ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Ընկ. Հրայրին. Պի՛նդ Է Դաշնակցութիւնը

21 Դեկտեմբեր 2018

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

ՀՅ Դաշնակցութեան նորագոյն պատմութեան մէջ ընկ. Հրայր Մարուխեան կը պատկանի այն փաղանգին, որ իւրայատուկ դրոշմ եւ ուժականութեամբ յատկանշուած կշիռ տուած է ո՛չ միայն Դաշնակցութեան, այլ նաեւ Դաշնակցութեան ճամբով համայն հայ ժողովուրդին:

Իր ծննդեան 90-ամեակին եւ մահուան 20-ամեակին առիթով եղող արտայայտութիւնները ընկ. Հրայրի անձին փառաբանանքը չեն վստահաբար, այլ իր անձին ընդմէջէն մեր ժողովուրդի կեանքին հիմնական մէկ փուլին լուսարձակումն են, ու իբրեւ այդպիսին Դաշնակցութեան ճամբով անոր եւ իր գործակիցներուն ունեցած բացառիկ ներդրումը:

Արդարեւ, ԺԸ. Ընդհանուր ժողովով երիտասարդ տարիքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընտրուելով ու աւելի ուշ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւն ստանձնելով, մինչեւ այն դժբախտ պատահարը, որ պատճառ դարձաւ մեծ կորուստին, Հրայր Մարուխեան եղաւ ՀՅ Դաշնակցութեան այն մղիչ ուժը, որուն միջոցով վերարժեւորուեցան, վերակենդանացան ու վերընձիւղուեցան տարբեր ժամանակներու ընթացքին, տարբեր պայմաններու եւ տարբեր իրադրութիւններու իբրեւ հետեւանք ընթարմացած կարգ մը գաղափարներ, սկզբունքներ, մօտեցումներ, ըմբռնումներ եւ աշխատանքներ:

Հաւաքական գործի բացառիկ հաւատացողն էր Հրայր Մարուխեան: Իր գործակիցներէն Սարգիս Զէյթլեան, Հրաչ Տասնապետեան, Բաբգէն Փափազեան, Սագօ Սարգիսեան եւ վստահաբար մեզմէ հեռացած ու տակաւին մեզի հետ եղող ընկերներ մաս կազմեցին այդ հաւաքական գործին` հաւաքական ղեկավարութեան պատասխանատուութեանց համապատասխան բաժանումով ու դերակատարութեամբ: Հաւաքական աշխատանքը առաջնորդելու, նուաճումները բոլորին սեփականութիւնը դարձնելու, իսկ բացթողումներու պատասխանատուութիւնը անձնապէս կրելու քաջութիւնը ղեկավարելու արուեստն է: Ու այդպէս էր Հրայր Մարուխեանը իբրեւ պատասխանատու ընկեր, ու այդպէս էր երիտասարդ սերունդը դաստիարակելու գործընթացը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ երիտասարդ պահելու, շարքերը երիտասարդացնելու, հայութեան երիտասարդ խաւը աւելիով հայկականացնելու, Հայաստանն ու Հայ դատը երիտասարդական շրջանակներու մօտ գերխնդիրի վերածելու ընդհանուր ժողովներու որոշումներն ու ընկերներու պահանջները, բայց մանաւանդ համահայկական կարիքները եղան տուեալ ժամանակի հիմնական հարցերէն, բայց մանաւանդ անոնց լուծման նախաձեռնութեամբ եւ գործնականացման ժամանակաշրջան: Եւ այս իմաստով ուսանողական միութեանց հզօրացումը, երիտասարդական միութեանց ստեղծումը, պատանեկան միութեանց վերաթարմացումը, ու միաժամանակ պատասխանատու դիրքերու վրայ երիտասարդ ընկերներու ընտրութիւնը կամ նշանակումը երիտասարդացման գաղափարը դուրս բերին կարգախօսային տրամաբանութենէն ու վերածուեցան իրականութեան` աշխատանքի նոր ու բազմապիսի հորիզոններ բանալով Դաշնակցութեան դիմաց:

Երիտասարդականացումը սակայն ինքն իր մէջ պակասաւոր ձգտում է եւ ինքնանպատակ, եթէ անոր չմիանայ զայն գաղափարական զրահաւորումով ու կազմակերպական շրջագիծով օժտելու հրամայականը: Գաղափարականէ զուրկ երիտասարդութիւն մը պարզապէս երիտասարդներու ընթացիկ հաւաքականութիւն կը ներկայացնէ առանց նպատակի, առանց իտէալի, առանց թիրախի ու պատրաստ խումբ` իյնալու թակարդներու մէջ, խոտորելու ապազգային ոլորտներու մէջ, անդիմագիծ ընկերութիւն ու իբրեւ այդպիսին զանազան քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական շրջանակներու կողմէ շահագործելի առարկայ:

Երիտասարդականացման գաղափարը ու Դաշնակցութեան գաղափարական արժէքները վերակենդանացնելու, Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդին մէջ գաղափարական ուժի, հոսանքի եւ առաջնորդողի վերածելու կրնկակոխ ճիգին մէջ իր անվիճելի դերակատարութիւնը ունեցող Հրայր Մարուխեան երբեք իրը չնկատեց այդ գործը, այլ զայն տուաւ հաւաքական ուժին:

Պաղ պատերազմի իբրեւ հետեւանք, երբ Խորհրդային Հայաստանի թէ սփիւռքի տարբեր շրջաններու տեղական քաղաքական անցուդարձերը աստիճանաբար Դաշնակցութեան ընկերվարական դիմագիծը տժգունութեան կ՛առաջնորդէին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը նախորդ դարու եօթանասունական թուականներէն սկսեալ ապրեցաւ քաղաքական աշխուժ բանավէճ ընկերային թէ ժողովական մակարդակներու վրայ ու հասնելով 1981-ի Ընդհանուր ժողով, մեր ժողովուրդին ներկայացաւ վերամշակուած ու Դաշնակցութեան գաղափարական հիմնական սկզբունքներու վերյիշեցումով նոր ՀՅԴ Ծրագիրով:

Գաղափարական արժէքներու վերարժեւորումը միացաւ կազմակերպական ու քարոզչական վերաշխուժացման: Ու եղաւ այնպէս, որ Դաշնակցութիւնը հայութեան ու Հայ դատին ի սպաս դրաւ կուռ շարքերով կազմակերպութիւն մը` պաշտպանելով հայութիւնը հոն, ուր վտանգի ենթարկուեցաւ, հոն, ուր անոր ինքնութիւնը սպառնալիքի ենթարկուեցաւ եւ հոն, ուր հայ մարդու արժանապատուութիւնը վտանգուեցաւ: Միաժամանակ գաղափարական, քաղաքական, հայաստանեան, գաղութային թէ համահայկական խնդիրները, ինքնապահպանման ու կրթական, մշակութային հարցերը, թէ ապազգայնացման դէմ իր կեցուածքները համաժողովրդային սեփականութիւն դարձնելու անհրաժեշտութենէն մեկնած ու հեռանկարով մամուլը, քարոզչութիւնը ստացան նոր ուժականութիւն, նոր ծաւալ ու վերածուեցան կարծիք, տեսակէտ ու կեցուածք ձեւաւորող ու յաճախ առաջնորդող իշխանութեան:

Հայ ժողովուրդի իրաւազրկումը, Թուրքիոյ եւ աշխարհի լռութիւնը` Ցեղասպանութեան շուրջ, եւ այս իմաստով մեր ժողովուրդին մօտ հաշտուողականութեան տրամադրութիւնները եթէ երբեք որոշ չափով տեղաշարժի զգացողութիւնը ապրեցան, իսկ Ցեղասպանութեան յիսնամեակով եւ այնուհետեւ ծաւալած Հայ դատի քաղաքական աշխատանքներով ու աշխարհով մէկ Հայ դատի յանձնախումբերու կազմութեամբ ու աշխատանքի հետապնդումով, այսուհանդերձ ՀՅԴ Ի. Ընդհանուր ժողովին Հայ դատի հետապնդման օրակարգով «Հայ ժողովուրդի յեղափոխական աւանդներուն վերադառնալու» որոշումն ու զայն ողջ հայութեան սեփականութիւնն ու մարտահրաւէրը նկատելու գործընթացը եկաւ նոր թափ, նոր ուժեղութիւն, յեղափոխական հնչեղութիւն տալու արդարութիւն հաստատելու հայութեան պահանջին, որուն ճամբուն եղան քաղաքական բանտարկեալներ ու ինկան նահատակներ:

Հրայր Մարուխեանն ու իր գործակիցները լաւագոյնս ըմբռնած էին մեր ժողովուրդին պահանջներն ու միջազգային նենգութիւնը եւ մեր դատը դարակներու մէջ պահելով Թուրքիան անպատիժ ձգելու իրողութիւնը: Հայապահպանումէն քաղաքականացում, քաղաքականացումէն յեղափոխականացում գաղափարական, քաղաքական ու կազմակերպական անցումը նոր ուժգնութիւն տուաւ համահայկական պայքարին, նոր հորիզոններ բացաւ այդ պայքարին դիմաց, նոր հաշուարկներ ստեղծեց Թուրքիոյ, անոր դաշնակիցներուն կամ առհասարակ լուռ մնացող ու իրենց լռութեամբ իսկ մեղսակից պետութիւններու կամ միջազգային հանրային կարծիքին մօտ:

Եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դարձաւ թիրախ, հարուածներու ենթակայ, բարձրագոյն պատասխանատու դէմքերէն մինչեւ խոնարհ հերոսներ: Վախը, տկարութիւնը, ընկրկումը ո՛չ դաշնակցական ղեկավարութեան, եւ ոչ ա՛լ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ տեղ ունէին:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը համահայկական կազմակերպութիւն է անկասկած: Իր ծնունդէն այսօր, աշխարհատարած ներկայութեամբ, կազմակերպական միաւորներով թէ ընկերներով Դաշնակցութիւնը սակայն չի սահմանափակուիր ու իր գաղափարաբանութեամբ իսկ չի կրնար սահմանափակուիլ զուտ գաղութային, տեղայնական հարցերով: Նոյնիսկ տեղական հարցերու քննարկումը, դիմակալումը եւ անոնց համաձայն լուծումները ան կատարած է մեկնելով ընդհանրական, համահայկական մտահոգութիւններէն: Այս իմաստով, համահայկական կառոյցներու յառաջացումը, տեղական կամ շրջանային միաւորներու համասփիւռքեան եւ ապա Հայաստանի անկախացումով աւելի համահայկական դարձնելը եղաւ եօթանասունական թուականներէն սկսած Դաշնակցութեան առաջադրանքը: Համազգայինը, ՀՄԸՄ-ը, Հայ օգնութեան միութիւնը, դաշնակցական երիտասարդական միութիւնը կամ Հայ դատի Կեդրոնական մարմինի եւ գրասենեակի ստեղծումը, Մամլոյ դիւանի յառաջացումը եղան այնպիսի նուաճումներ, որոնք ո՛չ միայն վերակենդանացուցին ու վերաորակաւորեցին կատարուող աշխատանքները, այլ նաեւ նոր թափ տուին, նոր ուղղութիւններ յառաջացուցին, նոր ներուժ սնուցեցին այս միաւորներուն, որոնց նպատակները բարձրացան տեղականէն ընդհանրականի, գաղութայինէն համահայկականի, եւ որոնցմէ միակ ու արժանի օգտուողը եղաւ Հայաստանն ու հայութիւնը:

Արցախի պոռթկումը եւ Հայաստանի անկախութիւնը նոր էջ բացին ՀՅԴ-ի համար: Նոր մարտահրաւէր, որուն առաւելագոյն արագութեամբ պատասխանեց ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Առանց վարանումի, իր իսկ գոյութեան իմաստը արժեւորելու լաւագոյն պահն էր, որուն համար Դաշնակցութիւնը իր ղեկավարութեամբ, պատասխանատու մարմիններով եւ շարքերով պարտէր ըլլալ ու եղաւ առաջին գիծի վրայ: Եղաւ Արցախ, եւ վերընձիւղուեցաւ Հայաստանի մէջ:

Ուրիշ բան չէր կրնար ընել Դաշնակցութիւնը:

Դաշնակցութիւնը Հայաստանի ու հայութեան համար էր ու այդպէս պիտի մնայ:

Ու կը բաւէ յիշել, լսել, դիտել, դարձեալ յիշել, լսել ու դիտել, եւ տեւաբար մտաբերել Հրայր Մարուխեանը, երբ կ՛ըսէր. «Դէպի երկիր, դէպի երկիր» ու վերյիշել իր դէմքը, երբ Զուարթնոց օդակայանին մէջ, Քա.Կէ. Պէ.-ի հսկողութեամբ կը բարձրանար օդանաւ` ենթարկուելով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Դաշնակցութեան` Ընդհանուր ժողովը խափանելու եւ զինք հայրենիքէն արտաքսելու կամայական որոշումին:

Պէտք է յիշել այդ պահը:

Երբ ընկ. Հրայր Մարուխեան պաշտպանեց Հայաստանը, ենթարկուեցաւ արտաքսման որոշումին, յարգեց պետութիւնը, մերժեց ընդյատակ անցնիլ, մերժեց բախումներ յառաջացնել ու բարձրացաւ օդանաւ:

Անոր դէմքը, ցաւոտ ժպիտը կ՛ըսէր. «Ես կ՛երթամ, Հայաստանը կը մնայ, Դաշնակցութիւնը կը մնայ: Ուրիշներ ալ կ՛երթան, բայց ես կը վերադառնամ»:

Հայաստանի պաշտամունքը իր հոգիին մէջ կրող Հրայր Մարուխեան Հայաստանի ու հայութեան համար աշխատեցաւ իր ողջ կեանքին ընթացքին:

Չխօսեցաւ, այլ գործեց:

Հաւատքով, կամքով, դուխով, խելակորոյս ինքնամոռացութեամբ, ինքնազոհութեամբ:

Իրեն հետ, իր շունչով վարակեց շրջապատը, իր գործակիցներով միասնաբար վառ պահեց կրակը եւ Դաշնակցութիւնը պահեց ամուր, պի՛նդ, հայաստանապաշտ ու հայապաշտ:

Հրայր Մարուխեան ՀՅ Դաշնակցութեան անժամանցելի ու անզուգական դէմքերէն մէկն է անկասկած:

Կամք էր, շունչ էր, ոգի էր:
Պայքար էր իր էութեամբ:
Յեղափոխութիւն էր ինքնին:

Իր մահուան քսանամեակին մեր միակ խոստումը`

Պի՛նդ ենք, ընկ. Հրայր:
Պի՛նդ է Դաշնակցութիւնը:
Պիտի մնա՛յ Դաշնակցութիւնը, այնքան ատեն որ կը մնայ Հայաստանը:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ըն

25 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակ

30 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքի ջախջախիչ մեծամասնությունը դեմ

Հոկտեմբերի 28-ին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Ար

29 Հոկտեմբեր 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսաստան» և «Արդ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանը, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Սևան Դանիելյա

29 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամ

Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

29 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ ԶՈՄ վարչութեան եւ յարաբերական յանձ

28 հոկտեմբեր, 2026-ին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ յար

29 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Ռազմավարական գործընկերութի

2020-ի Արցախեան պատերազմը պէտք էր անջնջելի դաս մը ըլլար Գանատայի արտաքին քաղաք

28 Հոկտեմբեր 2026
Ընտանեկան բռնության մասին առաջարկվող օ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

28 Հոկտեմբեր 2026
Ճանապա՞րհ, թե՞ միջանցք

Քանի որ Ազգային ժողովում ելույթներին հատկացվող ժամանակը խիստ սահմանափակ է, ստո

27 Հոկտեմբեր 2026
Բաքվի դատավճիռը հերքում է ինքն իրեն. Հ

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարակում է “Justice” According to Azerbaijan

27 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company