ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Եզակի Շնորհակալութիւն Մը՝ Գոհաբանութեան Օրուան Առթիւ

29 Նոյեմբեր 2024

«Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն մատուցանեմք…»

«Գոհանամք զՔէն, Տէր…»

(ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ-էն)

Նոյեմբերի չորրորդ Հինգշաբթին, Միացեալ Նահանգներու մէջ ճանչցուած է իբրեւ Գոհաբանութեան Օր (քանատացիք ալ նոյնը կը տօնեն տարբեր օր մը), որ սրբազան եւ խորհրդաւոր իմաստ ունի քաղաքացիներուն համար: Անիկա կը նշուի յատուկ երկիւղածութեամբ եւ պաշտամունքի խորհուրդով, ինչպէս են Սուրբ Ծննդեան օրը, Յիշատակ Մեռելոցը (Memorial Day) կամ Անկախութեան օրը՝ 4 Յուլիս:

Գոհաբանութեան Օր-ը ունի իր պատմութիւնը: Եւրոպայի մէջ, կրօնական խստութիւններ եւ բռնատիրական վիճակներ մղած են զանգուածներ, որ լքեն իրենց երկիրը եւ ազատութիւն փնտռեն Նոր Աշխարհին մէջ: Առաջին գաղթականները նկատուած են իւրօրինակ ուխտաւորներ: Ամերիկեան ցամաքին վրայ հաստատուած գաղթականները անծանօթ ափերուն դիմագրաւած են մեծ դժուարութիւններ, սակայն հիւրընկալուելով տեղացի հնդիկներու կողմէ, տքնաջան աշխատանքով կերտած են կեանք, մշակած են հող, հասցուցած բերք, որուն առատութիւնը բնականաբար նկատած են երկնատուր պարգեւ, ուրեմն, ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ յայտնած են այդ շնորհքներուն համար: Այս զգացումէն ալ ծագած է Գոհաբանութեան Օր-ի գաղափարը, որ ձեւով մը պաշտօնականացուած է անկախութեան առաջին տարիներուն իսկ: Ներգաղթի առաջին տարիներն էին, երբ եկուորները չէին անցած բնիկներուն զանգուածային ջարդին, սեւամորթները չէին մատնած անմարդկային ստրկութեան, ո՛չ ալ մտածած էին աշխարհին տիրելու եւ ցեղասպաններ քաջալերելու մասին…

Այսօր արդէն իբրեւ քիչ մը հեռու անցեալ դիտուող այդ օրերէն՝ հասնինք մեր օրերը: Դժբախտաբար ծագումով եւ ոգիով կրօնաբոյր Գոհաբանութեան Օրուան խորհուրդը հետզհետէ սկսած է մոռցուիլ ու նօսրանալ։ Հիմա, կերուխումն ու շուկայի տրամաբանութիւնն է տիրապետողը: Հինէն մնացած միակ հետքը այն է, որ հիմա Օրը կը նշուի խաղաղութեամբ, կը ճաշակենք հնդկահաւը՝ օրուան գլխաւոր ճաշատեսակը, որ «պարգեւեալ է մեզ ի Տեառնէ…»: Ի դէպ, հայն ալ ունի իր գոհաբանական աղօթքները, որոնք արտայայտութիւն գտած են նաեւ Սուրբ Պատարագի արարողութեան մէջ, եւ ամերիկացիներու տօնական օրէն շա՜տ առաջ, դարեր շարունակ հնչած են մեր եկեղեցիներու կամարներուն տակ: Հայն ալ սկզբունքով ամէն ճաշէ առաջ կ’արտասանէ «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ»ը:

Երախտագիտութիւն, շնորհակալութիւն արտայայտելու օր մըն է Գոհաբանութեան Օրը: Երախտագիտութիւն Աստուծոյ՝ Անոր ընծայած տեսանելի եւ անտեսանելի բարիքներուն, պարգեւներուն եւ շնորհքներուն համար: Յիշատակի այս օրը պատմութեան մէջ արձանագրած տարին կանխող շրջանը ցուրտով ու սառնամանիքով յատկանշուած էր, մեծ թիւով զոհեր արձանագրուած էին։ Ու երբ մարդիկ փրկուած են բնութեան աղէտներէն եւ ապրուստի միջոցներ ապահոված, անոնց առաջին մտածումը եղած է գոհութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնել Ամենակալին:

Երախտագիտութիւնը արտայայտելու այս աւանդութիւնը ընդհանրացած է եւ ժամանակի ընթացքին ապրած է իր «եղափոխութիւնը»: Հիմա, ընդհանրապէս ընդունուած է այն, որ մարդիկ հաշիւի նստին անցնող տարուան ընթացքին իրենց վայելած բարիքներուն հետ եւ երախտագիտութիւն ու գոհութիւն արտայայտեն գէթ այդ ժամանակամիջոցին համար:

Ուրեմն, արդար է որ մենք ալ, այս յատուկ օրուան առթիւ, երախտագիտութիւն յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք կամայ, թէ ակամայ, մեր անձնական թէ հաւաքական առօրեային մէջ իրենց բարի ներդրումն ու ազդեցութիւնը ունեցած են եւ կ’ունենան։

Ամերիկահայուն տեսանկիւնէն, կ’ուզենք մասնաւորել իրադարձութիւն մը. արդարեւ, Գոհաբանութեան օրը այս տարի եզակի է եւ յատուկ, ու մենք երախտագիտութիւն պէտք է յայտնենք Ա․Մ․Ն․-ը ներկայացնող պետական այն ներկայացուցիչներուն, որոնք COP29-ի օրերուն Պաքու գտնուեցան եւ ոգի ի բռին պայքարեցան հայութեան՝ Արցախի եւ Հայաստանի իրաւունքներուն համար, առանց յետին հաշիւներ հետապնդելու եւ նոյնիսկ վտանգելով իրենց ապահովութիւնը։ Անոնք չվարանեցան նաեւ վար առնելու Ալիեւի վարչակարգին բռնատիրական դէմքը ծածկող դիմակը:

Երկրորդական է անոնց կուսակցական պատկանելիութիւնը՝ հանրապետակա՞ն կամ դեմոկրատական, այնքան ատեն, որ անոնք իրականութիւնը բացայայտեցին:

Արդարեւ, ծերակուտականներ Էտ Մարքի ու Շելտըն Ուայթհաուս եւ քոնկրէսական Ֆրէնք Փալոն, առանց դիւանագիտական մանուածապատ արտայայտութիւններու՝ ամէնայն ինքնավստահութեամբ եւ յանդգնութեամբ յայտարարեցին. «Մենք կը հաւատանք, որ քաղաքական բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին, նմանապէս կը հաւատանք, որ հայերը Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու իրաւունք ունին»։ Պարզ խօսքով, անոնք աւելի՛ հայադրոշմ էին, քան… Երեւանի վարչախումբը, որ չ’ուզեր արդար մեր պահանջները եւ իրաւունքները յիշեցնելով՝ սրդողում պատճառել թշնամին, կը նախընտրէ պարել թուրքեւազերիական մուղամներու թելադրանքով…

Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւը, քոնկրէսականներու պատուիրակութեան հետ հանդիպումի պահուն, հիմնովին շրջած է իրականութիւնը եւ յայտարարած՝ թէ Հայաստանն է, որ կը վարէ ռազմականացման եւ սպառազինութեան մրցավազքի քաղաքականութիւն մը, վտանգելով շրջանի խաղաղութիւն ու անվտանգութիւնը։ Իսկ ամերիկացիները (եւ ուրիշներ) վստահաբար շատ լաւ գիտեն, թէ ո՛վ է թշնամանք հրահրողը, ռազմապաշտը, հող եւ իրաւունք խլողը, ոմանք կը միանան յիշեալ պարին:

Աւելի ահաւոր էր քոնկրէսական Ֆրենք Փալոնի վիճակուած կացութիւնը. Պաքու ոտք դնելու պահէն սկսեալ, իբրեւ հայանպաստ դիրքորոշում ունեցող դէմք՝ անընդհատ հալածուեցաւ «ի վերուստ» ցուցմունք ստացած ազերի լրագրողներու եւ այլ ցուցարարներու կողմէ: Ան բազմաթիւ հանդիպումներ պիտի ունենար Պաքուի մէջ, սակայն տեղացիներուն «ասպնջական» ատելութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը պատճառ դարձան, որ ստիպուի արգելափակուիլ պանդոկին մէջ, ապա խոյս տալ դէպի օդակայան եւ յատուկ թռիչքով վերադառնալ Ուաշինկթըն:

Ակներեւ է, որ Փալոնի իջեւանած պանդոկն ալ յատուկ դիտաւորութեամբ դասաւորուած էր. անիկա կը գտնուէր 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք սարքուած «յաղթանակի պուրակ»ին դէմն ու դէմը: Հոն կը ցուցադրուին հայկական բանակէն գրաւուած զէնքեր եւ զինուորական իրեր, ինչպէս նաեւ նուաստացուցիչ պատկերներով ներկայացուած՝ հայ զինուորներու խամաճիկներ: Ալիեւի մարդիկը այդ «պուրակը» վերածած են զբօսաշրջիկներ հրապուրող վայրի…

Գոհաբանութեան Օրուան առիթով, երախտագիտական այսպիսի արտայայտութիւն մը հաւանաբար շուտով չքանայ ու դարակը նետուի, մինչդեռ անիկա օրհնաբեր կը դառնայ թէ՛ մատուցողին եւ թէ ընդունողին համար:

Շնորհակալութիւն՝ այս անշահախնդիր պատուիրակներուն, որոնք ճակատաբաց արդարութիւն պահանջեցին: Նմանապէս, նոյնքան երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն Հայ Դատի ծառայողներուն, որոնց հետեւողական աշխատանքին արդիւնքն է այս պատուիրակներուն խիզախ կեցուածքը: Իսկ Հայ Դատի գործիչները արդարութեան եւ մեր իրաւունքներուն հետապնդումը կը կատարեն, առանց թմբուկի ու փողի՝ ամէն տեղ, աշխարհի չորս ծագերուն:

Հայ Դատ մը, որ դժբախտաբար ստիպուած է նոյն պարտականութիւնը հետապնդելու նոյնինքն… Հայաստանի մէջ:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ո

Ապրիլի 14-ին Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ կազմա

16 Ապրիլ 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի ինքնիշխան զօրաշարժ

Փարիզի մէջ գումարուած Սփիւռքի համազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը պարզապէս հերթ

16 Ապրիլ 2026
Մերժել այս իշխանություններին և վերական

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

16 Ապրիլ 2026
Այս իշխանությունը հերթական անգամ փորձ

Այս իշխանությունը հերթական անգամ փորձ է անում իր աթոռը պահելու համար մանևրել,

16 Ապրիլ 2026
Փաշինեան վարկաբեկուած ստախօս մըն Է

Յաւակնութիւնը չունիմ մարգարէանալու, եթէ ըսեմ, որ Փաշինեան վարկաբեկուած ստախօս

16 Ապրիլ 2026
Ֆրանսիայում գտնվող Արցախի պատվիրակությ

Ապրիլի 13-ին Ֆրանսիայում գտնվող արցախյան պատվիրակությունը Արցախի Հանրապետությա

15 Ապրիլ 2026
Մեզ պետք է սփյուռքի ուժը, նման հզոր կա

Հայաստանի իշխանությունները միտումնավոր հրաժարվում են սփյուռքի օգնությունից, հե

15 Ապրիլ 2026
Ընտրական Գործընթացը Սկսած Է Հայաստանի

Կիրակի, 7 յունիս 2026-ին կը կայանան Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները: Ա

15 Ապրիլ 2026
Միակ ճանապարհը համատեղ ուժերով քայլերն

Ի՞նչ ենք առաջարկում. ընդդիմության միասնական հանրահավաք ընդդեմ իշխող ուժի ապօրի

15 Ապրիլ 2026
Ակնարկ. Բանակցային Խաղաթուղթերը Վերստա

Իսլամապատի բանակցութիւններու չարդիւնաւորումը յայտնաբար չէ խախտած հրադադարը: Կա

15 Ապրիլ 2026
Պետք է արգելվի Փաշինյանի կուսակցության

2021 թվականի հունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրություններից հետո վարչապետ Նի

14 Ապրիլ 2026
Աշխարհը հասկանում է, որ արցախահայերի ն

168.am-ն Արցախի Ազգային ժողովի պատգամավոր Վահրամ Բալայանից հետաքրքրվեց՝ եթե Հ

13 Ապրիլ 2026
Սփյուռքի զորաշարժի խորհրդաժողովի կոչ-

Ապրիլի 11-12-ը Փարիզում կայացավ Սփյուռքի ազգային զորաշարժին նվիրված խորհրդաժող

12 Ապրիլ 2026
Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով

Կիրակի, 12 ապրիլին, իր աւարտին հասաւ համազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքի զօրա

12 Ապրիլ 2026
Սփիւռքը կը պահանջէ, որ Հայաստանի քաղաք

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի փակման խօսքը Սփիւռքի զօրաշարժի նուիր

12 Ապրիլ 2026
Հայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացու

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Հայ երեք կուսակցութիւններու՝ Հայ Յեղափոխական

12 Ապրիլ 2026
Մենք կ’օգտագործենք Սփիւռքին ուժը

Կրնանք ընդունիլ «Իրական Հայաստանի» տեսլականը՝ աշխարհաքաղաքական վանդակի մը մէջ

12 Ապրիլ 2026
Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ին, Փարիզի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Սփիւռքի ազգային զօ

11 Ապրիլ 2026
Նման ազգակործան քաղաքականութիւնը մեզի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին պատգամը՝ ուղղուած Սփիւռքի զօրաշարժի

11 Ապրիլ 2026
Այսօր մեր ժողովուրդը կանգնած է արտաքին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագույն Պատրիարք և Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղ

11 Ապրիլ 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company