուսափելու փորձեր են: Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի մէջ ազգային զտումներու պնդումներուն, եթէ կայ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութեան, օրինակ` ՄԱԿ-ի, փաստաթուղթ մը կամ յայտարարութիւն մը, որ ազգային զտումներ եղած են, բարի եղէք` ներկայացուցէք այդ փաստաթուղթը: Մենք բազմիցս նշած ենք հայ բնակչութեան Ղարաբաղ վերադարձի կարեւորութիւնը` հիմնուած Պաքուի յայտարարութիւններու վրայ», աւելցուցած է Զախարովա:
Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հռչակագիրի համաձայն, ցեղասպանութիւն է պետութեան մը այն քաղաքականութիւնը, որուն նպատակը ազգային, կրօնական, կամ ցեղային որեւէ խումբի համար անտանելի կենսապայմաններու ստեղծումն է, ինչի հետեւանք կրնայ ըլլալ այդ խումբի ֆիզիքական ոչնչացումը, կամ` հարկադիր արտագաղթը:
Ազրպէյճանը 27 սեպտեմբեր 2020-ին չհրահրուած ու անարդարանալի յարձակում գործեց Արցախի Հանրապետութեան վրայ, գրաւեց անոր տարածքի նկատառելի մասը եւ տեղահանեց այդ շրջաններու բնակչութիւնը: Դեկտեմբեր 2022-ին սկսաւ խափանել Արցախի կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, 12 դեկտեմբեր 2022-ին փակեց Արցախի արտաքին աշխարհի հետ միակ կապը` Բերձորի միջանցքը, այդպիսով ընդհանուր պաշարումի ենթարկելով Արցախի Հանրապետութիւնը եւ այդտեղ ստեղծելով մարդասիրական սուր ճգնաժամ, որ շուրջ 9 ամիս շարունակուելով` հետզհետէ խորացաւ ու ծանրացաւ:
Պաքուն իր ցեղասպանական նպատակին վերաբերեալ յաւելեալ ապացոյց տուաւ, երբ նշեալ բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ սկսաւ մշակութային ցեղասպանութիւն գործել` ոչնչացնելով հայկական պատմամշակութային կոթողները: Ապա 19 սեպտեմբեր 2023-ին, երբ դարձեալ յարձակում մը շղթայազերծեց հայկական հանրապետութեան դէմ, շրջանի բնիկ ժողովուրդը, օգտուելով զինադադարի համաձայնութեան պայմաններէն, հեռացաւ իր պատմական հողերէն:
Այս բոլորը ցեղային զտման իրողութեան մասին, ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային հռչակագիրի համահունչ փաստեր են, եւ բազմաթիւ հեղինակաւոր իրաւապաշտպաններ ու իրաւապաշտպանական կազմակերպութիւններ զայն դատապարտեցին եւ ցեղասպանութիւն որակեցին:
Անհերքելի է, որ Ազրպէյճանը Արցախի հայ բնակչութեան համար ստեղծած էր բնականոն կեանքի ոչ համահունչ պայմաններ: Այդ մասին կը վկայեն նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի քննարկումներն ու Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի յայտարարութիւնները: Ուքրանիոյ հարցով գերզբաղուած ՄԱԿ-ին կողմէ այդ վերաբերեալ փաստաթուղթի մը չգոյութիւնը ցեղասպանութեան իրողութիւնը դրժելու բաւարար հիմնաւորում մը չէ:
Զախարովայի յայտարարութիւնը կարդացողը պահ մը այն տպաւորութիւնը կը ստանայ, որ ան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերն է, եւ ոչ թէ` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, որովհետեւ Ազրպէյճանը կը պաշտպանէ: Սակայն` ոչ միայն Ազրպէյճանը:
27 սեպտեմբեր 2020-ին, Պաքուի շղթայազերծած յարձակումի ընթացքին եւ մինչեւ 19 սեպտեմբեր 2023 երկարող ժամանակաշրջանի ամբողջ ընթացքին ռուսական խաղաղապահ ուժերու կրաւորական դիրքորոշումը մեծապէս վնասեց ռուսական բանակի վարկին եւ չքացուց արցախահայութեան մօտ անոր նկատմամբ վստահութիւնը:
Ռուս խաղաղապահները խաղաղութիւնը չպահպանեցին, ուստի հայ բնակչութիւնը հարկադրաբար իր պապենական հողերէն հեռանալով` անվստահութիւն յայտնեց թէ՛ անոր, թէ՛ իր անվտանգութեան վերաբերեալ ազրպէյճանական ստապատիր երաշխիքներուն:
Զախարովան քաջ կը գիտակցի, որ տեղի ունեցածը ցեղային զտում էր, սակայն այդ իրողութիւնը մերժելով` կը փորձէ իր պետութիւնը պաշտպանել այդ լրջագոյն յանցագործութեան համար պատասխանատուութեան մեղադրանքէն: Արցախի մէջ ցեղային զտումի իրողութեան մերժումը իսկութեան մէջ թէ՛ Մոսկուայի կողմէ Ազրպէյճանի պաշտպանութիւն է, թէ՛ ալ` ինքնապաշտպանութիւն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կատարածը «փաստերը խեղաթիւրելով` սեփական պատասխանատուութենէն խուսափելու փորձ» է:
aztagdaily.com
