Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչումներ` ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութեամբ
30 Ապրիլ 2026
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման հսկում:
Ձեռնարկը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն, Մուսա Լերան անկոտրում կամքին եւ պայքարի նոր թափ տալու անհրաժեշտութեան:
Օրուան պատգամը յղեց Սամիկ Կարապետեան: Ան խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան եւ զայն լոկ իբրեւ ցաւ չկրելու, այլ յիշատակը վերածելու կենդանի զօրութեան, որ պէտք է աճի ու զօրանայ մեզի հետ` համապատասխանելով մերօրեայ մարտահրաւէրներուն: Նշելով, որ ժամանակի թաւալումով Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեւերը փոխուած են, նաեւ` պահանջատիրութեան ոճը, ան շեշտեց. «Այսօր, 2026 թուականին, մենք կանգնած ենք նոր, թերեւս աւելի վտանգաւոր ու նենգ ճակատի մը դիմաց. պայքար` ապազգային ուժերուն դէմ»:
Բանախօսը թուեց այսօրուան ապազգային ուժերը. «Անոնք միայն արտաքին թշնամիները չեն: Անոնք են, որոնք մեզի ներսէն կը քարոզեն «մոռնալ անցեալը` յանուն ապագայի»: Անոնք են, որոնք կը փորձեն մեզ համոզել, թէ մեր պահանջատիրութիւնը անիմաստ յամառութիւն է, թէ պէտք է հաշտուիլ կատարուած իրողութիւններուն հետ: Այս ուժերը կը գործեն «յառաջդիմութեան» կամ «կեղծ խաղաղութեան» դիմակներու տակ, բայց իրականութեան մէջ անոնք կը ծառայեն նոյն ոճրագործին նպատակին` մեզ չյիշող, անդիմագիծ ու հեշտ կառավարելի զանգուած դարձնելուն»:
Առ այդ, ան հրամայական նկատեց գիտակցիլ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը լոկ պատմական դժբախտութիւն մը չէ, այլ մեր ներքին կազմաւորման, մեր փորձառութեան եւ ազգային իմաստութեան հանքն է, որմէ հեռանալ` կը նշանակէ հեռանալ մեր ինքնութեան հիմքերէն: Ան շեշտեց, որ պէտք է իբրեւ անհատ եւ հաւաքականութիւն` ամրապնդուինք ազգային արժէքներով եւ գաղափարաբանութեամբ, պէտք է մերժենք փչող հոսանքներուն ենթարկուիլ, այլ` մնալ հաստատ ու անսասան:
Ապազգայնութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ Ս. Կարապետեան կարեւոր նկատեց կառչածութիւնը հայոց լեզուին, մշակոյթին, ազգային արժէքներուն. «Մեր դպրոցները միայն գիտելիք ջամբելու վայրեր չեն, անոնք հայու հոգին կերտող դարբնոցներ են: Մշակոյթը այն վահանն է, որուն վրայ պիտի փշրուին օտարացման բոլոր քամիները: Երբ հայ երեխան կը սորվի իր լեզուն, երբ հայ երիտասարդը կը պարէ իր աւանդական պարը, ան այդ պահուն պայքար կը մղէ ապազգային բոլոր ուժերուն դէմ: Մեր գոյութիւնը այս հողին վրայ ինքնին դիմադրութեան արարք մըն է», շեշտեց ան:
Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ իբրեւ լիբանանահայութիւն մեր միասնականութեան եւ այս երկրին հաւատարիմ մնալու կարեւորութեան. «Մենք` լիբանանահայերս, տէրն ենք մեր ուխտին: Մենք պարտական ենք այս հողին եւ մեր նահատակներուն` շարունակելու այդ նոյն անզիջող ոգին»: Յիշելով Լիզպոնի հերոս տղաքն ու անոնց սխրագործութիւնը` Կարապետեան այսօր երիտասարդութեան, յատկապէս` ԼԵՄ-ականին, մեծագոյն պարտականութիւնը նկատեց ըլլալ Լիզպոնի տղոց ժառանգորդը` թերեւս ո՛չ անպայման նոյն ձեւով, այլ` նոյն անզիջող ոգիով:
Իր խօսքի եզրափակիչ մասով ան հաստատեց, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը. «Մեր պայքարը չի կրնար անյոյս մնալ, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը մէկ մարդու պէս կը մտածէ: Մենք մէկ ենք միլիոններու պէս, եւ միլիոններ ենք մէկի պէս: Այս պայքարը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ թուրքը չէ ճանչցած իր ոճիրը եւ հատուցում չէ կատարած մեր բազմաչարչար ժողովուրդին:
«Այնճարը միշտ եղած է ու պիտի մնայ ազգային ամրոց: Հոս ապազգային ուժերը տեղ չունին: Մենք պիտի շարունակենք մեր երթը` զինուած մեր մշակոյթով, մեր լեզուով եւ մեր աննկուն կամքով»:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Այնճարի գործող վարժարաններուն եւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան:
Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ ջահերթ` դէպի Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակաց յուշահամալիր, ուր տեղի ունեցաւ բարեխօսութեան կարգ եւ ծաղկեպսակի զետեղում:
***
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան ՀՅԴ «Ս. Աղբիւր» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, ապա` ջահերթ:
Աւարտին ԼԵՄ-ականները այրեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դրօշները: Ջահերթը աւարտեցաւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»-ի երգեցողութեամբ:



