Հ.Յ.Դ. 135-ամեակի Տօնակատարութիւն Տիթրոյթի Մէջ
12 Մարտ 2025
Աշխարհասփիւռ տարածքին ամէնուրեք կը նշուի դարաւոր պատմութիւն կերտած, փառապանծ նուաճումներով պսակուած եւ նորանոր հորիզոններու տեսլականով կենսունակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-ամեակը։
Դաշնակցութեան «Օր»-ուան յիշատակման առաջին անգամ կը հանդիպինք 1926-ին, երբ կուսակցութիւնը արդէն բոլորած էր իր 35-ամեակը։ Այս առիթով «Դրօշակ» կը գրէ.- «Դաշնակցութեան «Օր»ը պիտի դառնայ նախատօնակը հաւատամքի մը, որ ամէն բանէ առաջ ինքն իր ուժին վստահելու, իր ճակատագիրը վարելու կորով ներշնչեց ստրկացած բազմութեան եւ ազգային գիտակցութեան առաջնորդեց բանաւոր հօտը։ Արթուն` ինչպէս սահմանին վրայ կեցած պահակը, ամուր` ինչպէս Արարատը, մենք մեր ճամբան պիտի երթանք այն գիտակցութեամբ, թէ Դաշնակցութեան Օրերը տօնի համար չեն, այլ քայլերգներ` «բախտաւոր օրերու» համար»:
Մարտի մէկին, Տիթրոյթի մէջ, խուռներամ բազմութեամբ նշուեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի 135-ամեակը։ Հ.Յ.Դ. «Ազատամարտ» կոմիտէի անդամ ընկ. Շանթ Ժամկոչեան տօնակատարութեան մեկնարկը ազդարարեց, բարի գալուստ մաղթեց հանդիսականներուն եւ բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար՝ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Վրէժ Տաուլէն, որ իր բացման խօսքով անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ.-ի կառոյցի առանձնայատկութիւններուն,ինչպէս նաեւ առհասարակ սփիւռքի, բայց յատկապէ՛ս Տիթրոյթի մէջ ունեցած անգնահատելի դերակատարութեան։ Յիշատակեց Տիթրոյթահայ խոնարհ ու ծառայասէր ընկերներու հոյլ մը, որու ջանքերով համայնքը օժտուեցաւ եկեղեցիով ու հայ կեդրոնով։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Տիթրոյթի փողերախումբն ու սկաուտները կատարեցին դրօշակի ներկայացումն ու Ա.Մ.Ն.-ի, Հ.Հ.-ի եւ Արցախի օրհներգներու երգեցողութիւնը։
«Ազատամարտ» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սեպուհ Համագործեան իր ուղերձով անդրադարձաւ ներկայ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն պարզած մարտահրաւէրներուն, Հ.Հ.-ի ապազգային քաղաքական վերնախաւի չէզոքացման անհրաժեշտութեան, Արցախցիին արժանապատիւ կեանք, ինչպէս նաեւ վերադարձի իրաւունք ապահովելու հրամայականին, եզրափակելով՝ «Մեր բազմահոծ ներկայութիւնը այստեղ, այսօր, կը փաստէ որ պայքարը շարունակելու մեր պատրաստակամութիւնը դեռ վառ է, եւ մեր ճամբան յստակ է դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»։
Օրուան պատգամաբերն էր Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճի Օշական, որ վկայակոչելով Հ.Յ.Դ.-ի մանիֆեստը, հանգամանօրէն լուսարձակի տակ առաւ տուեալ ժամանակաշրջանի ընկերային-տնտեսական- քաղաքական նախադրեալները, համեմատութեան եզրեր գտնելով ներկայ օրհասական եւ անկիւնադարձային իրավիճակին հետ, համախմբուելու կոչ ուղղեց բոլորին՝ մէջբերելով 135 տարուան վաղեմութիւն ունեցող մանիֆեստի պատգամը.-
«Ուրեմն, եղբայրներ, միանանք յանուն սուրբ գործի ընդհանուր թշնամիին դէմ:
Եւ դո՛ւք, երիտասարդներ, միշտ եւ ամէն տեղ վսեմ գաղափարներու պաշտպաններ, միացէ՛ք ժողովուրդին:
Եւ դո՛ւք, ալեզարդ ծերունիներ, ոգեւորեցէ՛ք ձեր որդոց եւ օգնեցէ՛ք անոնց ձեր բազմամեայ փորձառութեամբ:
Եւ դո՛ւք, հարուստներ, բացէք ձեր քսակները, զէնք հայթայթելու ժողովուրդին, որպէսզի պաշտպանէ թշնամիին պարզած իր կուրծքը։
Եւ դո՛ւն, հայ կին, ոգի ներշնչէ՛ սուրբ գործին մէջ:
Եւ դո՛ւն, հայ հոգեւորական, օրհնէ՛ ազատութեան զինուորները…
Սպասելու ժամանակ չէ…
Համախմբուի՛նք, հայեր, եւ քաջութեամբ առաջ տանինք հայրենիքի ազատութեան սուրբ գործը:»
Այնուհետեւ կատարուեցաւ աւանդութիւն դարձած պարգեւատրումներու արարողութիւնը։
«Տիպար դաշնակցական»-ի յետ մահու պարգեւը շնորհուեցաւ հանգուցեալ ընկ. Օննիկ Պօղիկեանի ընտանիքին, առ ի գնահատանք Հ.Յ.Դ.-ի շարքերուն երկարամեայ անմնացորդ ծառայութեան։ Անուրանալի է ընկերոջ դերակատարութիւնը ««Ազատամարտ» կոմիտէութեան կազմաւորման աշխատանքներուն մէջ։ Ընկերը նաեւ երկարամեայ թղթակիցն էր «Հայրենիք» ամսագրին։
«Օրինակելի երիտասարդ առաջնորդ» մրցանակին արժանացաւ Ալեքս Քիւրքէչեան , որ ՀԵ.Դ.-.ի երկարամեայ գործօն անդամ է եւ կը ծառայէ եկեղեցւոյ խորանին։
«Տարուան համակիր»-ի մրցանակը շնորհուեցաւ Նայիրի Կարապետեանին , որ տարիներէ ի վեր անձնուիրաբար կը ղեկավարէ «Համազգային»-ի Տիթրոյթի «Արաքս» պարախումբի ելոյթները։
Կոմիտէութեան ընկերներու կողմէ «Մշակ բանուոր» քայլերգի կատարումէն ետք, կարկանդակը հատելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ Թորոնթոյէն ժամանած Արցախեան Ա. պատերազմի մասնակից ազատամարտիկ ընկ. Ռաֆֆի Իզմիրլեան։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ «Համազգային»-ի «Արաքս» պարախումբը «Շատախի» եւ «եարխուշտա» ռազմապարերով՝ ոգեւորելով հանդիսականները։
Երեկոյի գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Տիթրոյթահայ երգիչ Հրանդ Կիւլեան, որ ժողովրդական երգացանկով մը խանդավառեց ներկաները։
Ճաշի սպասարկումէն ետք բեմ բարձրացաւ Լոս Անճելըսէն ժամանած Գառնիկ Սարգիսեան՝ ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին։ Յեղափոխական երգերու իւրայատուկ մեկնաբանութեանբ սրահը ժամեր շարունակ ապրեցաւ ե՛ւ յեղափոխաշունչ անցեալով ե՛ւ հնօրեայ-նորօրեայ հերոսներու ոգեշնչող կերպարներով ե՛ւ լուսաւոր ապագայի տեսլականով։
Հանդիսականներու բազմահոծ ներկայութիւնն ու յեղափոխաշունչ մթնոլորտով համակիրներու համակումը վկան են մեր անբասիր վարքին, աներեր կամքին եւ անխափան երթին…