Ամրապնդե՛լ Լիբանանի Մէջ Համայնքներուն Համակեցութիւնը
12 Դեկտեմբեր 2024
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ ՀՅԴ Թրիփոլիի շրջանի պատասխանատու ընկերներու, այցելեց Թրիփոլիի միւթֆի շէյխ Մոհամետ Իմամի:
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան տեղական եւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ այդ իրադարձութեանց նկատմամբ արձանագրուող անդրադարձները:
Թրիփոլիի միւֆթին անհրաժեշտ նկատեց նախ եւ առաջ վերադարձնել Լիբանանի ներքին միութիւնը, պետութեան հանդէպ հաւատարմութեան ամրապնդումը եւ Լիբանանի տարբեր համայնքներու միջեւ համակեցութեան պահպանումը:
Միաժամանակ ան շեշտեց, որ Թրիփոլին ներկայ փուլին լաւագոյն փաստը կու տայ ազգային միասնութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ Սուրիա ժողովուրդին կամքը արտայայտող պետութեան հաստատումով կարենայ պահպանել իր միութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը եւ արաբական դերակատարութիւնը:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ճիգերու առաւելագոյն լարում` ամրացնելու Լիբանանի դիմադրականութիւնը ներքին եւ արտաքին փոփոխութիւններու ժխտական անդրադարձները վնասազերծելու, խնայելու համար երկրին անկումը: Ան հրամայական նկատեց ներկայ փուլին բոլորուիլ պետականութեան վերադարձի գաղափարին շուրջ` սկսելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ եւ աստիճանաբար ձգտիլ կառոյցներու ու հաստատութիւններու վերականգնումին` միշտ յարգելով իւրայատկութիւնները, համերաշխութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը` ի խնդիր երկրի եւ լիբանանցի ժողովուրդի միասնականութեան:

