Ի Յիշատակ Սումկայթի Զոհերուն` Ցոյց Ատրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ
03 Մարտ 2026
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Շաբաթ, Փետրուար 28-ին, Հ․Ե․Դ․ «Անի» մասնաճիւղը կազմակերպեց բողոքի հաւաք մը, Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ՝ նշելով Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի փոկրոմները:
Երիտասարդները պահանջեցին արդարութիւն՝ 1988-ի ջարդերուն, արցախահայութեան վերադարձն ու հայ գերիներու անմիջական ազատ արձակումը։
Խօսք առնողները շեշտեցին Ատրպէյճանի շարունակական բռնութեան եւ ժխտողականութեան ձեւաչափը՝ հայ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումէն մինչեւ գրաւուած տարածքներ:
Կալի Չաքմաքճեան կատարեց բացումը, անդրադառնալով Իրանի ճգնաժամին եւ Ատրպէյճանի վտանգին։
Արենի Համբարեան փոխանցեց օրուան պատգամը։
Ալեք Թէքեան դատապարտեց Ատրպէյճանի շարունակական բռնութիւնն ու ժխտողականութիւնը: Արփա Շահնազարեան շեշտեց արդարութեան պահանջի անհրաժեշտութիւնը՝ Արցախէն բռնագաղթուածներուն համար:
Թերեզա Երիմեան (Հայ Դատ) կոչ յղեց գործի լծուիլ եւ բողոքել, արդարութիւն պահանջել եւ ըստ այնմ քուէարկել:
Ցուցարարները անգամ մը եւս, պահանջեցին հայ գերիներու ազատ արձակումը, արցախահայութեան վերադարձն ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման աւարտը:
Աւարտին, աղօթեց շրջանի հովիւ՝ արժ․ Տ․ Սարգիս Ա․ քհն․ Ագթաւուգեան:
Մանրամասներու համար այցելել՝ anca.org/action
