ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի 50-ամեակի նուիրահաւաքի պաշտօնական մեկնարկին հանգանակուեցաւ $476.650 տոլար

05 Դեկտեմբեր 2024

Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2024-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի (ՍՅԱՎ) «Տիգրան եւ Տիանա Հաճէթեան» մարզարանէն ներս ՍՅԱՎ-ի Հիմնադրամը կազմակերպած էր ընթրիք-ընդունելութիւն մը, որով պաշտօնական մեկնարկը կատարուեցաւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 50-ամեակին առթիւ նախաձեռնուած նուիրահաւաքին, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, Մոնթրէալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վանա Նազարեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներու, քոյր միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու, վարժարանի անձնակազմին, ծնողներու եւ շրջանաւարտներու:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ նախկին շրջանաւարտ եւ այժմ ծնողք Ժիւլի Հինտոյեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Վարժարանիս հիմնադիր անդամները, գաղթի պատճառաւ նոր միջավայրի մէջ յայտնուելով ապրեցան վերիվայրումներ, բայց հազիւ կազմաւորուած՝ հիմնեցին դպրոց մը, յոյսով որ իրենց զաւակները ունենան աւելի կայուն կեանք, կառչած մնալով հայ մշակոյթին: Հաստատօրէն կրնանք ըսել, որ անոնք յաջողեցան ոչ միայն իրենց զաւակներուն ապահովել հայկական միջավայր, այլեւ ապագայ սերունդներուն եւս: 50 տարիներ առաջ սերմերը ցանուեցան, եւ այսօր ունինք պտղատու ծառեր, որոնց ճիւղերը կ’երկարին ու կը տարածուին»: Անկէ ետք տեսերիզով մը ելոյթ ունեցաւ վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտներէ, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներէ բաղկացած երգչախումբը, որոնք ներկայացուցին վարժարանի վերամշակուած քայլերգը, խմբավարութեամբ Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի: Նշենք, որ քայլերգին բառերը գրած է Արսէն Երկաթ, իսկ երաժշտութիւնը յօրինած է Երուանդ Ալեքսանեան: Նշենք, որ վարժարանի յիսնամեակին առթիւ Ժան Մկրտիչեան քայլերգին երկրորդ համարը թարգմանած է ֆրանսերէնի, իսկ Նայիրի Փիլոյեան կատարած երաժշտութեան նուագախմբային մշակումը:

Խօսք առաւ վարժարանին Վարչական խորհուրդի նախկին անդամ Թորոս Պապիկեան, որ անդրադառնալով վարժարանին կիրարկած Քեպէգ նահանգի կրթական ծրագրին կողքին տարուած աշխատանքին՝ ըսաւ. «Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը իր Սարաֆեան նախակրթարանով եւ Բաստրմաճեան երկրորդականով կը ստեղծէ հայաշունչ եւ ապահով միջավայր, ուր կ’իրականան հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթին վերաբերող ծրագիրներ, կը ջամբուի ազգային դաստիարակութիւն, ունի վկայեալ ուսուցչական կազմ, ուսուցիչ-աշակերտ նպաստաւոր փոխյարաբերութիւն, եւ կ’իրագործուին գիտական յառաջացեալ դասընթացքներ ու կը տրամադրուին անոնց յարակից սարքերը»: Ապա Հայր Յակոբ կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն:

Ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Դիւրին պիտի ըլլար պարզապէս երկրին լեզուին տիրապետող սերունդ հասցնելը։ Այդ մէկը կատարող տեղական հաստատութիւններ չեն պակսիր։ Մենք կ՚ընենք անկէ շատ աւելին։ Մեր դպրոցը կը հասցնէ ոչ միայն կրթական լաւագոյն հաստատութիւններուն պատրաստ ուսանողներ, այլ անոր կողքին նաեւ իրենց մայրենիին, անցեալին, իրենց պատմութեան տիրապետող անհատներ, որոնք հպարտօրէն կրնան ըսել, որ իրենք հայ են, ոչ միայն ծագումով, այլ հայ են իրենց առօրեայով, կենցաղով, լեզուով, խաղով, երգ ու պարով», ապա աւելցուց. «Հետեւաբար, մեր երազն է զայն ա՛լ աւելի բարգաւաճած տեսնել եկող 50 տարիներուն։ Մեր երազն է, որ ան ըլլայ այնքան քաշողական իր եռացող հայութեամբ եւ արձանագրած յաջողութիւններով, որ նախանձը շարժէ բոլոր հայ ծնողներուն, որոնք ուզեն իրենց զաւակները յանձնել մեր օճախին, առանց կասկածի ու երկմտանքի, առանց թերահաւատութեան, կամաւորաբար իրենց երեխաները առաջնորդելով դէպի մայրենիին անդաստանը, որպէսզի մեր ինքնութեան մաս կազմող “Հայ”ը արժանաւորապէս արժեւորենք եւ մեր լեզուն եւ մեր ազգը որբ չձգենք»:

Ատենապետը վարժարանին ոտնագնդակի դաշտի նորոգման ծրագրին անդրադառնալով յայտնեց. «Հոս կ’ուզեմ պահ մը մասնաւորաբար անդրադարձ կատարել ոտնագնդակի դաշտի մեր ծրագրին։ Առաջին հերթին կ’ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել այս ծրագիրը տարիներով հետապնդած ՀՄԸՄ-ի իրերայաջորդ վարչութիւններուն, որոնց հետեւողական ճնշումին որպէս հետեանք, այս տարի, ի վերջոյ, Հոգաբարձութիւնը տեղի տուաւ եւ որոշեց իրականացնել զայն։ Այս ծրագրի իրականացման համար մենք ունինք երկու մեծ նուիրատուներ, որոնց անունները հոս յատուկ կերպով եւ արժանաւորապէս կ’ուզեմ յիշել․ տէր եւ տիկին Շանթ եւ Քրիսթին Թոպի եւ իրենց շրջանաւարտ զաւակները՝ Մայքըլ եւ Ալեք, որոնք կը նուիրեն $1.250.000 տոլար։ Alan and Roula Rossy Family Foundation-ին եւ յատկապէս հիմադրամի ներկայացուցիչներուն՝ տէր եւ տիկին Էմին եւ Լիաննա Պաղրամեաներուն եւ իրենց Սուրբ Յակոբ յաճախող զաւակներուն՝ Արեգին եւ Միքայէլին, որոնք կը նուիրեն $1.000.000 տոլար»:

Վարժարանի տնօրէնուհի Լոռի Ապրաքեան ներկայացուց 50-ամեակին առթիւ նախատեսուած առաջին ծրագիրը: Ան նախ վարժարանի հիմնադրութեան անդրադառնալով ըսաւ. «Սրբազան “խենթ”եր էին անոնք, որոնք Գանատա հաստատուելէ քանի մը տարի ետք, իրենց անձնական կեանքը բարելաւելու մասին մտածելէ առաջ, գաղութի ապագան կերտելու աշխատանքին լծուեցան՝ ամբողջական նուիրումով եւ հաւատքով։ Անոնք ոչ մէկ երկմտանք կամ վախ ունէին նիւթականի հայթայթման, կրթութեան նախարարութեան պայմանները լրացնելու եւ անձնակազմ գտնելու ուղղութեամբ։ Իրենք գիտէին, որ հայ դպրոցն էր, որ պիտի միացնէր հայ մանուկները, ամրապնդէր համայնքը, սերունդ կերտէր եւ փոխանցէր անոնց մեր ժողովուրդի հոգեւոր մշակութային արժէքներն ու մարդ ըլլալու արժանիքները»:

Տնօրէնուհին անդրադառնալով վարժարանի բակին ներկայ իրավիճակին՝ յայտնեց. «Բախտաւոր ենք հսկայական խաղադաշտով, ուր նախակրթարանի աշակերտները առիթը ունին վազվզելու, պարելու, գծելու, օրօրուելու, եւ FIFA-ի խաղերէ աւելի լուրջ ոտնագնդակի մրցոյթներ կազմակերպելու։ Մեր բակը սակայն աւելին է։ Ան նաեւ համախմբող միջավայր մըն է, Տարեկան քերմէսէն սկսեալ մինչեւ ՀՄԸՄ-ի, շաբաթօրեայի, կիրակնօրեայի վարժարաններու աշակերտներուն եւ Արարատ Ճամբարի երեխաներուն համար։ Բայց պէտք է ընդունիլ, որ իր ներկայ վիճակով այդքան ալ գրաւիչ չէ»:

Անկէ ետք Ապրաքեան տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց բակին վերանորոգման եւ նոր չափանիշներով նախագծման ծրագիրը, ապա իր խօսքը փակեց ըսելով. «Բնութեամբ ծաղկուն, ինչպէս նաեւ ստեղծագործելու հնարաւորութիւններ ներառելով մեր խաղավայրին մէջ, ներդրում կ՚ունենանք մեր ներկայ եւ ապագայ աշակերտներուն ամէնէն թանկագին եւ յիշատակելի պահերուն։ Պիտի տանք իրենց միջավայր մը, ուր պիտի խաղան, սորվին, կազմաւորեն իրենց հայկական ինքնութիւնը եւ որպէս այս երկրի քաղաքացիներ՝ պատրաստ ըլլան ապագայի բոլոր մարտահրաւէրներուն։ Եկէք միասնական ճիգերով, կողք-կողքի յոյսի եւ լոյսի աղբիւր դառնանք, կառուցենք ապագան՝ մեր խորունկ արմատներէն թռիչքով մը դէպի նոր բարձունքներ նուաճելու, ստեղծելով այնպիսի ներշնչող եւ ոգեւորող միջավայր մը, ուր արմատ պիտի նետեն, պիտի մեծնան, պիտի ծաղկին մեր գաղութին ապագայ սերունդները»:

Խօսք առաւ վարժարանի ելեւմուտի եւ նուիրարշաւի տնօրէնուհի Թամար Եաղճեա ըսելով. «Ով որ յաճախած է Սուրբ Յակոբ հայկական վարժարանը, ով որ պաշտօնավարած է կամ որպէս կամաւոր աշխատած է, գիտէ, որ իսկապէս պատիւ է անոր մաս կազմելը: Եւ ով որ հնարաւորութիւն չէ ունեցած այս փորձառութիւնը ունենալու՝ դժուար թէ կարենայ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար այս հաստատութիւնը. այն մեր երկրորդ տունն է, մեր մեծ ընտանիքը»: Ապա ան անդրադարձաւ 50-ամեակին առթիւ նախատեսուած երկրորդ ծրագրին՝ Դրամագլխային հիմնադրամի ստեղծման, եւ յայտնեց. «Դրամագլխային հիմնադրամ մը ստեղծելով, մենք երկար ժամանակի վրայ կը կարենանք երաշխաւորել տարբեր կարիքներ գոհացնող վերահսկուած նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու մեր կարողութիւնը», անկէ ետք Եաղճեան հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով, որուն ընթացքին բեմ հրաւիրեց 50-ամեակի Հանգանակութեան յանձնախումբի անդամները՝ առ ի երախտագիտութիւն անոնց տարած անխոնջ աշխատանքին: Ապա յանձնախումբի անդամ Լէոն Աղազարեան յայտարարեց, որ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամը կը հաստատէ $1,000,000 տոլարի ֆոնտ մը, որուն նպատակն է աջակցիլ համեստ եկամուտի տէր ընտանիքներուն՝ կրթանպաստներ հայթայթելով: Ան յիշեց նաեւ, որ այս տարի կը նշուի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ֆոնտին եւ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամին միջեւ գործակցութեան 12-ամեակը:

Յիսնամեակին առթիւ սկիզբ առած նուիրահաւաքի սոյն երեկոյին ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններ, իրենց եղբօր՝ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի յիշատակին, նուիրելով $100.000 տոլար, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Տարեցներու միութիւնը այս առթիւ նուիրեց $50.000 տոլար։ Երեկոյի նուիրատուութիւններուն ընդհանուր գումարը հասաւ $476.650 տոլարի:

Նշենք, որ վերոյիշեալ երկու ծրագիրներուն համար նախատեսուած է հանգանակել երկուքուկէս միլիոն տոլար, որոնցմէ մէկուկէս միլիոնը պիտի յատկացուի բակի վերանորոգման ծրագրին, իսկ մէկ միլիոնը՝ Դրամագլխային հիմնադրամի ստեղծման ծրագրին:

Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ ձեռնարկը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ըն

25 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակ

30 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքի ջախջախիչ մեծամասնությունը դեմ

Հոկտեմբերի 28-ին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Ար

29 Հոկտեմբեր 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսաստան» և «Արդ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանը, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Սևան Դանիելյա

29 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամ

Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

29 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ ԶՈՄ վարչութեան եւ յարաբերական յանձ

28 հոկտեմբեր, 2026-ին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ յար

29 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Ռազմավարական գործընկերութի

2020-ի Արցախեան պատերազմը պէտք էր անջնջելի դաս մը ըլլար Գանատայի արտաքին քաղաք

28 Հոկտեմբեր 2026
Ընտանեկան բռնության մասին առաջարկվող օ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

28 Հոկտեմբեր 2026
Ճանապա՞րհ, թե՞ միջանցք

Քանի որ Ազգային ժողովում ելույթներին հատկացվող ժամանակը խիստ սահմանափակ է, ստո

27 Հոկտեմբեր 2026
Բաքվի դատավճիռը հերքում է ինքն իրեն. Հ

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարակում է “Justice” According to Azerbaijan

27 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company