ՀՅԴ 134-Ամեակի Ծիրին Մէջ. Նահատակուած Եւ Մահացած Դաշնակցականներու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
03 Փետրվար 2025
ՀՅԴ 134-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ երէկ` կիրակի, 2 փետրուար 2025-ի կէսօրին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ նահատակուած ու մահացած դաշնակցականներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասի անդամներու: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի մեծ ընտանիքի Կեդրոնական կոմիտէի եւ կոմիտէներու կազմերը, շարքային մեծաթիւ դաշնակցականներ, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամներ, ուղեկից միութիւններու` ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւններու անդամները:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք հերթաբար ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ, ԶՈՄ-ի, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ՀՅԴ ԼՊՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ԼՕԽ-ի անունով:
Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց մահերթը, ապա` Լիբանանի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի քայլերգները:

Աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, որ ըսաւ, թէ ամէն տարուան պէս, Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութենէն ետք, հոգեհանգստեան պաշտօն կը մատուցենք մեր նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին: Անոնցմէ ոմանք առաջնագիծի եւ ճակատներու վրայ էին: Հոն, ուր հայուն հողը, կեանքը, պատիւը եւ ինչքը, թիրախաւորուած էին, իրենք վերածուեցան վահանի եւ այդ առաջնագիծին վրայ էին: Ուրիշներ դաւադիր, դաւաճան կամ եղբայրասպան գնդակի զոհ գացին: Կան ոմանք, որոնք գիտակից ու հաստատ քայլերով քալեցին դէպի ողջակիզում` հայ ազգին, Հայաստանի եւ Հայ դատին համար:
Այստեղ կը ննջեն նաեւ բազմաթիւ ընկերներ, որոնք թէեւ նահատակութեան փառքի պսակին չարժանացան, բայց ամբողջ կեանք մը ապրեցան` նուիրուած ՀՅ Դաշնակցութեան իտէալներուն: Անապատներուն մէջ հայ որբեր հաւաքելէն մինչեւ մեր վարժարանները, եւ մեր մշակոյթի պահպանումը, մինչեւ աղքատախնամ աշխատանքը, մինչեւ Հայ դատի աշխատանքը: Անոնք իրենց ամբողջ կեանքը այդ ճամբուն վրայ զոհաբերեցին:
Կը ննջեն նաեւ հայորդիներ, որոնք թէեւ երդուեալ դաշնակցականներ չեն, սակայն անոնք նոյն հաւատքով ու նոյն նուիրումով ծառայեցին հայութեան, իրենց ազգին, իրենց հայրենիքին, զոհաբերութեան նոյն ոգիով ապրեցան իրենց իւրաքանչիւր օրը: Անոնցմէ ոմանք ՀՅԴ-ի դրօշին տակ մեր ընկերներուն կողքին նոյնիսկ նահատակուեցան:
«Անոնք մինչեւ վերջին վայրկեան, մինչեւ իրենց, վերջին շունչը հաւատարիմ մնացած էին իրենց Դաշնակցականի երդումին», նշեց Ճորճ Գրիգորեան:
Արարողութիւնը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:





