Հաղորդագրութիւն Ս.Դ.Հ.Կ. եւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ ղեկավար կառոյցների
17 Մարտ 2026
Հետամուտ ըլլալով միջկուսակցական հաղորդակցութիւնները միշտ բաց պահելու հրամայականին, հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն Աւստրալիոյ կառոյցներուն ղեկավարները իրենց խորհրդակցական հերթական ժողովը գումարեցին Հ.Յ.Դ. Սիտնիի գրասենեակին մէջ՝ Երկուշաբթի, 16 Մարտ 2026-ին: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Քորթեանի եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմինի ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեանի գլխաւորած պատուիրակութիւններու ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին համայնքային, հայաստանեան եւ ազգային հրատապ նիւթեր:
Ժողովականներուն համար առաջնահերթ հանդիսացան Պաքուի մէջ արգելափակուած հայորդիներու հարցն ու Հայաստանի մէջ պետութիւն-եկեղեցի սրած յարաբերութիւնները: Ժողովականները խստիւ դատապարտեցին Ատրպէյճանի մէջ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ այլ հայերու ցուցադրական դատավարութիւնը եւ անկէ բխած կողմնակալ վճիռները, շեշտելով, որ այնտեղ ոչ միայն կը խախտուէին այդ մարդոց անձնական իրաւունքները, այլեւ արդար դատավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու վերաբերող համաշխարհային ուխտերն ու սկզբունքները: Ժողովականները զօրակցեցան արցախահայութեան՝ իր պատմական բնօրրանը վերադառնալու եւ այնտեղ ապահով ու խաղաղ կեանքը շարունակելու իրաւունքին:
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու Աւստրալիոյ ղեկավարներուն համար ցաւոտ նիւթ էր նաեւ Հայաստանի մէջ պետութիւն-եկեղեցի վերջերս սրած լարուածութիւնը, որ դժբախտաբար իր վրայ կը կեդրոնացնէ պետութեան եւ համայն հայութեան ներուժը: Ս.Դ.Հ.Կ. եւ Հ.Յ.Դ.
Աւստրալիոյ ղեկավար կառոյցները պահանջեցին մէկդի դնել կուտակուելով բռնկումի հասած անհամաձայնութիւնները եւ հայուն վայել արժանապատիւ կեցուածքով վերջ տալ փոխադարձ վիրաւորանքներուն, խուսափելու համար ազգակործան նորանոր տարակարծութիւններէ:
Խօսելով համայնքային նորութիւններու մասին, հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները գնահատեցին գաղութային կառոյցներուն հետեւողական գործունէութիւնը, զանազան ոլորտներու մէջ հայորդիներու եւ մանաւանդ երիտասարդութեան յատկացուած ձեռնարկներու կազմակերպումը, ողջունելով յառաջիկային յաւելեալ նախաձեռնութիւններու նախապատրաստութիւնը:
Ժողովը ցաւով անդրադարձաւ համայնքի երէցներէն 85-ամեայ Քրիս Պաղսարեանի առեւանգումի եւ սպանութեան ահաւոր միջադէպին: Տեղի ունեցածը համարելով անարգ ոճիր՝ ժողովը ցաւակցեցաւ զոհի զաւակներուն եւ հարազատներուն, համոզում յայտնելով, որ բոլոր ծալքերը պիտի բացայայտուին եւ յանցագործները ստանան արդար պատիժ:
Նկատի առնելով, որ արդէն մօտեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը, ժողովականները աւստրալահայութեան կոչ ուղղեցին աշխուժօրէն եւ միասնական շարքերով մասնակցելու մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակի ոգեկոչումի միջոցառումներուն, որոնց մասին շուտով պիտի յայտարարուի հրապարակային կոչ-յայտարարութեամբ:
Ժողովը փակուեցաւ յառաջիկային եւս համագործակցութեան համերաշխ ոգին կենդանի պահելով՝ գաղութային համատեղ աշխատանքը շարունակելու մտադրութեամբ:
Ս.Դ.Հ.Կ. Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմին
Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սիտնի, 16 Մարտ 2026
