ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Մտորումներ 2026ի «Սփիւռք» Խորհրդաժողովէն

01 Ապրիլ 2026 ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

«Սփիւռք» խորհրդաժողովը կարեւոր փուլ մըն է: Առաջին խորհրդաժողովն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը կազմակերպուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ եւ յատուկ կերպով կը նուիրուի Սփիւռքի հարցերուն: Այս իրողութիւնը ինքնին բան մը կը յուշէ մեզի. ոչ թէ անտեսում, այլ` այն, թէ որքան սակաւ ենք դիտմամբ կանգ առած` Սփիւռքը քննութեան առնելու իբրեւ կենդանի քաղաքական եւ հասարակական իրողութիւն, որ կ՛արժանանայ կեդրոնացած ուշադրութեան:

Իմ 4 որբ մեծ հայրերս ու մայրերս լաւ հայերէն չէին գիտեր, բայց այդ սերունդը հրաշքներ կերտեց Սփիւռքի մէջ եւ մեզի յանձնեց հայութեան հնամեայ քաղաքակրթութեան ջահը: Այսօր այդ շարունակականութիւնը կը տեսնենք այս սրահին մէջ:

Մեզի հետ են` համալսարանական դասախօսներ Միացեալ Նահանգներէն եւ Արժանթինէն, Գանատայի շրջանը ներկայացնող Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, մեր վարժարաններու ուսուցիչներ եւ կրթական դաշտի նուիրեալներ, Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական դպրոցներու մանկավարժներ, ՀԵԴի խորհրդատուներ, Հայ Դատի տարբեր մասնաճիւղերու անդամներ, միջազգային բանակցութիւններու փորձառու մասնագէտներ, Թեքսասէն մասնակից է զօրավար Դրոյի թոռը. ունինք Արցախի սփիւռքէն քաղաքական գիտութեան ուսանող մը` Այտահօ նահանգէն, ներկայ են նաեւ ոչ կուսակցական մասնագէտ հայ մտաւորականներ` որպէս նշան փորձագիտական կարծիքներ լսելու պատրաստակամութեան` նոյնիսկ տեսակէտներու տարբերութեան պարագային, ինչպէս նաեւ` արհեստագիտութեան մասնագէտներ, բժիշկներ եւ գործարարներ: Այս բազմազանութիւնը հայ Սփիւռքի մարդկային դրամագլուխին գեղեցիկ արտայայտութիւնն է:

Շատեր կրնան հարց տալ. ինչո՞ւ Սփիւռք, երբ Հայաստան կը դիմագրաւէ լուրջ ճգնաժամեր: Մեր պատասխանը պարզ է. Հայաստանի ամրութիւնը եւ Սփիւռքի կենսունակութիւնը փոխկապակցուած են: Սփիւռքի ինքնագիտակցութեան եւ կազմակերպուածութեան հզօրացումը Հայաստանի վերականգնման բաղկացուցիչ մասն է, որովհետեւ մենք մէկ ազգի զաւակներն ենք: Այո՛, ունինք մշակութային տարբերութիւններ, տարբեր բարբառներ, բայց մեր լեզուն մէկ է. կարեւոր է ամբողջը իբրեւ մէկ տեսնելը, բայց միեւնոյն ժամանակ` ուշադիր մնալ այդ նուրբ տարբերութիւններուն նկատմամբ: Եթէ ամբողջութիւնը մէկ է, ապա ոչ ոք պէտք է զայն չարաշահէ` ամբողջ ազգին անունով խօսելու իրաւունքը իրեն վերագրելով: Օր մը գուցէ կարենանք համախոհիլ որոշ նուազագոյն համազգային ըմբռնումներու շուրջ, եթէ քաղաքական կամք գոյութիւն ունենայ: Բայց այսօր դեռ այդ փուլին հասած չենք:

Միեւնոյն ժամանակ պէտք է ընդունիլ նաեւ տարբերութիւնները: Սփիւռքը պետութիւն չէ, այլ` անդրազգային եւ ոչ պետական իրականութեան մէջ հայկական փափուկ ուժի արտայայտութիւն: Ան ունի իր յատուկ օրակարգը եւ շահերը: Ան բազմաշերտ եւ փոփոխուող իրականութիւն է: Ան ո՛չ ստորադաս է, ո՛չ ալ գերադաս` հայկական պետութեան, այլ` մեր հնամեայ ազգի պատմութեան ժամանակակից եւ անդրազգային արտայայտութիւնը:

Ուրեմն, Դաշնակցութիւնը, ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր կուսակցութիւն, եւ միաժամանակ հայկական անդրազգային իրականութեան կազմակերպուած քաղաքական շարժիչ ուժերէն մէկը, պարտաւոր է գիտակցիլ այս նուրբ հաւասարակշռութեան եւ իր պատասխանատուութեան: Սփիւռքն ու Հայաստանը հայ ազգային ծրագիրի փոխլրացնող, սակայն ստիպողականօրէն տարբեր արտայայտութիւններն են:

Այսօր շատեր կը փորձեն Սփիւռքի անունով խօսիլ Հայաստանի հարցերուն շուրջ, կամ` հակառակը: Յաճախ կը գործածուի «համահայկական» եզրը` իբր թէ գոյութիւն ունի մէկ միասնական եւ միաձայն դիրքորոշում: Իրականութիւնը աւելի բարդ է: Թէեւ մենք մէկ ազգ ենք, սակայն պատմութիւնը մեզ ցրուած է աշխարհով մէկ եւ ստեղծած է տարբեր պայմաններ, տարբեր պատասխանատուութիւններ եւ, հետեւաբար, նաեւ` տարբեր օրակարգեր:

Մեր մարտահրաւէրը այդ տարբերութիւնները ժխտելը չէ, այլ զանոնք գիտակցաբար համադրել` ազգային ընդհանուր ուղղութեան մը մէջ:

Ուրեմն, ինչո՞ւ հիմա:

Մենք այստեղ ենք, որովհետեւ մեզ շրջապատող աշխարհը փոխուած է, եւ որովհետեւ մենք ալ փոխուած ենք: Այսօր հայկական համայնքներուն գործելու պայմանները` քաղաքական, հասարակական, մշակութային եւ ժողովրդագրական իմաստով, էականօրէն տարբեր են այն պայմաններէն, որոնք ձեւաւորած էին մեր օրակարգերուն մեծ մասը: Գաղթի հոսանքները, ինքնութեան անընդհատ վերակազմաւորումը, լեզուի պահպանումը, քաղաքական մասնակցութիւնը եւ սերունդներու շարունակականութիւնը` բոլորը փոփոխութեան ենթարկուած են, ստիպուած կը շարունակեն ենթարկուիլ համայն աշխարհի մէջ:

Այնուամենայնիւ, այն մտածելակերպերէն եւ գործելակերպերէն շատերը, որոնց տակաւին կը յենինք, ձեւաւորուած են այլ ժամանակաշրջանի մէջ: Շարունակականութիւնը արժէք ունի, սակայն առանց յարատեւ անդրադարձի եւ քննութեան` կը վերածուի անշարժութեան: Պէտք է նաեւ անկեղծ ըլլանք մենք մեզի հետ: Հաւանաբար մեր սերունդին մեծ մարտահրաւէրներէն մէկը այն եղաւ, որ միշտ չէ, որ կարողացանք մեր կազմակերպական մտածողութիւնն ու գործելակերպը լիովին յարմարեցնել 21րդ դարու պայմաններուն:

Այս խորհրդաժողովը կը սկսի պարզ, բայց հրատապ գիտակցութեամբ մը. պէտք է աւելի գիտակից դառնանք փոփոխութեան եւ ըստ այնմ ուղղենք մեր ընթացքը, եթէ Սփիւռքը պիտի մնայ արդիական, դիմացկուն եւ իմաստաւոր` գալիք տարիներուն:

Ի՞նչ է մեր նպատակը:

Ի տարբերութիւն բազմաթիւ համայնքային հաւաքներու, որոնք յաճախ կեդրոնացած են խորհրդանշական երեւոյթներու վրայ, մեր նպատակը աւելի զուսպ է, բայց նաեւ` աւելի պահանջկոտ: Մենք այստեղ չենք հաւաքուած կարգախօսներ ստեղծելու կամ շօ մը բեմադրելու համար: Մենք այստեղ ենք նախ եւ առաջ մտածելու, հասկնալու եւ հարց տալու, թէ ո՛ւր ենք այսօր, ինչպէ՛ս հասած ենք այս կէտին եւ ի՛նչ իրողութիւններ պէտք է դիմագրաւենք` նախքան որոշելը, թէ ո՛ւր կ՛ուզենք երթալ:

Մենք նաեւ պիտի չձեւացնենք, թէ երկու օրերը բաւարար են տարիներով կուտակուած հարցումներու պատասխան տալու համար: Այս խորհրդաժողովը սկիզբն է երկար ժամանակէ մը ի վեր ուշացած զրոյցի մը: Մեր յոյսն է, որ այս ջանքը պիտի շարունակուի` այլ շրջաններու մէջ նմանատիպ խորհրդաժողովներով, աւելի խոր անդրադարձով եւ ուսումնասիրութեամբ, եւ վերջապէս` յստակ յաջորդ հետեւողական քայլերով: Մեզի համար նոյնքան կարեւոր է, որ այս գործընթացը նպաստէ կուսակցութեան մէջ ձեւաւորելու ցանց մը ընկերներու, որոնք կը հասկնան Սփիւռքը իր բարդութեամբ եւ կը մտահոգուին անոր ապագայով:

Վերջապէս, մեր նպատակը զիրար լսելն է` բաց միտքով եւ առանց նախապայմաններու: Փորձենք դուրս գալ «սեւ-սպիտակ» մտածողութենէն եւ ուշադրութիւն դարձնել գաղափարներու երանգներուն ու նրբութիւններուն` անկախ զանոնք ներկայացնողէն: Հայ քաղաքական միտքը նախ պէտք է համախոհութիւն ձեւաւորէ այն հիմնական հարցերուն շուրջ, որոնք մեզի բոլորիս համար կարեւոր են: Երբ այդ հիմքը, այդ պատումը, այդ narrative գտնենք, պէտք է նաեւ համաձայնինք միասին աշխատելու մեր իսկ ձեւաւորած օրակարգին շուրջ:

Այս խորհրդաժողովը այդ զրոյցին սկիզբն է, փորձ մը` Սփիւռքի օրակարգը ձեւաւորելու եւ յառաջիկայ տարիներուն միասին գործելու կամքը ամրապնդելու համար:

Երկու օրերուն ընթացքին նախ պիտի կատարուին խմբային քննարկումներ հիմնական թեմաներու շուրջ: Այս բանավէճերը անպայման տեղւոյն վրայ եզրակացութիւններ պիտի չպարտադրեն: Մեր յոյսը այն է, թէ այս լուրջ զրոյցներու նպատակը ըլլայ իրականութիւններու, լարուածութիւններու եւ չլուծուած հարցումներու բացայայտումը: Ապա պիտի շարունակենք խմբային քննարկումները, պիտի փորձենք աւելի դժուար քայլ մը կատարել եւ միտքերու համադրութեան սկիզբ մը դնել, այսինքն` փորձել քաղել այն դիտարկումները, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան ուղղութիւն տալ քաղաքական մտածողութեան եւ ռազմավարական կողմնորոշման:

Մեզմէ շատերուն համար այս գործընթացը պիտի պահանջէ գործուն ունկնդրութիւն, ապա մասնակցութիւն` մտածուած, կարճ եւ յստակ հարցումներով: Մեր յոյսն է, որ մասնագէտներու կողմէ ներկայացուած խորքային քննարկումները, ձեր հարցումներուն հետ միացած, պիտի ստեղծեն իրական մտաւոր փոխազդեցութիւն, այլ ոչ թէ` զուգահեռ զրոյցներ:

Կ՛ուզենք, որ բոլորդ ալ գիտակից ըլլաք այն բազմաթիւ թեմաներուն, որոնց պիտի անդրադառնանք` Սփիւռքի պատմութենէն մինչեւ հայկական վարժարաններու մարտահրաւէրները, ինքնութիւն եւ քաղաքական գիտակցութիւն, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ, Հայ դատ, երիտասարդութիւն եւ շարունակականութիւն, Սփիւռքեան ազգակերտութեան նպատակներ եւ այլք: Այս խորհրդաժողովը կը դիտուի որպէս ելակէտ եւ սկիզբ: Ան կոչուած է շարժում տալու մեր մտածողութեան` մեզ մղելու դէպի աւելի համապարփակ հասկացողութիւն` հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յարմարիլ եւ դիմագրաւել մարտահրաւէրները, ոչ թէ` կազմելու անկատարելի «պէտք է»ներու ցանկ մը, ինչպէս յաճախ կը պատահի մեր ազգային կեանքին մէջ:

Կ՛ուզենք նաեւ, որ ուշադիր ըլլաք այս սրահին մէջ ձեր շուրջ դրսեւորուող դաշնակցական քաղաքական մտքի բազմաշերտ ներկայութեան:

Աւելի՛ն, կ՛ուզեմ, որ գիտակցիք, թէ Լոս Անճելըսի հայ համայնքը այսօր Սփիւռքի ամէնէն մեծերէն մէկն է, եթէ ոչ` մեծագոյնը: Ան ունի քանակական հզօրութիւն, բազմազանութիւն եւ կազմակերպական ծաւալ: Այս իրականութիւնը կը պարտադրէ, որ հայ քաղաքական միտքը գիտակցաբար ստանձնէ մտային առաջնորդութեան պատասխանատուութիւնը: Ինչպէս Յարութիւն Քիւրքճեան գրեց իր 1968ի նշանաւոր յօդուածին մէջ` «Երկրորդ Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով», թերեւս այսօր ալ մենք կը գտնուինք նման հաւասարումի մը դիմաց: Բայց այս անգամ մեր պարտականութիւնը ոչ միայն զայն լուծելն է, այլ նաեւ` շարունակ հարցումներ տալը, մինչեւ որ մեր համազգային ըմբռնումները աստիճանաբար պարզուին:

Մենք` հայրենազրկուած մեր նախնիներուն սփիւռքահայ զաւակները, մարդկային մեր դրամագլուխով բնաւ այսքան հզօր չենք եղած, ինչպէս ենք այսօր, մանաւանդ` արեւմտեան Սփիւռքի մէջ: Յառաջիկայ տասնամեակները կրնան դառնալ մեր վերածննդեան տարիները: Սակայն այդ վերածնունդը կը պահանջէ յստակ օրակարգ եւ քաղաքական կամք: Առանց անոնց` մեր ներուժը պիտի չկազմակերպուի եւ չուղղորդուի:

Շնորհակալութիւն` այս պահը լրջօրէն ընդունելու, ձեր ժամանակն ու ուշադրութիւնը յատկացնելու եւ մեզի հետ սկսելու այն, ինչ որ կը յուսանք պիտի ըլլայ մտածուած, ազնիւ եւ կառուցողական ներգրաւում մը հայկական Սփիւռքի ապագային շուրջ:

* Բացման խօսք` ՀՅԴ «Սփիւռք» խորհրդաժողովի, Լոս Անճելըս, 14-15 Մարտ 2026:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ըն

25 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակ

30 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքի ջախջախիչ մեծամասնությունը դեմ

Հոկտեմբերի 28-ին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Ար

29 Հոկտեմբեր 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսաստան» և «Արդ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանը, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Սևան Դանիելյա

29 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամ

Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

29 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ ԶՈՄ վարչութեան եւ յարաբերական յանձ

28 հոկտեմբեր, 2026-ին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ յար

29 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Ռազմավարական գործընկերութի

2020-ի Արցախեան պատերազմը պէտք էր անջնջելի դաս մը ըլլար Գանատայի արտաքին քաղաք

28 Հոկտեմբեր 2026
Ընտանեկան բռնության մասին առաջարկվող օ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

28 Հոկտեմբեր 2026
Ճանապա՞րհ, թե՞ միջանցք

Քանի որ Ազգային ժողովում ելույթներին հատկացվող ժամանակը խիստ սահմանափակ է, ստո

27 Հոկտեմբեր 2026
Բաքվի դատավճիռը հերքում է ինքն իրեն. Հ

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարակում է “Justice” According to Azerbaijan

27 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company