Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը ոգեկոչուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ
28 Ապրիլ 2026
Կիրակի, 19 Ապրիլին, Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի Հայ դատի յանձնախումբը, շրջանի մարզպետարանի համակազմակերպութեամբ, իրագործեց յիշատակի ձեռնարկը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։
Ելոյթը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 11-ին, Թեսաղոնիկէի Սպայից ակումբի հանդիսասրահին մէջ, արժանանալով համայնքային եւ քաղաքական շրջանակներու լայն մասնակցութեան։
Ներկայ եղաւ եւ խօսք ուղղեց փոխնարար Տիմիթրիս Կիուլեքան։ Ներկայ էին նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, քաղաքապետական եւ մարզպետական ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, ինչպէս նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա Վրդ. Մալխասեան, հայ գաղութի միութենական գործօնները եւ մեծ թիւով ժողովուրդ։
Բացման խօսքը արտասանեց ընկ. Կիւլա Պէքթաշեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց օրուան ոգեկոչական ելոյթի նպատակը՝ շեշտելով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի պահպանման, պատմական արդարութեան պահանջի եւ նոր սերունդներուն մէջ ազգային գիտակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։
Այնուհետեւ, քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Քրիս Ղալիլէաս իրենց խօսքերը ուղղեցին ներկաներուն՝ ընդգծելով յիշողութեան, ճանաչման եւ համամարդկային արժէքներու պահպանման նշանակութիւնը։
Օրուան կեդրոնական խօսողն էր դոկտ. Եորղոս Ք. Ֆիլիս, միջազգային յարաբերութիւններու եւ աշխարհաքաղաքական հարցերու մասնագէտ ու համալսարանական դասախօս, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը. պատմութիւնն ու աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնը 20-րդ դարու եւ 21-րդ» խորագիրին՝ ներկայացնելով ոչ միայն պատմական փաստերը, այլեւ անոնց ազդեցութիւնը ժամանակակից միջազգային յարաբերութիւններու վրայ։
Դասախօսութենէն ետք կատարուեցաւ երաժշտական բաժին, մեկնաբանութեամբ Թեսաղոնիկէի երաժշտական միութեան փոքրիկներու երգչախումբին, որ յուզիչ մթնոլորտ ստեղծեց եւ աւելի խորացուց օրուան իմաստը։
Ելոյթի աւարտին, բոլոր ներկաները միասնաբար քայլարշաւ կատարեցին դէպի «Հերոսներու Յուշարձան ΑΣΔΗΜ», ուր քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ ներկայացուցիչները, առ ի յարգանք, դափնեպսակներ զետեղեցին՝ յիշատակելով Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերը, մինչ 3 -րդ զօրաբանակի նուագախումբը հնչեցուց զոյգ ոգերգները։
Ոգեկոչական ելոյթը հանդիսացաւ յիշողութեան եւ վերարժեւորումի կարեւոր պահ մը, միաժամանակ վերահաստատելով հայ ժողովուրդի արդար պահանջները եւ շարունակական պայքարը՝ ի նպաստ պատմական ճշմարտութեան ճանաչման։
Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի ոգեշունչ ոգեկոչումը՝ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին
Ապրիլ 24-ը մեր պատմութեան մէջ կը մնայ որպէս խոր ցաւի, բայց նաեւ՝ ազգային արժանապատուութեան ու վերածնունդի խորհրդանիշ։ Այս տարի, Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, Թեսաղոնիկէի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբի կազմակերպութեամբ, հայ համայնքը կրկին անգամ համախմբուեցաւ՝ արժանավայել կերպով յիշելու մեր նահատակները եւ վերահաստատելու մեր անխախտ հաւատքը արդարութեան նկատմամբ:
Առաւօտեան ժամը 11-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Բարեխօսական կարգ՝ նախագահութեամբ Տ. Եղիա Վրդ. Մալխասեանի։ Եկեղեցին լեցուն էր հաւատաւոր հայորդիներով, որոնց ներկայութիւնը կը վկայէր մեր միասնական ոգին։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ պետական եւ քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնց մասնակցութիւնը կը վերահաստատէր, որ մեր պայքարը միայն յիշողութեան ձգտում չէ, այլ նաեւ ձգտում դէպի արդարութիւն։
Նոյն օրուան երեկոյեան, հայ համայնքը կրկին համախմբուեցաւ Աղիաս Սոֆիաս հրապարակին վրայ, ուր տիրող մթնոլորտը լեցուն էր վճռականութեամբ եւ ազգային հպարտութեամբ։ Սկիզբ առաւ խաղաղ, բայց հզօր բողոքի երթը դէպի թրքական հիւպատոսարան։ Մասնակիցներու քայլերը մէկ ձայնով կը պատգամէին՝ մենք կը յիշենք, կը պահանջենք եւ երբեք չենք լռելու։
Այս օրը եւս մէկ անգամ ապացուցեց, որ հայ ժողովուրդը, ուր ալ գտնուի, կը շարունակէ իր արդար պահանջատիրութիւնը՝ միասնաբար, յիշողութեամբ եւ անսասան հաւատքով։
Ազատ օր



