Մաքրոնի Մաքառումները
07 Մայիս 2026
«Ոչ ոք կրնայ բոլորին անունով ինքնագլուխ գործել, եւ ոչ ոք կրնայ ընդունիլ կանոններէ զուրկ հասարակութեան անիշխանութիւնը»:
Ժագ Շիրաք (Ֆրանսայի նախագահ, 1932-2019)։
Եւրոպական տողանցք մըն էր քաղաքական համայնքի Վեհաժողովը, որ տեղի ունեցաւ․․․Երեւանի մէջ, տեղւոյն խորհրդարանական ընտրութիւններէն գրեթէ ամիս մը առաջ, Մայիս 4-ին, մասնակցութեամբ մօտաւորապէս յիսուն երկիրներու, ուր յատկապէս յատկանշական էր հիւրաբար հրաւիրուած Գանատայի վարչապետ` Մարք Քարնիի ներկայութիւնը, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութըի (Նետերլանտներ) եւ Ուքրայինայի նախագահ՝ Վոլոտիմիր Զելենսքիի կողքին։
Այս վերջին երկուքին ներկայութիւնը բնականաբար անհանգստացուց Մոսկուան, մանաւանդ երբ Զելենսքի, առիթէն օգտուելով, գործի լծուեցաւ` յանդգնօրէն հակառուսական քարոզչական արտայայտութիւններ ունենալով․ բան մը, որ սպասելի էր։
Հակառակ պաշտօնապէս հրաւիրուած ըլլալուն, Երեւան չէր ժամանած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը։ Փոխարէն, փոխնախագահ Ճեւտէթ Եըլմազը գործուղուած էր:
Բացականեր կային, որոնց կարեւորագոյնը՝ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցն էր, որ տեղեկացուց, թէ ծանրաբեռնուած է առօրեայ աշխատանքով։ Իսկ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեսակապով իր մասնակցութիւնը բերաւ, միեւնոյն յանկերգով, թէ Արցախը կը պատկանի Ատրպէյճանին եւ, թէ կատարուածը՝ Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն գործադրութիւնն է։
Սպասելին պատահեցաւ, այսինքն փրոթոքոլային հանդիպումներ, որոնց կ՛ընկերանային առատօրէն ոսպնեակի ետին առնուած յիշատակի լուսանկարներ եւ «սելֆի»-ներ։ Դեռ աւելին, յիշատակելի էին Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի մաքառումները։ Թիկնապահներուն հետ կատարելով իր օրական մարզանքը՝ «ճոկինկ»-ը, ան յաւելեալ տպաւորութիւն ուզեց ձգել եւ դեռ աւելի’ն` տարօրինակ արտայայտութիւններով, կատարեց իր իսկ ընտրարշաւը, տեղեկացնելով, թէ թաւշեայ յեղափոխութենէն առաջ նման Հայաստան գոյութիւն չունէր։
Մինչդեռ, Մայիս 2018-էն առաջ իսկ, Ժագ Շիրաք, Նիքոլա Սարքոզի, Ֆրանսուա Հոլանտ պաշտօնական այցելութիւններ կատարած էին Երեւան եւ պատշաճ կերպով ալ, այցելած եւ յարգանքի տուրք մատուցած՝ Ծիծեռնակաբերդ։ Դեռ պատմութեան անցեալի էջերը թերթատելով, չմոռնանք յիշատակել հայամէտ ֆրանսացիներու երկար ցանկը, հասնելով մինչեւ Ժան Ժօրէս, Անաթոլ Ֆրանս կամ գրական աշխարհի հանրածանօթ դէմքերէն՝ Փիեռ Քիար եւ Վիքթոր Հիւկօ։
Գեղարուեստական յայտագիրն ալ անպակաս էր։ Ֆրանսայի դաշնակահար նախագահը, ընկերակցութեամբ Հայաստանի թմբկահար վարչապետին, ի յիշատակ Ազնաւուրին «Լա Պոհեմ»-ն ալ ներկայացուցին, տարբեր կշռոյթով, գլխապտոյտ պատճառելով եւ աւելի շշմեցնելով «թափառաշրջիկ» հայորդին։
Հոս պէտք է ընդգծել, թէ այս վեհաժողովը, իմա՝ միջազգային դիւանագիտութիւնը ափ աշքարա կատարեց ներքաղաքական շահագործումներ, առաջին հերթին խաթարելով այսպիսի նախաձեռնութիւններու վստահելիութիւնը, եւ ապա առիթ տալով «ազգընտիր» վարչապետին եւ իր ուսապառկերուն, որպէսզի այս հարթակը ամրապնդեն իրենց քաղաքական ուղեգիծը (անշուշտ, եթէ այդպիսի լուրջ թղթածրար գոյութիւն ունի)։
Նաեւ այս վեհաժողովը, յստակօրէն շեշտադրեց դէպի Եւրոպա արեւելումը, յաւելեալ խորացնելով Ռուսաստանէն հեռացումն ու տարածաշրջանային լարուածութիւնը, մանաւանդ երբ նկատենք Զելենսքիի ներկայութիւնն ու յայտարարութիւնները։ Հոս տեղին է ընդգծել, թէ կովկասեան բարձրաւանդակը ցայսօր պայթուցիկ եւ փխրուն տարածաշրջան մըն է, եւ նման կացութիւններ կրնան աւելի սրել իրավիճակը՝ փոխանակ նպաստելու կայունութեան։
Բաւական մը արծարծուեցան համաշխարհային խնդիրներ՝ Ուքրայինայի պատերազմ, Եւրոպայի անվտանգութիւն եւ բնականաբար մեծ տէրութիւններու մրցակցութիւն։ Յստակ է, թէ մեր հայրենիքը կրնայ վերածուիլ պարզ բեմի մը, ուր այլոց շահերն են առաջնահերթութիւնը։
Ամէնէն աւելի մտահոգիչն ու ահազանգայինը՝ Արցախի եւ արցախահայութեան մոռացումն էր։ Չկատարուեցաւ, ո՛չ մէկ յիշատակում կամ նշում՝ տեղահանուածներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, յուշարձաններու հետեւողական քանդումին կամ տագնապի լուծման առնչութեամբ։ Քանի մը հպանցիկ յայտարարութիւններ կատարուեցան Պաքուի բանտարկեալներուն մասին, որոնք կարելի է նկատի ունենալ իբրեւ ցուցադրական երեւոյթ։
Փոխարէն, մղոններ հեռու, Եւրոպայի սիրտին՝ Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ, հազիւ քանի մը օր առաջ, Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը մասնակցեցաւ Արցախի հարցին նուիրուած խորհրդաժողովի մը, ուր տեղացի պատգամաւորներու ներկայութեամբ շեշտուեցաւ, թէ Արցախի հարցը փակուած չէ եւ զայն կարելի չէ ջնջել միջազգային օրակարգէն, այքան ատեն, որ արցախցիները չեն վերադարձած իրենց բնօրրանը եւ հիմնահարցը չէ ստացած միջազգային իրաւունքի արդար օրէնքներու վրայ հիմնուած լուծում։
Եզրակացնելու համար, Հ․Հ․ ընտրութիւններու նախօրեակին, այս վեհաժողովը լայնօրէն ընկալուեցաւ իբրեւ քաղաքական աջակցութիւն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
