Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ձեռնարկներ Յունաստանի քաղաքներուն մէջ
28 Ապրիլ 2026
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը Գավալայի մէջ
Թրակիոյ հայահոծ շրջանի հայութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով, հրապարակային ոգեկոչական ելոյթի իրագործումով Գավալայի մէջ, Կիրակի, 26 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան։ Ելոյթը կազմակերպուած էր Հայ դատի յանձնախումբի եւ Գավալայի մարզպետարանի գործակցութեամբ։
Քաղաքի «Ափոլոն» հանդիսասրահին մէջ ներկայ եղան խորհրդարանի ներկայացուցիչ երեսփոխան Նիքոս Փանայոթոփուլոս, նաեւ երեսփոխաններ Իոաննիս Փասխալիտիս եւ Ակելիքի Տելիքարի։
Բարձր ներկայութիւն ունեցաւ նաեւ շրջանի մետրոպոլիտ Ստեֆանոս եպիսկոպոսը: Տեղական կառոյցներէն իրենց ներկայութիւնը հաստատեցին փոխմարզպետ Թէոտորոս Մարքոփուլոս, Գավալայի քաղաքապետ Թէոտորս Մուրիատիս, շրջանի զինուորական կարգերու բարձրաստիճան սպաներ, մարզպետական եւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամեր, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հայ գաղութը կը ներկայացնէին հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան, Ազգային վարչութեան անդամ Զապէլ Այվազեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի կեդր. կոմիտէի անդամ ընկ. Կարօ Նատեան, թաղականութիւններու անդամներ եւ Հ.Գ.Խաչի վարչական անդամներ։
Թրակիոյ միացեալ երգչախումբին կողմէ եւ Տ. Դանիէլ քհնյ. հօր ղեկավարութեամբ, հնչեցին հայկական եւ յունական ոգերգները, որոնցմէ ետք օրուան հանդիսավար Խրիսթինա Մատթէւոսեան կատարեց ելոյթի բացումը։ Ան նախապէս ներկայացուց պատմական ժամանակաշրջանի իրադրութիւնը, սկսելով համիտեան ջարդերէն եւ ծանրանալով 1915-ի եղեռնագործութեան վրայ, որուն հետեւանքով կորսուեցան հայութեան պատմական հողերը եւ անոր մշակութային հարստութիւնը։
Խօսողը անդրադարձ կատարեց Արցախի դէմ կատարուած պատերազմին մասին, մատնացոյց ընելով թուրք-ատրպէյճանական յարձակողականութեան երեսը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ մեծ աղէտներ պատճառել տարածաշրջանի ժողովուրդներուն։
Ուղերձներով հանդէս եկան խորհրդարանի ներկայացուցիչը, փոխմարզպետը եւ քաղաքապետը, բոլորն ալ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդին եւ դատապարտելով անոր դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը։ Օրուան գլխաւոր խօսողն էր Կիպրոսէն հրաւիրուած, հայ ժողովուրդի գերազանց բարեկամ ու մշտական զօրակից, բժիշկ եւ երեսփոխան Էլէնի Թէոխարուս, որ կուռ բանախօսութեամբ մը լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Կիպրոսի աղէտը եւ Արցախի ողբերգութիւնը, իբրեւ նոյն ցեղասպանի ձեռակերտները։ Իր խօսքը նիւթ ունենալով «Պատմութեան մէջ վերապրող շիկացած յիշողութիւնը», ան մատնանշեց ոճիրներու անպատժելիութիւնը, հրաւէր կարդալով միջազգային ընտանիքին եւ Թուրքիոյ, առերեսուելու մեծ ոճիրներուն հետ եւ ստանձնելու պատմական պատասխանատուութիւնը։ Յարգելի խօսողին արտայայտութիւնները արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։
Գեղարուեստական յայտագիրի գործադրութեան ընթացքին, ելոյթ ունեցաւ Գավալայի երաժշտական վարժարանի եւրոպական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Քոնսթանտիա Քիփրուի, որ մեկնաբանեց չորս հայկական եւ յունական երգեր, յուզելով ներկայ հասարակութիւնը։ Թրակիոյ շրջանի հայկական երգչախումբը, խմբավարութեամբ Տ. Դանիէլ քահանայ հօր, յաջողապէս մեկնաբանեց «Ատանա» երգը։
Հուսկ, ժողովրդային թափորով եւ քաղաքապետական նուագախումբի առաջնորդութեամբ, ներկաները ուղղուեցան դէպի քաղաքի հերոսներու յուշադամբանը, ուր կատարուեցաւ դափնեպսակներու զետեղում եւ ոգերգներու հնչում։
Նաեւ, բարեխօսական կարգի արարողութիւններ կատարուեցան Գոմոթինիի, Ալեքսանտրուփոլի եւ Քսանթիի հայկական եկեղեցիներէն ներս, ոգեկոչելով յիշատակը Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն: Հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան իր քարոզներուն մէջ յաւերժացուց զոհերուն յիշատակը, միաժամանակ նշելով յիշողութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, որպէս հայութեան պայքարի կարեւոր բաղկացուցիչ:
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը Գալամաթայի մէջ

Գալամաթայի մէջ ապրող հայկական համայնքը, գլխաւորութեամբ տեղւոյն քաղաքապատարանի եւ Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարանին, նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը յարգանքի հրապարակային ելոյթով մը, որ իրագործուեցաւ Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան։
Քաղաքի կեդրոնը գտնուող Ֆրակոլիմնա հրապարակին վրայ, քանի մը տարիներէ ի վեր կանգնած է հայկական խաչքար-յուշարձանը, յաւերժացնելու համար հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութիւնը, փոքրասիական աղէտէն ետք տարագիր հայութեան պատսպարումը Գալամաթայի մէջ եւ մերօրեայ հայկական համայնքի համագոյակցութիւնն ու բարգաւաճումը շրջանէն ներս։
Ոգեկոչական ելոյթին նախագահեց Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, իր կողքին ունենալով Տ. Պարէտ եւ Տ. Նարեկ քահանայ հայրերը, որոնք միասնաբար կատարեցին բարեխօսական կարգը։ Նաեւ յունահայ համայնքին անունով մասնակից դարձաւ ընկ. Թագւոր Յովակիմեան, իսկ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբը կը ներկայացնէր ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան։
Ամէն տարուան նման, յարգանքի ելոյթին իր ներկայութիւնը կը հաստատէ հայ ժողովուրդի բարեկամ Մեսինիայի մետրոպոլիտ Խրիսոսթոմոս, իսկ անոր կողքին գտնուեցան մարզպետական, քաղաքապետական, զինուորական, ոստիկանական եւ հասարակական կարգերու բարձր ներկայացուցիչները։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ կրօնական դասը կատարեցին բարեխօսական կարգի աղօթքները։ Յաջորդաբար, ուղերձներով հանդէս եկան Գալամաթայի քաղաքապետ Աթանասիոս Վասիլոփուլոս, երեսփոխան Միլթոս Խրիսոմալիս եւ փոխնահանգապետ Մարիա Իքոնոմաքու։ Օրուան պատշաճ ուղերձով մը արտայայտուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան։ Իր խօսքի սկիզբին, ան կատարեց հակիրճ պատմական նշումներ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որ աւելի յետոյ առաջնորդեց այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնաջնջման, հասնելով մինչեւ Կիպրոսի ապօրինի գրաւումը եւ Արցախի հայաթափումը։ Խօսողը անդրադարձ կատարեց Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանաչման որոշումին, ամրապնդելով երկու եղբայրակից ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը։ Իր խօսքը ամփոփեց նշելով Գալամաթայի հայութեան ներկայութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը, որուն կենդանի օղակը կը հանդիսանայ հայկական խաչքարի կանգնումը հրապարակին վրայ, ուր ամէն տարի կը կատարուի ոգեկոչում մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին։
Խօսքերու աւարտին, յաջորդեց դափնեպսակներու զետեղում, ապա քաղաքապետարանի փողերախումբը հնչեցուց զոյգ ոգերգները։
Նշենք, թէ գոհաբանական ելոյթէն առաջ, Մեսինիայի մետրոպոլիտը հիւրընկալեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ իր շքախումբը։ Սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, փոխանակուեցան մաղթանքներ, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հայ եւ յոյն պատմական ու կրօնական կապերու առկայութեան, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներու մշակման մասին։
Ազատ օր
