Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի
27 Հունիս 2025
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող վարչախումբի ընթացքը հասած է ամէնէն վտանգաւոր փուլին, թէ՛ բռնատիրական կարգեր հաստատելու, թէ՛ պետականակործան եւ ազգակործան պարտականութիւնը լրումին հասցնելու, թէ՛ թուրք-ազրպէյճանական պատուէրները գործադրելու իմաստով։
Արդարեւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Թուրքիա այցելութենէն վերադարձին վերանորոգ թափով շարունակուեցան հետեւեալները.-
Ա. Քաղաքական դաշտի բոլոր ընդդիմադիր ուժերուն եւ քաղաքական գործիչներուն դէմ բռնաճնշումի սաստկացած արշաւ` շինծու մեղադրանքներով, ապօրինի ձերբակալութիւններով եւ խուզարկութիւններով։
Այն մարմինները, որոնք «իրաւապահ» կամ «անվտանգութեան» պատասխանատու են, նաեւ՝ դատական համակարգը, դարձած են վարչախումբի հլու կամակատարն ու պատուիրուած մեղադրանքներով ընդդիմութեան քաղաքական գործունէութեան բռնաճնշումի գործադրողը։
Պատահականութիւն չէ, որ այս հալածանքները կը սաստկանան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ամիսներ առաջ։
Բ. Նոյն բռնաճնշումները նաեւ կը փորձեն խեղդել ազգային դիմադրութեան եւ հայրենապահպանման ամէն միտք եւ արտայայտութիւն։ Այս ծիրին մէջ թիրախաւորուած են ոչ միայն ազգային եւ հայրենական գաղափարներու ջատաքով հրապարակային գործիչները, այլ նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցին ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որոնց դէմ հեղինակազրկման ու ձեխարձակման արշաւները անցած են բարոյական եւ իրաւական բոլոր սահմանները։ Այս ընթացքի ամէնէն ակնբախ դրսեւորումները հանդիսացան ուրբաթ, 27 յունիս 2025-ին “Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան” եւ Ոստիկանութեան յատուկ ջոկատներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ու վեհարան ներխուժումն ու պահուածքը։
Գ. Ազգակործանի զուգահեռ պետականակործան ընթացքը սաստկօրէն կը թիրախաւորէ Հայաստանի պետութեան բոլոր հիմերը՝ Անկախութեան Հռչակագիրը, Սահմանադրութիւնը, բանակը, սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները։
Ակնյայտ է, որ այս բռնաճնշումներուն սաստկացումով իշխող վարչախումբը կը փորձէ ամէն գնով պահպանել իշխանութիւնը, եւ կանխարգիլել թուրք-ազրպէյճանական պատուէրները կատարելու իր գործունէութեան ամէն ընդդիմութիւն։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ հայրենի քաղաքական դաշտը բռնաճնշելու եւ իրաւապահ ու դատական մարմինները բռնատիրութեան հաստատման գործիք դարձնելու ընթացքը, իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելով այսօր հալածանքներուն թիրախ դարձած քաղաքական գործիչներուն, ի մասնաւորի՝ Հայաստանի մեր ընկերներուն եւ մարմիններուն, ինչպէս նաեւ ազգային արժէքներու դարաւոր պահապան Հայ առաքելական եկեղեցիին։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նաեւ կոչ կ՚ուղղէ անմիջական վերջ դնելու վարչախումբի պետականութեան հիմերը խարխլող ու ազգակործան ընթացքին։
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ