Այցելութիւն` Հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Տըրիանի
11 Դեկտեմբեր 2024Հայկական երեսփոխանական պլոքը այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տըրիանի, որուն հետ ունեցաւ 45 վայրկեան տեւած հանդիպում մը:
Արծարծուեցան լիբանանեան բեմը յուզող հարցերը եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները Միջին Արեւելքի ընդհանուր շրջագիծին մէջ, յատկապէս իսրայէլեան հետզհետէ աւելի սաստկացող ախորժակներուն լոյսին տակ:
Նախ եւ առաջ, հանրապետութեան միւֆթին նշեց, որ սիւննի եւ հայ համայնքները լաւագոյն օրինակներն են չափաւորութեան, միատեղ ու համերաշխ ապրելու եւ պետականութեան հասկացողութեամբ գործելու: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապալի այս կացութեան մէջ, անհրաժեշտ է պետականութեան վերականգնումին ու իբրեւ առաջին քայլ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ կատարուող փոփոխութեանց, ուր շէյխ Տըրիան անհրաժեշտ նկատեց հեռանալ ծայրայեղական կեցուածքներէ եւ արագ ու անմիջական եզրակացութիւններէ` շեշտելով, որ ժամանակի ընթացքին հարցերը կը յստականան, հասնելու համար ժողովուրդին կամքը իրաւամբ արտայայտող հասարակարգի ստեղծման: Ան աւելցուց, որ Իսրայէլի կողմէ Կազայի, Լիբանանի եւ այժմ Սուրիոյ վրայ կատարած յարձակումներուն ետին թաքնուած են մութ ծրագիրներ, որոնց դէմ կենալու միակ միջոցը հաւաքական ուժեղացումն է եւ կամքի մէկութիւնը:
Ան հետաքրքրուեցաւ նաեւ Սուրիոյ հայութեան իրավիճակով` ընդգծելով, որ ինչպէս Լիբանանի, նոյնպէս Սուրիոյ հայերը կը ներկայանան իբրեւ հայրենիքի եւ պետութեան գաղափարի պաշտպաններ:
Երեսփոխան Բագրատունի բաժնելով հանրապետութեան միւֆթիին կարծիքները հաստատեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքն ու ՀՅ Դաշնակցութիւնը տեւաբար չափաւորականութեամբ, զգօնութեամբ եւ խոհական ձեւով կը մօտենան հարցերուն, կը ձգտին երկխօսութեան ճամբով լուծել խնդիրները, հեռու մնալ ծայրայեղ եւ վնասակար կեցուածքներէ: Սկզբունքներ, որոնք կը նպաստեն երկրի անկախութեան, գերիշխանութեան, ազատութեանց պահպանման եւ Լիբանանի իւրայատուկ դիմագիծի ամրացման ու գոյատեւման:
Հանդիպումի աւարտին, Բագրատունի հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց Տար Ֆաթուայի մէջ ներկայ լրագրողներուն.
«Պատիւը ունեցանք հանրապետութեան միւֆթիին հետ հանդիպում ունենալու Տար Ֆաթուայի մէջ, այս կեդրոնը, որ մշտապէս հիմնասիւնը եղած է լիբանանեան համակեցութեան, չափաւորականութեան, երկխօսութեան եւ լայնախոհութեան: Հանրապետութեան միւֆթիին հետ մեր արծարծած ամէնէն կարեւոր նիւթը անկասկած լիբանանեան կացութիւնն էր, մասնաւորաբար 9 յունուար 2025-ին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այդ թուականը չյետաձգելը, որովհետեւ համբերութիւնը սահման ունի: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ յաւելեալ ձգձգում, որովհետեւ մենք կը կորսնցնենք պետութիւնը, կը կորսնցնենք Լիբանանը: Կան բազմաթիւ իրադարձութիւններ Լիբանանի մէջ, թէ անոր շրջակայքը, եւ մենք առանց հանրապետութեան նախագահի չենք կրնար դիմակայել դժուարութիւնները եւ յաւուր պատշաճի վարուիլ այս իրադարձութիւններուն հետ:
«Այս գծով մեր կարծիքները համահունչ էին հանրապետութեան միւֆթիի կարծիքներուն, որովհետեւ ներկայիս կարեւորագոյն հարցը պետական հաստատութիւններու աշխատանքին կանոնաւորումն է, սկսելով հանրապետութեան նախագահութենէն մինչեւ մնացեալ իշխանութիւնները, դատական իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ այլազան պետական հիմնարկները, մանաւանդ երկրին դիմագրաւած ներկայ քաղաքական, ելեւմտական, տնտեսական եւ ընկերային պայմաններուն մէջ:
«Կարծիքները իրարու կը համապատասխանէին նաեւ թիւ 1701 որոշումի եւ անոր բոլոր կէտերուն գործադրութեան գծով: Իսկ ինչ կը վերաբերի սուրիական հարցին, գոյութիւն ունին մեծ փոփոխութիւններ: Կը մաղթենք, որ Սուրիան վերադառնայ իր պատմութեան եւ արաբական խոր արժէքներուն: Կը մաղթենք նաեւ, որ յարգուին սուրիացի եղբայրական ժողովուրդի ընտրանքները եւ ուղղուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիան վերստին դառնայ միացեալ, ապահով եւ արդար: Կը յուսանք, որ փոփոխութիւնները յանգեցնեն մնայուն կայունութեան` մարդկայնական արժէքներուն, մարդկային իրաւանց, հանրային ազատութիւններուն, արտայայտութեան եւ կարծիքի ազատութեան նկատմամբ յարգանքով»:
Բագրատունի եզրափակեց. «Աւարտին կ՛ուզենք շեշտել կարեւոր կէտ մը, այդ ալ պետութեան հասկացութիւնն է: Պետութիւնը քաղաքացիներուն միակ ապաւէնն է այսպիսի կացութեան եւ պայմաններու մէջ: Պէտք է ամրապնդենք երկիրը ներքնապէս եւ նուազեցնենք Լիբանանի վրայ արտաքին ազդեցութիւնները, ըլլան անոնք շրջակայ երկիրներէն թէ աշխարհէն: Պէտք է վերադառնանք պետութեան, բանականութեան, ներքին միասնականութեան եւ պետութեան զինուորական հաստատութիւններուն ու իշխանութեան շուրջ համախմբումին»: