ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը

15 Հուլիս 2025

Ներկայ օրերուն Գարեգին Նժդեհի կենսագործունէութեան ամէնէն առանցքային բաժինները ներկայացնելը այնքան այժմէական նշանակութիւն ունի, որ ճիշդ կէտերու վրայ լուսարձակները բանալը կրնայ իբրեւ ուղենիշ ծառայել հայ քաղաքական մտքին եւ ընդհանրապէս մեր պետականութեան ու ժողովուրդին, մանաւանդ` ճգնաժամային այս պայմաններուն մէջ ելքեր տեսնելու եւ մեր աշխատանքները վերստին գաղափարականացնելու եւ վերակազմակերպելու համար:

Այսօր բոլորին համար, անխտիր, համոզում է, որ Լեռնահայաստանի գոյամարտի կազմակերպումով միաժամանակ թէ՛ թուրքերուն եւ թէ՛ պոլշեւիկներուն դէմ պայքարելով` Գարեգին Նժդեհը փրկեց Սիւնիքը` ազատամարտով, ինքնապաշտպանութեան մարտերով եւ ինքնավար կառավարութիւն կազմելով:

Սիւնիքի նկատմամբ այսօր տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, Սիւնիքի աշխարհագրական դիրքին ներկայացուցած աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը, Իրանի, Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումներն ու Սիւնիքի ուղղութեամբ առնուած դիւանագիտական քայլերը հիւպատոսարաններու բացումը, կ՛ընդգծեն անոր ժամանակակից եւ հեռանկարային նշանակութիւնը:

Սիւնիքի համար կը մարտնչի այսօր թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը, Զանգեզուրեան միջանցքի ծրագիրի իրականացումով մեծն Թուրան ձեւաւորելու համար:

Նժդեհի գիտակցական պայքարը` Սիւնիքը հայկական պահելու, անշուշտ առաջին հերթին կը բխէր Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան շահերէն: Աւելի խորքային դիտարկում մը շատ արագ կը համոզէ օրուան դէպքերուն իրազեկ դարձողը, որ ըստ էութեան Նժդեհը խափանեց մեծն Թուրանի ծրագիրը, արգելակեց թրքացեղ պետութիւններու միաւորման նախագիծը եւ ատով իսկ տարածաշրջանին մէջ չթոյլատրեց քաղաքակրթութեան փոփոխութիւնը:

Լեռնահայաստանով Նժդեհը դարձաւ համաժողովրդային-համազգային դէմք:

Եւ սխալ է, հիմնովին սխալ, որ նախ Դաշնակցութեան հակառակորդներուն, ապա ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան թշնամի պետութիւններու կողմէ Նժդեհը ներկայացուի ֆաշիստական եւ նացիական կամ ազգայնամոլական գոյներով:

Նժդեհի գրութիւններուն, վերլուծումներուն մէջ չկան տողեր, բաժիններ` ազգի գերակայութեան մասին, բայց անշուշտ կայ ազգային արժէքներուն կառչած մնալու սկզբունքը. չկան հաւատամքներ հայու ցեղը աշխարհի տարբեր ցեղերէն վեր դասելու, բայց, այո՛, կան ցեղի արեան կանչին ընդառաջ ապրելու եւ մաքառելու ընդգծումներ: Չկան այլ ժողովուրդները մերժելու, զանոնք ոչնչացնելու, անհանդուրժող ըլլալու թաքուն եզրեր. բայց, այո՛, կան ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան, անոր հոգեմտաւոր զարգացման եւ ստրուկէն դէպի ազատ մարդու անցումին համար բոլոր անհրաժեշտ ուղիներու մատնանշումներ:

Ու տակաւին, կան ներքին հայկական առումով շահարկումները, Նժդեհի կերպարը Դաշնակցութեան հակադրելու, երբեմն որոշ գրութիւններ ու կատարուած յայտարարութիւններու ճշմարտացիութիւնը առանց հաստատելու կամ պարունակէն դուրս բերելու եւ անհիմն վերագրումներ կատարելու: Նպատակը Նժդեհը Դաշնակցութենէն անջատելն է. երբեմն` հակադրելը նոյնիսկ:

Բոլոր փաստերը, վկայութիւններն ու արխիւները կը վկայեն, որ Նժդեհը Լեռնահայաստան գործուղողը Դաշնակցութիւնն էր, եւ որուն ներկայացուցիչները մնայուն կապի մէջ էին Նժդեհին հետ, հերոսամարտի ղեկավարման ամբողջ ժամանակաշրջանին:

Նժդեհ շատ յստակ գրած է. «Դաշնակցութիւնը մեր կեանքին մէջ ոչ թէ հասարակագիտական սոսկ երեւոյթ է, այլ` ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի բարոյական յեղափոխութիւն: Դաշնակցական եմ. այդ ըսել է այլեւս եսաթափ եղած` կ՛առաջնորդուիմ ներցեղային բարոյականով. իմ կեանքս պիտի ըլլայ ազգախոհ նուիրում եւ անձանձիր ծառայութիւն` իմ ցեղիս, կուսակցութեանս միջոցով»:

Միայն այս տողերը կը լռեցնեն բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն Նժդեհը անջատել Դաշնակցութենէն:

Բայց վերադառնանք Սիւնիքին եւ յիշենք Նժդեհի յորդորը: «Առանց Սիւնիքի ու Արցախի, առանց Հայաստանի աշխարհագրական ուժեղ ողնաշարի` հայրենիք գոյութիւն ունենալ չի կարող. չպահեցինք դրանք, մահն էլ մեզ չի փրկի»:

Հիմա չկայ Արցախը: Մնացած է Սիւնիքը. Նժդեհի փրկած Սիւնիքը, որուն պահպանումէն կախեալ է Հայաստանի Հանրապետութեան իբրեւ գերիշխան պետութիւն գոյութիւնը: Սիւնիքի կռիւը յատկանշուած էր նաեւ հոգեւորական դասի մասնակցութեամբ: Նժդեհ գիտակցած էր, որ հոգեւոր ղեկավարութեան հետ համատեղումն ու համագործակցութիւնը մեր լինելութեան պայքարի կարեւորագոյն պայմաններէն էր:

Նժդեհէն ժառանգ մնացած այս կարեւորագոյն տարածքը հայաստանեան պահելը Նժդեհի համար կեանքի նպատակ էր, որուն կենսագործման համար ան իր բոլոր ուժերու լարումով յաջողեցաւ համախմբել Լեռնահայաստանի ժողովուրդը, կռիւներ մղել թէ՛ թուրքերուն եւ թէ՛ պոլշեւիկներուն դէմ: Յաջողեցաւ` յաղթել, նոյնիսկ խորհրդայնացումէն ետք, որոշ ժամանակի համար ազատ Սիւնիք հռչակել, կառավարել շրջանն ու ժողովուրդը եւ Հայաստանին կցուած պահել աշխարհագրական ողնաշարը մեր հայրենիքին:

Ողնաշարին ձիգ եւ յաղթական մնալուն համար, սակայն, հայութիւնը ամբողջ պէտք ունի` Նժդեհի ոգիով համախմբուող ժողովուրդի, Նժդեհի գաղափարները իրականութիւն դարձնող կառավարութեան եւ պետական համակարգի:

Անոր հետեւեալ մտքերը այսօր մեր առջեւ կը պատկերացնեն հակադիր դիրքերու վրայ գտնուող մէկ կողմէ գաղափարական ու ազգային, միւս կողմէ` գաղափարախօսութեան չհաւատացող եւ ապազգային համակարգեր:

«Զտէ միտքերդ: Չար, ստոր, եսական մտածումները քեզ պիտի մղեն համապատասխան քայլեր առնելու: Արդար, անձնուէր, ասպետական մտածումները, ընդհակառակը, քեզ պիտի դարձնեն հեղինակը ազնիւ գործերու:

«Սորվիր ղեկավարել ուղեղդ: Դժուար չէ, որովհետեւ մարդ իշխանութիւն ունի իր մտածումներուն վրայ: Ամրացիր վսեմ մտածումներուդ մէջ եւ կը տիրես ներքին խաղաղութեան: Որքան հոգեպէս անյաղթ է մարդը, այնքան ուժեղ է ան»:

Այսօր, ցաւօք, իշխանութիւններու բարձրագոյն մակարդակի վրայ գտնուողները չեն զտեր իրենց միտքերը: Չեն ուզեր ղեկավարել իրենց ուղեղը: Պարտուած են հոգեպէս, հետեւաբար ուժեղ չեն: Կը հրաժարին Արցախէն, տեղի կու տան թշնամիի պահանջներուն, պատրաստակամութիւն կը յայտնեն սահմանադրութիւն փոխելու եւ Անկախութեան հռչակագիրի հիմնադրոյթներէն հրաժարելու: Օրինակ չեն առներ միաժամանակ թէ՛ թրքական եւ թէ՛ պոլշեւիկեան բանակներուն դէմ դրած եւ Սիւնիքը ազատ ու անկախ պահած Նժդեհէն: Անոնք անհաղորդ են Նժդեհի ոգիին:

Նժդեհը իր գրութիւններուն մէջ յաճախ անդրադարձած է ու արժեւորած Մամիկոնեաններու տոհմը` իբրեւ մեր ցեղի ազնուագոյն յատկանիշները ամփոփող գաղափարախօսութեան տէր անձնուրացներու հաւաքականութիւն: Նժդեհի բառերով` «Առանց Վարդանի եւ Մամիկոնեաններու` կարելի չէ երբեք, որ Հայաստանը փրկուի: Այս ամրագրած է Հայոց պատմութիւնը, ճշմարտութիւն մը, որ ամենայն վճռակամութեամբ կարելի է կրկնել այսօր»:

Նժդեհը ինք հետեւեցաւ Մամիկոնեաններու գաղափարախօսութեան եւ գործին ու փրկեց Սիւնիքը: Ան կը հաստատէ, որ այսօր եւս նոյն ճշմարտութիւնն է: Փրկելու համար հայրենիքը կը խօսէր իր օրերու մասին, հայրենիքը փրկելու թրքական եւ պոլշեւիկեան վտանգներէն:

Մամիկոնեաններէն եկած այս վարքագիծն էր, որ Տաթեւի վանքի պաշտպանութեան լծեց ինչպէս զինուորները, այնպէս ալ հոգեւորականները, որոնք զէնքով պաշտպանեցին Սիւնիքի վանքերը, որպէսզի թշնամիները չներխուժեն վանքապատկան տարածքները: Հայ մարդը այս օրերուն կ՛ուզէր տեսնել Նժդեհներ, որոնք պիտի յաջողէին պաշտպանել Սուրբ Էջմիածինը:

Իր ակնարկած այսօրը նաեւ կը վերաբերի մե՛ր օրերուն: Միայն մամիկոնեանական գաղափարախօսութիւնն ու հաւատքն են, բայց նաեւ` Վարդանի ու Նժդեհի նման շարժում առաջնորդողները, որոնք կը յաջողին փրկել հայրենիքը իրեն սպառնացող ներքին եւ արտաքին վտանգներէն ու թշնամիներէն:

Չմոռնանք սակայն, որ Մամիկոնեանները գիտակցած էին, որ ռազմական, քաղաքական եւ եկեղեցական միասնականութիւնն էր, որ յաջողեցաւ փրկել հայրենիքը եւ դէմ դնել բոլոր թշնամիներուն: Օրին Արտաշատի ժողովն էր, որ համախմբեց թէ՛ զինուորականը, թէ՛ դիւանագէտը, թէ՛ քաղաքական մարդը եւ թէ՛ եկեղեցականը: Անիկա աշխարհիկ եւ հոգեւորական ղեկավարութեան համատեղումն էր, որ պատմութեան մէջ ճանչցուեցաւ իբրեւ համազգային դիմադրութեան խորհրդանշական երեւոյթ, որ հայու ինքնութեան եւ հաւատքի պաշտպանութեան ծինային յատկութեան վրայ խարսխուած էր: Ահա արտաշատեան այս ուղին էր Նժդեհի շարունակած ուղին, որմէ շեղած ենք այսօր:

Անհաղորդ ենք Արտաշատի ժողովի խորհուրդին: Ընդհակառակը, հակամամիկոնեան եւ հականժդեհական ուժեր գրաւած են պետական դիրքերը, որոնց դիրքորոշումները, յայտարարութիւններն ու գործողութիւնները կը պառակտեն ազգը, կը հեղինակազրկեն բանակը եւ կը հարուածեն եկեղեցին:

Նոր նժդեհականութիւն մը պիտի ձեւաւորուի անպայման` պետութիւնը վերստին ազգայնացնելու, Սիւնիքին տէր կանգնելու, բոլոր տեսակի թշնամիներուն դէմ դնելու, եկեղեցւոյ հետ համերաշխութիւն ստեղծելու, նոր Արտաշատի ժողովի գումարով ամբողջ ազգը համախմբելու եւ հայրենիքը փրկելու համար:

Ահա` Մամիկոնեաններէն մինչեւ նժդեհականութիւն երկարող մեր պատմութեան փիլիսոփայութեան գիծը, որ, հակառակ իր շեղումին, պէտք է վերստին իր վրայ տեղադրէ բոլորիս ուշադրութիւնը:

Յատկանշական է, ու այժմէական խորհուրդներու փոխանցումով կը հնչէ Նժդեհի կտակ թողած գրութիւնը.

«Արաքսի հայկական ափին զինուորներուս կողմէ զարնուած վագրի մորթին, Զաւալ փաշայի դաշոյնը (Նժդեհի միակ պատերազմական աւարը), պարտութիւն չտեսած Սիւնեաց դրօշակը (թող անիկա դրուի կրծքիս վրայ գերեզմանիս մէջ) եւ հին հայկազեան բառարանը` իմ միակ մխիթարիչը»:

Խորհրդանշական այս կտակը Նժդեհի դաւանած արժէքներուն ամփոփումն է: Միաժամանակ պատգամը` ուղղուած մեր ժողովուրդին: Այս արժէքներու խորութեան թափանցած ոեւէ անհատ կամ որեւէ իշխանութիւն չի կրնար Արաքսի միւս ափը հայրենիք չհամարել: Յաղթանակած ըլլալու գաղափարը չի կրնար իր կեանքի ուղեգիրին չվերածել եւ Սիւնիքի յաղթական դրօշակին յաւերժական ծածանումին իր հայեացքը սեւեռած չպահել: Եւ վերջապէս, չի կրնար հրաժարիլ հայ լեզուն իր ցեղին ու ինքնութեան կարեւորագոյն բաղադրիչը ըլլալու սկզբունքէն:

Ահա, ուրեմն, Նժդեհի հաւատամքը: Իր անունը կրող ժողովրդային այս տան ամէն մէկ բնակիչ եւ ամէն մէկ այցելու պարտի ուղիղ նայիլ անոր կիսանդրիին, փորձէ թափանցել անոր դարերու վրայ երկարող ժամանակները եւ կարդալ անոր խրոխտ ու անպարտելի հոգիին մէջ ամրագրուած, հայերէնով քանդակուած իւրաքանչիւր բառն ու տառը:

Նժդեհը մեր ազգի ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ փրկեց Սիւնիքը եւ այդ ճամբով` հայրենիքը: Հիմա իր գաղափարներն են, որոնք կրնան մեզ ազգովին դուրս բերել այսօրուան ճահիճէն, վերստին հաւատալու համար յաղթանակին:

Նժդեհ կը հաւատար հայու ցեղային իւրայատկութիւններուն, որոնք մեր ինքնութիւնը կառուցած էին մեր հոգիի, հայրենիքի, լեզուի, բայց նաեւ ազատութեան եւ անկախութեան վրայ: Հայու ցեղի այդ տեսակն է, որ վերստին ինքզինք պիտի յայտնէ եւ վերակերտէ ազգայինը, ազատատենչն ու ինքնիշխանը:

Նժդեհեան այս խորհուրդներու յուշարարը այլեւս այստեղ է: Ամփոփուած` այս կիսանդրիին մէջ: Եւ այս առումով ողջունելի են` «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի նախաձեռնութիւնը, Լօշխաճեան ընտանիքի ազնուական նուիրատուութիւնը եւ շնորհաւորելի` արուեստագէտ Վարդան Աւեսեանը, որ յաջողած է այս քանդակին մէջ ներառուած հայու ցեղի ամէնէն իւրայատուկ գիծերը փոխանցել Նժդեհի դիմապատկերի ճամբով:

Մենք պէտք է յաջողինք վերստին հրապարակ բերել հայու ցեղի այդ տեսակը, Նժդեհի հաւատացած տեսակը:

Մեր աշխատանքէն կախեալ է այս կիսանդրիի նայուածքին յանդիմանական թէ գոհունակ ըլլալը:

Շահան Գանտահարեանի արտասանուած խօսքը՝ Գարեգին Նժդեհի կիսանդրիի բացման հանդիսութեան:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ըն

25 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակ

30 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքի ջախջախիչ մեծամասնությունը դեմ

Հոկտեմբերի 28-ին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Ար

29 Հոկտեմբեր 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսաստան» և «Արդ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանը, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Սևան Դանիելյա

29 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամ

Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

29 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ ԶՈՄ վարչութեան եւ յարաբերական յանձ

28 հոկտեմբեր, 2026-ին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ յար

29 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Ռազմավարական գործընկերութի

2020-ի Արցախեան պատերազմը պէտք էր անջնջելի դաս մը ըլլար Գանատայի արտաքին քաղաք

28 Հոկտեմբեր 2026
Ընտանեկան բռնության մասին առաջարկվող օ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

28 Հոկտեմբեր 2026
Ճանապա՞րհ, թե՞ միջանցք

Քանի որ Ազգային ժողովում ելույթներին հատկացվող ժամանակը խիստ սահմանափակ է, ստո

27 Հոկտեմբեր 2026
Բաքվի դատավճիռը հերքում է ինքն իրեն. Հ

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարակում է “Justice” According to Azerbaijan

27 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company