Արդարութեան Ձայնը` Նիւ Եորքէն
29 Ապրիլ 2026
«Այսօր կը նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը։ Մինչ կը յարգենք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ժամանակակից Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Հայաստանի տարածքներուն վրայ սպաննուած 1.5 միլիոն հայ նահատակներու յիշատակը, պէտք է վճռականօրէն մերժենք պատմութեան կրկնութիւնը։
2020-ին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական ուժերը յարձակեցան Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վրայ։ 2023-ին Ատրպէյճանը բռնի կերպով տեղահանեց աւելի քան 100 հազար հայեր Լեռնային Ղարաբաղէն՝ շարունակելով ցեղասպանական այն արշաւը, որ սկսած էր աւելի քան 100 տարի առաջ։
Այս յիշատակի օրը մենք կը վերահաստատենք հայ ժողովուրդին՝ եւ բոլոր ժողովուրդներուն՝ ազատութեան, ապահովութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը»…։
Ահաւասիկ ամփոփ եւ պատշաճ խօսք մը, որ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զոհրան Մամտանիի գրառումն էր, ընկերային ցանցերու վրայ:
Զարմանալին այն էր, թէ նմանօրինակ կարճ ու կտրուկ եւ խիզախ յայտարարութիւն մը, պէտք էր, որ Երեւանը կատարէր, սակայն 19 Բաղրամեանի աթոռներուն վրայ բազմած ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը, այդ ամենադոյզն ջիղն ու զգացումը չունէին դատելու եւ դիտելու, կամ գիտակցելու եւ ենթագիտակցելու:
Այսպէս, արդարութեան ձայնը հնչեց Երեւանէն հեռո՜ւ, շատ հեռո՜ւ, հազարաւոր մղոններէ եւ ովկիանոսներ անդին՝ Նիւ Եորքէն։
Բոլորովին տարբեր տիպար մըն է Նիւ Եորք քաղաքի 112-րդ քաղաքապետը, որ անցեալ Յունուարին, քուէներու մեծ տարբերութեամբ յաղթական դուրս եկած էր, եւ փոխարինած՝ բազմիցս զեղծարարութիւններ կատարած, միեւնոյն ժամանակ, թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Պաքուի հլու կամակատար Էրիք Ատամսը:
Մամտանի շեշտեց համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ աճող երեւոյթ մը՝ տեղական ղեկավարներու մասնակցութիւնը միջազգային մարդու իրաւունքներու քննարկումներուն։ Նման քաղաքներու մէջ, ինչպիսին է Նիւ Եորքը, ուր սփիւռքեան համայնքները կը ձեւաւորեն քաղաքական կեանքը:
Չբաղդատենք Մամտանիի խօսքը Ուաշինկթընի Սպիտակ Տան վարձակալ Տոնալտ Թրամփի ոչ թէ միայն կիսատ-պռատ, այլ խեղկատակ յայտարարութեան հետ, ուր ամեն գնով կը փորձէր ծածկել ու մոռացութեան մատնել ահաւոր ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ մը: Հոս հարցը Հանրապետական մը, կամ Դեմոկրատական մը գովաբանելու մօտեցումը չէ, այլ շատ աւելի լուրջ է նիւթը:
Հնչեղ են Մամտանիի խօսքերը, մանաւանդ, որ Նիւ Եորքը համաշխարհային քաղաք մըն է, տասնեակ երկիրներէ ժամանած սփիւռքեան վիթխարի բնակչութեամբ, ներառեալ հայ եւ թուրք: Եւ իբրեւ այդ խառնիճաղանչ սփիւռքներու ղեկավարող քաղաքապետ, ան բացայայտեց քաղաքական ինքնութիւն մը, արդարօրէն մուտք գործելով քաղաքականութեան բեմահարթակ եւ մարդու իրաւունքներու նուիրեալ պաշտպանը ըլլալով, ան արծարծեց համաշխարհային հակամարտութիւնները՝ դիտուած արդարութեան, տեղահանութեան եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան պրիսմակէն։
Մամտանիի յայտարարութեան առանձնայատկութիւնը միայն 1915-ի ճանաչումը չէր, այլ անոր յայտարարած ուղղակի կապն ու կամրջումը, աւելի քան հարիւր տարուայ հեռաւորութիւն ունեցող Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն միջեւ։ Արդարեւ, Մամտանին յստակօրէն եւ առանց բառերը ծամծմելու պնդեց, որ 2023-ին, արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը ցեղային հալածանք մըն է, որ կարելի չէ ընդունիլ։ Այս մօտեցումն ու վերլուծումը քաղաքականօրէն նշանակալից է եւ ունի իր խոր իմաստը։ Մինչ շատ մը ղեկավարներ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը յիշատակեն միայն ու միայն պատմական սահմաններու մէջ, քիչեր են, որոնք զայն բացայայտ կերպով կը կապեն ընթացիկ հակամարտութիւններուն հետ։ Մամտանիի դիրքորոշումը կ՛արտացոլէ մարդասիրական իրաւունքներու վրայ հիմնուած մօտեցումը՝ արդարօրէն մեկնաբանելով պատմութիւնը որպէս լուրջ զգուշացում, եւ ոչ թէ փակուած էջ։
Իր պատգամին մէջ ան շեշտեց յիշատակի եւ բարոյական պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը՝ կոչ ընելով, որ միջազգային համայնքը պէտք է ահազանգի ենթարկուի, որպէսզի նման ոճիրներ այլեւս չկրկնուին։ Ըստ հաղորդումներու, ան ցեղասպանութիւնը ներկայացուց ոչ միայն իբրեւ պատմական ողբերգութիւն, այլ նաեւ իբրեւ շարունակական բարոյական դաս՝ արդի համաշխարհային քաղաքականութեան կեանքին մէջ։
Բնականաբար, այս դիրքորոշումը բուռն արձագանգ գտաւ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ, ուր արդէն գործի լծուած են քարոզչական մեքենաները։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը բացայայտ կերպով կապելով Արցախի իրադարձութիւններուն՝ Մամտանին նոր էջ մը բացաւ քաղաքական եւ քաղաքապետական աշխարհի բարձր ընտրանիի մտածողութեան մէջ՝ դուրս գալով նեղ ակադեմական շրջանակներէն եւ մտնելով իրական քաղաքական պայքարի դաշտ։ Ան բարձրացուց պահանջատիրութեան, արդարութեան եւ հատուցման հարցերը՝ զանոնք վերածելով ոչ միայն պատմական յիշողութեան, այլ նաեւ արդիական քաղաքական օրակարգի․․․եւ այդ ալ մօտակայ Հատսըն գետի վրայ զետեղուած Ազատութեան արձանի հովանիին տակ։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
